«Արցախի Հանրապետութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ր: → ր։ (2)
Տող 55.
 
==== Հայաստանի առաջին բաժանումէն ետք ====
[[Մեծ Հայքի թագաւորութիւն|Մեծ Հայքի թագաւորութեան]] բաժանումէն ետք ([[387 թուական]]) Արցախը կը կազմէ Արեւելահայկական թագաւորութեան մաս, որ ալ շուտով կ՛ինայ [[Սասանեան Պարսկաստան]]ի տիրապետութեան տակ<ref>Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 78</ref>։ Սակայն նոյնիսկ օտար լուծի տակ գտնուելով՝ Արցախը կը շարունակէ պայքարիլ եւ պահպանել իր հայկականութիւնը։ Այդ մասին կը փաստեն [[Կորիւն]]ի վկայութիւնները, որոնց համաձայն [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մ. Մաշտոցը]] լուսաւորական գործունէութիւն կը ծաւալէր Արցախի մէջ, որ այդ ժամանակ կը կոչուէր [[Փոքր Սիւնի]]ք։ Եւ, ըստ աւանդութեան, նոյն նահանգի [[Հաբանդ գաւառ]]ի [[Ամարաս գիւղաքաղաք]]ին մէջ [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մեսրոպ Մաշտոցը]] բացաւ իր առաջին դպրոցներէն մէկը։ [[451]]թ. օգտուելով Պարսկաստանի մէջ սկիզբ առած քաղաքական անկայունութիւններէն՝ Կուրի աջափնեայ Արցախ եւ [[Ուտիք (արեւմտահայերէն)|Ուտիք]] նահանգներու [[Առանշահիկներ (արեւմտահայերէն)|Առանշահիկ]] հայ իշխանական տոհմը իրէն կը յայտարարէ թագաւորութիւն։ Հենց Առանշահիկներն ալ կամզակերպեցին Արցախի հայութեան հակապարսկական ընդվզումները, որոնք կը գլխաւորէր [[Վաչէ Առանշահիկ թագաւոր]]ը՝ [[Վարդան Մամիկոնեան]]ի համախոհներէն մէկը։ Զօրավարի մահէն ետք Արցախ աշխարհը պարսկական հետագայ ասպատակութիւններէն պաշտպանելու եւ ազատագրական պայքարներու միջոցով անկախութիւն հաստատելու նպատակով Վաչէ Առանշահիկը կեղծ ուրացութեան ուղին բռնեց եւ նոյնիսկ ամուսնացաւ Պարսկաստանի թագաւոր՝ [[Հազկերտ Բ (արեւմտահայերէն)|Հազկերտ Բ]]-ի քրոջ աղջկայ հետ։ Սակայն [[457]]թ. Հազկերտ Բ-ի մահէն ետք, օգտուելով Պարսկաստանի մէջ սկսած գահակալական կռիւներէն Վաչէ կը վերադառնայ քրիստոնէական-լուսաւորչական կրօնին եւ ապստամբութիւն բարձրացնէ պարսիկներու դէմ։ Վաչէէն ետք շուրջ 30 տարուայ անիշխանութենէն ետք Հայոց Արեւելեան աշխարհի մէջ թագաւոր կը դառնայ անոր եղբօր որդի Վաչագանը։ Այդ ժամանակ բուն Մեծ Հայքի եւ կեդրոնական նահանգներուն մէջ հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ [[Վաչագան Բարեպաշտ (արեւմտահայերէն)|Վաչագան Բարեպաշտի]] թագաւորութիւնը հայահաւաք կեդրոնի դեր կը կատարէր:կատարէր։ Անոր կառավարման տարիները աչք կը մտնեն սահմանադրական եւ կրօնական բարեփոխումներով, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի վերելքով։ Եւ այսպէս մինչեւ [[6-րդ դար]]ու կէսերը Արցախ աշխարհի մէջ տեւական խաղաղութիւն եւ ինքնավարութիւն էր կը տիրէր։ Սակայն ամէն ինչ փոխուեցաւ [[7-րդ դար]]ու սկզբին, երբ Հայոց երկիր ներխուժեցին արաբները։
 
=== Միջնադար ===
Տող 97.
 
==== ԼՂ բռնակցումը ԱդրԽՍՀ-ին ====
[[4 Յուլիս]] [[1921]] թուականին Ռուսաստանի [[համայնավար կուսակցութիւն|համայնավար կուսակցութեան]] Կովկասեան գրասենեակը, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս կը հրաւիրէ լիագումար նիստ, որուն ընթացքին կը հաստատուի Լեռնային Ղարաբաղը Հայկական ԽՍՀ մաս հանդիսանալու փաստը։ Սակայն, Մոսկուայի թելադրանքով եւ [[Ստալին (արեւմտահայերէն)|Ստալինի]] անմիջական միջամտութեամբ, [[5 Յուլիս]]-ի լոյս գիշերը կը վերանայուի նախորդ օրուան որոշումը եւ կ՛ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային զրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու եւ այդ տարածքին մէջ ինքնավար մարզ կազմաւորելու վերաբերեալ որոշում՝ չպահպանելով նոյնիսկ ընթացակարգը։ Այս որոշումը, աննախադեպ իրավական արարք է միջազգային իրաւունքի պատմութեան մէջ, երբ երրորդ երկրի կուսակցական մարմինը (ՌԿ(բ) կ)՝ առանց որեւէ իրաւական հիմքի կամ իրաւասութեան, կ՛որոշէ մէկ այլ տարածքի, երկրի կարգավիճակը:Ազրպէյճանականկարգավիճակը։Ազրպէյճանական եւ Հայաստանի ԽՍՀ-ները դեկտեմբեր 1922-ին ընդգրկեցին ԽՍՀՄ-ի կազմաւորման գործընթացներուն մէջ, իսկ Ղարաբաղի տարածքի ընդամէնը մէկ հատուածի մէջ, [[7 Յուլիս]] 1923 թուականին, Ազրպէյճանական ԽՍՀ Կեդրոնական գործադիր յեղափոխական կոմիտէի որոշմամբ կազմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը՝ Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ, որուն հետ, ըստ էութեան, ոչ թէ լուծուեցաւ, այլ ժամանակաւորապէս սառեցուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Աւելին, ամէն ինչ աւերեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը ընդհանուր սահման չունենայ Հայաստանի հետ<ref>mfa.am, http://www.mfa.am/hy/artsakh/#a3</ref>։ Խորհրդային ամբողջ ժամանակահատուածին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը չհաշտուեցաւ այդ որոշման հետ եւ տասնեակ տարիներ պայքարեցաւ Մայր հայրենիքին վերամիաւորուելու համար։ Արցախը Ազրպէյճանին անմիջապէս բռնակցելէ ետք՝ սկիզբ առաւ ազգային-ազատագրական պայքարը։ [[1920]]-ական թթ. Արցախի մէջ հակաազրպէյճանական շարժումը ղեկավարելու նպատակով ստեղծուեցաւ «Ղարաբաղը՝ Հայաստանին» միութիւնը<ref>Ուլուբաբյան Բ., «Արցախի պատմությունը», Երևան, 1994</ref>։ [[1927]] թուականի նոյեմբերի սկզբներուն միութիւնը հազարաւոր թռուցիկներ ցրած է՝Ղարաբաղը Հայաստանին նշանաբանով։ ։ [[1962]]թ. [[Ստեփանակերտ (արեւմտահայերէն)|Ստեփանակերտի]] մէջ 300 աշխատաւորներ բողոք-նամակ գրեցին ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան, կուսակցութեան Կենտկոմ եւ Մինիստրներու խորհուրդ։ Նամակին մէջ ներկայացուեցաւ մարզի գաղութային վիճակը եւ առաջարկուեցաւ ԼՂԻՄ-ը վերամիաւորել ՀԽՍՀ-ին։ [[1962]]թ. շարք մը մտաւորականներ նմանօրինակ նամակով դիմեցին ԽՄԿԿ Կենտկոմին։ Այսպիսի դիմումները կը կրէին պարբերական բնոյթ եւ կը հղուէին թէ ԼՂԻՄ-էն, թէ ՀԽՍՀ-էն։ Միայն Լեռնային Ղարաբաղէն Կենտկոմին հասած դիմումներու տակ ստորագրած էին 45 հազար աշխատաւորներ։ Փաստօրէն, չնայած ԼՂ-ը ապօրինաբար բռնակցուած էր ԱդրԽՍՀ-ին, զայն երբեք չէր կորսնցնէր անկախանալու եւ Մայր Հայաստանին միաւորուելու ձգտումը։
 
==== 1988թ.- Շարժման սկիզբ ====