«Արկադի Ղուկասեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
#ձայնային_ֆայլեր, փոխարինվեց: → (6) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 32.
 
== Կենսագրութիւն ==
Արկադի Ղուկասեան ծնած է [[22 Յունիս]] [[1957 թուական|1957]]-ին, [[Ստեփանակերտ (արեւմտահայերէն)|Ստեփանակերտ]]: [[1974]]-ին աւարտած է Ստեփանակերտի թիւ 8 Միջնակարգ դպրոցը, [[1979]]-ին` Երեւանի պետական համալսարանի ռուսերէնի եւ գրականութեան հիմնարկը:
Աշխատանքային գործունէութիւնը սկսած է [[1980]]-ին «Սովետական Ղարաբաղ» թերթին մէջ` սկիզբը որպէս թղթակից, իսկ [[1981]]-էն` գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ: [[1988]]-էն ղարաբաղեան շարժման գործօն մասնակից է: [[1992]]-ին Արկադի Ղուկասեան ընտրուած է [[Լեռնային Ղարաբաղ]]ի Հանրապետութեան առաջին գումարման խորհրդարանի պատգամաւոր: Սեպտեմբեր [[1992]]-ին Արկադի Ղուկասեանը կը նշանակուի Լ.Ղ.Հ. Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէի (Պ.Պ.Կ.) նախագահի քաղաքական հարցերով խորհրդական: Միաժամանակ ան կը կատարէ [[Մինսկ|Մինսքի]] խումբի հովանիին ներքոյ Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութեան ղեկավարի գործունէութիւնները:
 
Յուլիս [[1993]]-ին [[Լ.Ղ.Հ.]]-ի մէջ կը ստեղծուի արտաքին գործերու նախարարութիւն, եւ այդ գերատեսչութեան առաջին ղեկավար կը նշանակվուի Արկադի Ղուկասեանը: Անոր` Լ.Ղ.Հ. Ա.Գ.Ն. ղեկավար աշխատելու ժամանակ, ղարաբաղեան դիւանագիտութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ հասած է Լ.Ղ.Հ.-ի համար լուրջ դրական արդիւնքներու:
Յատկապէս նշանակալի է Ղուկասեանի ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղի` որպէս հակամարտութեան կողմի, փաստացի միջազգային ճանաչման գործին մէջ: Սեպտեմբեր [[1997]]-ին տեղի ունեցած Լ.Ղ.Հ. արտահերթ նախագահական ընտրութիւններուն Ղուկասեան ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ կ'ընտրուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ: [[11 Օգոստոս]] [[2002]]-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն ան վերընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ:
 
Արկադի Ղուկասեան շարք մը միջազգային ակադեմիաներու, մասնաւորապէս՝ Անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ իրաւապահպանութեան հարցերով ակադեմիայի, Միջազգային յարաբերութիւններու գիտութիւններու ակադեմիայի, Բնութեան եւ հասարակութեան մասին գիտութիւններու ակադեմիայի, Ազգային անվտանգութեան հիմնախնդիրներու մասին գիտութիւններու ակադեմիայի եւ Ժողովուրդներու հոգեւոր միասնութեան ակադեմիայի պատուաւոր անդամ է:
Լ.Ղ.Հ. երկրորդ Նախագահ՝ Արկադի Ղուկասեան արժանացած է «Արցախի հերոս» Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բարձրագոյն կոչման եւ պարգեւատրուած «Ոսկէ Արծիւ» շքանշանով:
 
Տող 58.
{{ծանցանկ}}
{{Արցախի ազգային հերոսներ (արեւմտահայերէն)}}
 
[[Կատեգորիա:1957 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:22 Յունիսի ծնածներ]]