«Օսմանեան Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ →Օսմանցի Թուրքերը եւ Օսմանեան Կայսրութեան Ստեղծումը: clean up, replaced: և → եւ using AWB |
No edit summary |
||
Տող 5.
Օժանդակած ըլլալով սելճուքներու սուլթանին, կռուի մը ընթացքին, զոր ան կը մղէր մոնկոլներու դէմ, օսմանցի թուրքերու պետը՝ [[Էրթողրուլ]] (չշփոթել ԺԱ. դարու սելճուք թուրքերուն պետին հետ), արտօնութիւն ստացաւ իր ցեղախուբով հաստատուելու ներկայ Էսկի Շէհիրի շրջանին մէջ։
Օսմանցի թուրքերը, որոնք իրենց կորովով, կարգապահութեան ոգիով, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական որոշ յատկութիւններով ամէնէն նշանաւորը հանդիսացան թուրանական ժողովուրդներուն, երկու դարու ընթացքին պիտի յաջողէին հաստատել մեծ կայսրութիւն մը։ Անշուշտ շնորհիւ նաեւ բացառիկ պայմաններուն, որ մեծապէս նպաստեցին իրենց։ ԺԳ. դարու վերջը սելճուք թուրքերու կայսրութիւնը, որ կ'իշխէր ամբողջ Փոքր Ասիոյ, քայքայուեցաւ եւ վերածուեցաւ թուրանական փոքր պետութիւններու, ինչ որ
Էրթողրուլի յաջորդող իր որդին՝ Ղազի Օսման Ա., օգտուելով [[Բիւզանդիոն]]ի տկարութենէն, ԺԴ. դարու
Իր յաջորդը՝ Օրխան Ա. գրաւեց Պրուսան, որ դարձաւ օսմանցի թուրքերու մայրաքաղաքը, յետոյ Նիկիան եւ Նիկոմիտիան։ Այսպէսով ԺԳ. դարու կեսերուն Բիւզանդիոն կորսնցուցած էր Փոքր Ասիոյ իր վերջին հողամասերն ալ։ Բայց օսմանցի թուրքերու պետութիւնը կը մնար փոքր պետութիւն մը, որ իր մէջ կ'
== Օսմանցի Թուրքերը եւ Օսմանեան Կայսրութեան Ստեղծումը ==
Փոքր Ասիոյ մնացած մասը կը գտնուէր այլ փոքր պետութեանց ձեռքը, որոնց պետերն էին սելճուք անկախ էմիրներ:
[[Յոյներ]]ու անգիտակից վերաբերումը, ինչպէս նաեւ [[Ճենովա]]յի եւ [[Վենետիկ]]ի միայն առեւտրական եւ կարճատես քաղաքականութիւնն էր, որ պատրաստեց օսմանցիներու տարածման ճամբան: ներքին կռիւներով պառակտուած եւ [[Պալքանեան]] սլաւ ժողովուրդներու հետ կռուի բռնուած Բիւզանդիոնը իրեն օգնութեան կանչեց օսմանցի թուրքերը, որոնք Եւրոպա ոտք դնելէ ետք գրաւեցին Կալիպոլիի թերակղզին եւ իրենց պահեցին:
Մուրատ Ա.ի եւ Պայազիտ Ա.ի որով (ԺԴ. Դարու վերջը) օսմանցի թուրքերը գրաւեցին Էտիրնէն, յոյներու դէմ մղուած կռիւէ մը ետք, եւ հոն փոխադրեցին իրենց մայրաքաղաքը: Այնուհետեւ անջատաբար ճզմեցին Պալքաններու սլաւ ժողովուրդները (
ԺԵ. դարու
Մոհամէտ Ա. Եւ Մուրատ Բ., Պայազիտի յաջորդները, շատ չանցած կրցան վերահաստատել օսմաեան պետութիւնը եւ շարունակել անոր տարածումը: Մուրատ Բ., Պոլիսը գրաւելու ապարդիւն փորձէ մը ետք, հունգարացիները ջախջախեց վառնայի մէջ (1444), ապա գրաւեց Պոսնիան:Այսուհանդերձ Ալպանիոյ մէջ օսմանցի թուրքերը բախեցան լեռնային այս ժողովուրդի սքանչելի մէկ դիմադրութեան, ղեկավարուած իրենց ազգային մեծ հերոսին՝ Սքանտէր պէկի կողմէ: Ան մեծցած էր սուլթան Մուրատ Բ.ի պալատին մէջ, իսլամական կրօնքով: իր երկիրը դառնալով՝ան վերադարձաւ իր հայրերու կրօնքին, անցաւ իր ժողովուրդին գլուխը եւ կրցաւ դէմ դնել թրքական ուժերուն: Օսմանցիները անոր մահէն ետք միայն յաջողեցան տիրել Ալպանիոյ, 1467-ին:
Մուրատ Բ.ի որին եւ յաջորդը Մոհամէտ Բ. Ուզեց աւարտել իր նախորդներուն սկսած գործը՝ գրաւելով Պոլիսը: 1453 Մայիս 29-ին, 200.000 հոգինոց բանակով մը եւ երկու ամիս տեւող յիշատակելի պաշարումէ մը ետք ան գրաւեց Պոլիսը: Բիւզանդական փոքր բանակը, լքուած իրենց ճակատագրին, հերոսական դիմադրութիւն մը ցոյց տուին, փրկելով գէթ իրենց պատիւը:
|