«Լեւոն Արոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 10.
Հայրը՝ Գրիգոր Արոնովը, Բնագէտ-բիւրեղագէտ է, ազգութեամբ՝ [[Հրեաներ (արեւմտահայերէն)|հրեայ]], մայրը՝ Սեդա Աւագեան, լեռնային [[Ճարտարագիտութիւն|ճարտարագէտ]] է, ազգութեամբ՝ [[Հայեր (արեւմտահայերէն)|հայ]]<ref name="int" />։
 
=== Մանկութիւն ===
Լեւոնը եղած է հանգիստ եւ նստակեաց երեխայ. ժամերով կրնար նստիլ աթոռակին՝ խաղալով միեւնոյն խաղալիքով եւ երգելով [[Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթ|Մոցարթ]]ի «Գիշերային փոքրիկ սերենատի» մեղեդին։ Երգել սկսած է աւելի կանուխ, քան խօսիլ։ Ծնողներուն թուացած է, թէ Լեւոն [[Երաժշտութիւն|երաժիշտ]] կը դառնայ։
 
Փոքր հասակին սորված է կարդալ, իմացած է գրեթէ բոլոր պետութիւններուն դրօշները, հետաքրքրուած է Ամերիկայի նուաճման պատմութեամբ, տարբեր երկիրներ շրջելրով։
 
Շախմատ խաղալ սովորած է ինը տարեկանին քրոջմէն՝ Լիլիթէն։ Մանկութեան տարիներուն՝ [[1990]]-[[1997]] թուականներուն, իր մարզիչը եղած է ներկայի կրանտմասթըր Մելիքսէթ Խաչիեանը։ Ըստ Խաչիեանի՝ երբ Լեւոնը դարձաւ կրանտմասթըր, իրեն արդէն անհրաժեշտ էր աւելի բարձրակարգ մարզիչ։ Ճիշդ այդ դերն ալ ստանձնեց կրանտմասթըր Արշակ Պետրոսեանը, որուն հետ պարապմունքներու ժամանակ Արոնեանը իւրացուցած է շախմատի բազմաթիւ նրբութիւններ։
 
Լեւոնի սեղանի առաջին գիրքերն եղած են «Ալեխինի ընտրեալ 300 պարտիաները», Քափապլանկայի պարտիաներու ժողովածուն, [[1924]] եւ [[1927]] թուականներու նիւեորքեան մրցաշարերու պարտիաները Ալեխինիի մեկնաբանութիւններով եւ Քափապլանքայի «Շախմատային ինքնուսոյցը»։ Այդ գիրքերը մեծապէս օգնած են Լեւոնի ստեղծագործական աճին. այն, ինչ անոր հասակակիցները կ՛իւրացնէին մէկ տարուան մէջ, ան կը սորվէր մէկ ամսուան մէջ։
 
Առաջին անգամ Լեւոնի մասին սկսան խօսիլ [[1992]] թուականին՝ աշխարհի, մինչեւ 10 տարեկաններու, առաջնութեան ընտրական մրցումներուն մէջ տարած փայլուն յաղթանակէն ետք։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==