«Նորաձեւութեան շքերթ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
 
=== Ներկայացում ===
Նորաձեւութեան շքերթ մը տեղի կ՛ ունենայ զգեստներ եւ կամ յարակից ապրանքներ (կօշիկ, պայուսակ, զարդեր, եւայլն) ցուցադրող անձերու օգնութեամբ։ Ներկայացումը կրնայ տեւել մէկ օր, ինչպէս նաեւ մէկ շաբաթ՝ երբ կը ներկայացուին խումբ մը ստեղծողներու նորաձեւութիւնները։ Վերջինին պարագային այդ շաբաթը կը կոչուի [[Նորաձեւութեան Շաբաթ]] (Semaine de la mode / Fashion Week): Ամենազդեցիկ նորաձեւութեան շաբաթները [[Նիու Եորքի Նորաձեւութեան Շաբաթ|Նիու Եորքի]], [[Փարիզի Նորաձեւութեան Շաբաթ|Փարիզի]], [[Միլանի Նորաձեւութեան Շաբաթ|Միլանի]], [[Լոնտոնի Նորաձեւութեան Շաբաթ|Լոնտոնի]] եւ [[Պերլինի Նորաձեւութեան Շաբաթ|Պերլինի]] շքերթներն են։[[Պատկեր:HL Damals – Thora Thomsen – Travemünder Modeschau – Rudolph Karstadt – Städtischer Kursaal – Kleid und Nachmittagskleid – 1921 – Deutsche Kinderhilfe.jpg|մինի|1921]]Շքերթը կը կատարուի ընդհանրապէս շքեղ սրահներու մէջ, ծրագրուած շարքով՝ ըստ նորոյթ ստեղծողին որոշումին եւ կամ ըրած յայտարարութեան համաձայն։ Նորաձեւութեան շքերթները երբեմն կը կատարուին նաեւ բացօթեայ տեղեր, ինչպէս օրինակ հնագիտական վայրի մը մէջ, պատմական հրապարակի մը վրայ, ծովափի մը, զբօսանաւի մը մէջ, թանգարանի մէջ, եւայլն։
 
Շքերթը կը կատարուի ընդհանրապէս շքեղ սրահներու մէջ, ծրագրուած շարքով՝ ըստ նորոյթ ստեղծողին որոշումին եւ կամ ըրած յայտարարութեան համաձայն։ Նորաձեւութեան շքերթները երբեմն կը կատարուին նաեւ բացօթեայ տեղեր, ինչպէս օրինակ հնագիտական վայրի մը մէջ, պատմական հրապարակի մը վրայ, ծովափի մը, զբօսանաւի մը մէջ, թանգարանի մէջ, եւայլն։
 
=== Պատմական ակնարկ ===
[[Պատկեր:HL Damals – Thora Thomsen – Travemünder Modeschau – Rudolph Karstadt – Städtischer Kursaal – Kleid und Nachmittagskleid – 1921 – Deutsche Kinderhilfe.jpg|մինի|1921]]
Նորաձեւութեան ցուցահանդէսներ պարբերաբար կը կայանան [[Փարիզ|Փարիզի]] սրահներուն մէջ, [[1800 թուական|1800]]-ական թուականներուն։ ԺԹ․ դարավերջին դէպի Ի․ դար, Փարիզի եւ [[Լոնտոն|Լոնտոնի]] սրահներուն մէջ նորոյթ ստեղծողները նորաձեւութիւնները իրենց յաճախորդներուն հանդիասաւոր կերպով կը ներկայացնեն։