«Անթարքթիքա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 12.
Հոն կը գոյատեւեն բազմաթիւ բոյսեր, սունկեր եւ անասուններու տեսակներ (թեւատներ, ծովահորթեր եւ այլն)։
 
Հակառակ անոր, որ մարդիկ վաղուց բազմաթիւ առասպելներ եւ կարծիքներ յայտնած են Terra Australis («Հարաւային ցամաքամաս»ին) մասին, առաջին ընդունուած վարկածը ապացուցուած է Ֆապիան Կոթլիեպ վոն Պելինկսհաուզենի (''Fabian Gottlieb von Bellingshausen''), [[Միխայիլ Փեթրովիչ Լազարեւ|Միխայիլ Փեթրովիչ Լազարեւի]] (''Mikhail Petrovich Lazarev'') «Վոստոկ» եւ «Միրնի» ռուսական հետազօտութեան կողմէ 1820-ին։ Սակայն, ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, ցամաքամասը բոլորովին անտեսուած էր անտանելի միջավայրին, միջոցներու պակասին եւ տարածքին մեկուսացման պատճառով։ 1959-ին 12 երկիրներու կողմէ Անթարքթիքայի դաշինքը կը ստորագրուի (Antarctic Treaty). այսօր երկիրներու քանակը կը կազմէ 49։ Դաշինքը կ'արգիլէ բոլոր տեսակի ռազմական գործողութիւններու եւ հանքագործութեան իրականացումը։ Արգիլուած է նաեւ այն ամէնը, որ կը վերաբերի միջուկային ռումբերու պատրաստման եւ պայթեցման գործընթացներուն՝ նպատակ ունենալով պահպանել ցամաքամասին օզոնային շերտը եւ քաջալերել միայն գիտական հետազօտութիւնները։ Այսօր հետազօտութիւններ կ'իրականացուին բազմաթիւ երկիրներէ աւելի քան 4000 գիտնականներու կողմէ։
 
== Հետաքրքրական տեղեկութիւններ ==