«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 31.
 
== Մահը ==
[[Պատկեր:ArmenianStamps-513.jpg|ձախից|մինի]]
1915-ին, երբ արդէն սկսած էր Առաջին համաշխարհային պատերազմը, Ռուբէն Սեւակ կը զօրակոչուի օսմանեան բանակ եւ իբրեւ զինուորական բժիշկ, ծառայած՝ Մաքրիգիւղի (Մագրիքէօյ) զօրամասին մէջ։ 24 Ապրիլ 1915-ին, զինուորական ծառայութան մէջ ըլլալով, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած է Չանղըրը, ուր տեղւոյն բանտին մէջ գրուած համրիչի 99 հատիկներէն մէկուն վրայ անունը արձանագրուած է։ Չանղըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ Արապաճի Իսմայիլի աղջիկը։ Իսմայիլ անոր յորդորած էր իսլամութիւն ընդունելով փրկուիլ սպառնացող վտանգէն, սակայն բժիշկը հրաժարած է այդ խորհուրդին հետեւելէ, նոյնիսկ իրենց բախտակիցներուն յորդորներէն ետք։ Չանղըրըի չէրքէզ փոխ կառավարիչը, որ անոր բարեկամն էր, անզօր պատասխանած է. «Ես չեմ կրնար Պոլիսէն եկած հրաման մը չգործադրել»։ Սեւակը ազատելու համար, [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] արտաքին գործոց նախարարութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Սոֆիայի դեսպաններուն, Լոզանի հիւպատոսին, Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան [[Հանսֆոն Վանգենհայմ|Հանս ֆոն Վանկենհայմ]]ին բազմաթիւ դիմումներ ուղարկած են անոր սաները՝ գերմանական բանակին պահեստի սպայ՝ Ֆրանց Ապելն ու կինը՝ Հելեն Ապել-Չիլինկիրեանը, բոլորն ալ՝ ապարդիւն։ 25 Օգոստոս 1915-ին, Ռ. Սեւակ հեռագրած է կնոջ, թէ [[Դանիէլ Վարուժան|Դանիէլ Վարուժանին]] հետ կը գտնուի Չանղըրըի մէջ եւ թէ շուտով Այաշ պիտի ղրկուի։ 26 Օգոստոս 1915-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճանապարհին՝ Չանղըրը եւ Գալեճիք (Գալայճըք) գիւղերու միջեւ, Չանղըրըէն կառքով վեց ժամ հեռու գտնուող Թիւնէ (Թիւնայ, Թիւնէյ) կոչուած վայրին մէջ, իր չորս բախտակից ընկերներուն հետ (որոնց շարքին՝ Դանիէլ Վարուժանը), թուրք չէթէներու կողմէն սպաննուած է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով։ Ըստ Գոնիայի պատերազմական ատեանին մէջ կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղած է վերջին սպաննուողը։
 
Տող 47 ⟶ 48՝
* [http://www.digilib.am/digilib/?menu=8&wrk=550&captn=12973&wrpg=0&aupg=0 Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր եւ քերթուածներ, Փարիզ, 1946։]
* Երկեր, [[Երեւան]], 1955:
* Ռուբէն Սեւակ , Վահան Թէքէեան, Մատթէոս Զարիֆեան, Ռուբէն Որբերեան, Երկեր, [[Երեւան]], 1981, էջ 123-238:
* Երկեր, [[Երեւան]], 1985:
* Երկեր, [[Անթիլիաս]], 1986:
* Երկեր, հատ. 1–21-2, Երեւան, 1995–1996:
* Երկեր, [[Վաղարշապատ|Էջմիածին]], 1997:
* Հատընտիր, Երեւան, 2006: