«Արսուֆի Ճակատամարտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն| Արսուֆի ճակատամարտ}} {{Տեղեկաքարտ Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն) |Ճակատամարտի...»:
 
Չ clean up, փոխարինվեց: → (2), ջ: → ջ։ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 25.
 
== Նախապատմութիւն==
[[Աքքայի Պաշարում (1189-1191, արեւմտահայերէն)|Աքքայի պաշարման]] բարեյաջող աւարտէն ետք յունիս [[1191]]-ին Ռիչարտ ընդունեց գերագոյն գլխաւորութիւնը խաչակիրներու միասնական ուժերու նկատմամբ։ Անոր հիմնական նպատակը կը մնար [[Երուսաղէմ]]ի նուաճումը, սակայն անոր համար անհրաժեղտ էր ամրապնդել դիրքերը [[Աքքա (արեւմտահայերէն)|Աքքայի]] մէջ:մէջ։
 
== Մարտի նախապատրաստում==
Ան որոշեց վճռական մարտ կատարել Սալահ ալ-Տինի դէմ։ Ան տակաւին չէր մոռցած [[Հաթթինի Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն)|Հաթթինէն]] քաղած դասերը, երբ խաչակիրները պարտւեցին սաստիկ տաքուն եւ ջուրի պակասի հետեւանքով։ Այդ իսկ պատճառով, իր զօրքերը միայն ցերեկային ժամերուն կը շարժէին, իսկ տաքին կանգ կ՛առնէին ջուրի աղբիւրներու մօտ<ref>Oman, pp. 309-310</ref>: Ամբողջ ընթացքին անոնց կ՛ուղղեկցէր նաւատորմը, նաւերէն ջուր եւ սննդամթերք կը մատակարարէին, իսկ հիւանդները կը փոխադրէին նաւեր։ Ռիչարտի հրամանի համաձայն զօրքերը կանոնաւոր կը շարժէին եւ միայն շարքը պահած։ Նպատաը իսլամներու գիշերային ասպատակութիւններու ժամանակ զոհերու քանակը նուազացնելն էր։ Հետախոյզներէն Ռիչարտը տեղեկացաւ, որ անտառներուն մէջ հաւաքուած է Սալահ ալ-Տինի ամբողջ զօրքը։ Արաբ ժամանակագիր Բահա ալ-Տին իպն Շադդադը նկարագրած է տեգերի եւ արաբական նետերու տարբերութիւնները, ըսելով որ իրենց նետաձիգները անդադար քրիստոնեաներուն կը կրակէր աջ եւ ձախ թեւերը, սակայն ապարդիւն, քրիստոնեաներու զրահները անոնց անխոցելի կը դարձնէին, կային զինուորներ, որոնց մէջքին կային տասնեակ նետեր, սակայն անոնք կը շարունակէին մարտնչել եւ ոչինչ կը խանգառէին, մինչդեռ ծարայորդները կը վնասէին ձիերուն և մարտիկներուն<ref>Oman, p. 309</ref>:
 
==Զօրքերու դասաւորութիւնը եւ մարտի ընթացքը==