«Մեծ Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 7.
 
== Պահքին Նպատակը ==
''[[Պահք|Հիմնական Յօդուած՝յօդուած՝ [[Պահք]]''
 
Մեծ պահքը հայ եկեղեցւոյ մէջ սննդականոնային կամ առողջապահական մտահոգութիւններով չէ հաստատուած: Անիկա  հաստատուած է Քրիստոսի օրինակին հետեւողութեամբ, երբ Ան իր քարոզչութիւնը սկսելէ առաջ, քառասուն օրեր շարունակ մեկուսացած է անապատին մէջ, ինքզինք կերակուրէ զրկած եւ աղօթքով ապրած՝ հոգեպէս զօրանալու համար: Ուրեմն, Քրիստոսի հետեւողութեամբ, հարկ է գիտնալ եւ գիտակցիլ, որ պահքը ամէնէն առաջ հոգեւոր վերանորոգութեան իւրայատուկ առիթ մըն է, որ անպայման հոգեւոր կեանքը ազնուացնելու պէտք է ծառայէ<ref>[https://archive.aztagdaily.com/archives/4396 Մեծ Պահքին Նպատակը]</ref>:
Տող 16.
 
Պահեցողութիւնը մարդ արարածի հոգիին եւ հոգեկան առողջութեան կը նպաստէ։ Եթէ ինքնազրկումը չխախտի եւ հաւատացեալը դիմանայ ըստ պատշաճի պահելու պահքը՝ իր կամքին զօրացման համար մարզանք ըրած եւ օգուտ բերած կ'ըլլայ։
 
Պահեցողութիւնը ամբողջական դարձ է առ Աստուած, այսինքն կը նշանակէ հրաժարիլ ամէն տեսակի գայթակղեցուցիչ եւ հոգին աղարտող սովորութիւններէն եւ հետամուտ ըլլալ բարեգործութեան: Պահքը, Քրիստոսի հասկացողութեամբ, արտաքին երեւոյթով լոկ իմանալի եւ պահելիք բան չէ, այլ` ներքին, հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն: Պահեցողութիւնը մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան: Յովհաննէս Մանդակունի հայրապետ կը բնորոշէ պահքի հասկացողութիւնը քրիստոնէական ըմբռնման մէջ.
{{քաղուածք|Խիստ պահեցողութիւնը, երկաթէ ջիղերու նման, կը պահպանէ վարք ու կենցաղի առաքինութիւնները եւ հաւատքի ամրութիւնը, որովհետեւ ան աննուաճելի աշտարակ է թշնամիին դէմ եւ ամուր պարիսպ` սատանային նետերուն դիմաց:|}}
Տող 25 ⟶ 26՝
[[Պատկեր:Lens culinaris seeds.jpg|200px|մինի|աջից|Ոսպ]]
===== Մեծ պահքը ունի Եօթ յիշարժան Կիրակիներ =====
[[Մեծ Պահքի Կիրակիներ|''Հիմնական Յօդուած՝յօդուած՝ [[Մեծ Պահքի Կիրակիներ]]'']]
 
Բուն Բարեկենդան, Արտաքսման Կիրակի, Անառակ Որդիի Կիրակի, Անիրաւ Տնտեսի Կիրակի, Անիրաւ Դատաւորի Կիրակի, Գալստեան Կիրակի, Ծաղկազարդ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մեծ_Պահք» էջէն