«Գէորգ Արծրունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 4.
Մկրտութեան անունւ՝ Մարտիրոս, ծանծ է [[Երզնկա]], զաւակն է Տ. Գէորգ քահանայի, որ վանահայրն էր Ս. Գէորգ մենաստանին, վեևջինս [[Պոլիս]] գալով՝ Գարթալի մէջ վախճանած է։
 
Մարտիրոս, [[Մանկութեան Օրեր (Միքայէլ Նալբանդեան)|մանկութեան]] տարիներուն, վանքին ուլերը կ՛արածէ, իսկ ձմեռները «Պնակ» ու «Քերական» կը կարդայ։ [[15]] տարեկանին [[Պոլիս]] կու գայ եւ Օրթա գիւղի վարժարանին մէջ կը ստանայ իր դաստիարակութիւնը՝ [[Փէշտիմալճեան Գրիգոր]]էն եւ ձայնաւոր սարկաւագ Պետորս վարժապետներէն։ Ուսումը աւարտելէն ետք՝ դպրոցին Միւթէվէլլի Մանանեան Յակոբ Ամիրայի տղոցը անձնական դասեր տալով մէկտեղ, 9 տարիի չափ ուսուցչութիւն կ՛ընէ (անձնական դասեր տալով տուներէ ներս)։ Ապա Մուլշայաճեան Աբրահամի քով կը նշանակուի՝ գրագիր եւ վերջապէս [[Խասգիւղ]]ի վարժարանին վարժապետ կը կարգուի՝ մանաւոր [[Կոնդակ (արեւմտահայերէն)|կոնդակկոնդակով]]ով մը, որ ղրկուած էր Միւթէվէլլի Միսաքեան ամբրայի։
 
Մարտիրոս [[3]] տարի Խասգիւղի վարժարանին ներս ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ, այս միջոցին՝ [[1831]] թուականին, [[Եկեղեցի]]ն կը նորոգուի ու կ՛ընդարձակուի, զոր օծումը կը կատարէ Կարապետ Պատրիարք։
Տող 20.
Այս ընթացքին, «Հոգեւոր Ժողով»ի անդամ կ՛ընտրուի եւ աւելի ետքը «Կրօնական Ժողով»ի անդամ. իր վերջին պաշտօնը կ՛ըլլայ, Յարութիւն Պատրիարքի օրով, «Աւագերիցանց Յանձնաժողովոյն» ատենապետութիւնը։
 
Արծրունի Շահնազարեան Կարապետ վրդ.-ի մտերիմը եղած է եւ Ներսէս Վարժապետեանին վարդապետ ձեռնադրուելու խորհուրդ տուած է։ Իր բոլոր ժամանակակից եկեղեցականներէն եւ նոյնիսկ [[Բողոքական համայնք (արեւմտահայերէն)|Բողոքական]] միսիոնարներէն միշտ յարգուած է եւ իր տունը ժամադրավայր մը եղած՝ բոլոր մեծ անձնաւորութիւններուն, որոնք աշխարհի չորս կողմէն կու գային [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ անպատճառ Խասգեղ երթալով կ՛այցելէին հարիւրամեայ ծերունիին։ Գոհունակութեան կոնդակներ ստացած է [[Մատթէոս]], [[Սիս (արեւմտահայերէն)|ՍիսՍիսի]]ի Կիրակոս եւ Գէորգ Կաթողիկոսներէն։ Իր միակ մանչ զաւակին կատարեալ կրթութիւն տուած է եւ երբ հէգ Տոքթ. Միհրան Արծրունի բժշկութեան վկայականը առած Բարիզէն կը վերադառնար, ահա տարաբաղդ հօր յոյսերը կը մեռնին. մահը կանխահաս կերպով կը խլէր զայն իր եւ ընտանիքին ձեռէքն։ Ինք սակայն, իբր կատարեալ հաւատացեալ, կը հաւատար ան[[Մահ (արեւմտահայերէն)|մահմահութեան]]ութեան եւ անդադար կ՛օրհնէր կամքն «Յաւիտենականին Աստուծոյ»։
 
Արծրունի բացի ընտիր [[հայերէն]]էն, գիտէր նաեւ բաւական [[ֆրանսերէն]] եւ [[իտալերէն]]։ Ունէր անտիպ կրօնական եւ բարոյագիտական գրութիւններ, որոնց մէջ արտայայտած է՝ իր հակառակ ոգին, Լատին կղերին դէմ։ Այդ ձեռագրերը [[1896]] թուականին Խասգիւղի մէջ կողոպտուած եւ ջնջուած են։