«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 37.
Սիլիվրի Պոլսոյ մերձակայ, ծովափնեայ գիւղ մը եղած է մինչեւ 1915: 160 տան մէջ բնակող 1000 հայ բնակիչ ունէր։ Ասքանազեան վարժարանի կողքին, կար նաեւ Ս․ Գէորգ եկեղեցին։ Չիլինկիրեանները գիւղաքաղաքին հարուստ ընտանիքներէն էին։ Իրենց ունեցած աւելի քան տասը կալուածաթուղթերը տակաւին կարելի է տեսնել Յովհաննէս-Իրմա Չիլինկիրեանի յիշատակի տան մէջ, [[Նիս]]։ Ռուբէն Սեւակ նամակի մը մէջ կը խոստովանէր, թէ եթէ բժիշկ չըլլար, ապա պիտի ուզէր զբաղիլ հողագործութեամբ։ Եւ իր երազն էր օր մը վերադառնալ Սիլիվրի ու զբաղիլ հողագործութեամբ։ «Ամենավերջին փափաքս է օր մը կարենալ գիւղ քաշուիլ ու կեանքիս վերջին տարիները դաշտերուս ու հողերուս վրայ անցընել լռութեան ու բնութեան մէջ», կը գրէր ան 1912 թուակիր նամակի մը մէջ։
 
Սեւակի նահատակութենէն ետք, տունը կանգուն կը մնայ։ Հայրն ու մայրը հոն կը գտնուէին։ Հայրը կը մահանայ 1920-ականներուն, Սիլիվրիի մէջ, երբ գիւղաքաղաքը կը գտնուէր [[Յունաստան|յունական]] բանակի գրաւման տակ։ Յոյները Սեւակենց տան վերնայարկը վերածած էին բանակային կեդրոնատեղիի։ Սեւակին հօր՝ Յովհաննէսին յուղարկաւորութիւնը կատարուած է զինուորական պատիւներով, քանի որ ան հայրն էր օսմանեան բանակի հարիւրապետ Ռուբէն Սեւակին։ Բանաստեղծին մայրը՝ Արմաւենի Չիլինկիրեան, յունական բանակին հետ լքած է հայրենի գիւղաքաղաքը։ Մահացած է 1934-ին, [[Սելանիկ|Սելանիկի]] մէջ, ու թաղուած՝ տեղւոյն հայկական գերեզմանատան մէջ<ref>[https://narekian.wordpress.com/ Դէպի Սիլիվրի՝ Ռուբէն Սեւակի հետքերով:]</ref>։
 
== Երկեր ==