«Արցախի Հանրապետութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ՉNo edit summary
No edit summary
Տող 83.
 
=== Մելիքութիւններ ===
[[Պատկեր:Melikdoms-of-Karabakh.jpg|250px|մինի|ձախից|'''Արցախի հինգ մելիքութիւնները''']]
Հայկական սղնախները մարտեր կը մղէին թուրքերու դէմ եւ վերջիվերջոյ անոնց հիմքի վրայ ծնաւ վարչաքաղաքական նոր միաւոր՝ Խամսայի մելիքութիւնները, որոնք յետագայ տասնամեակներուն դարձան հայ ազգային ազատագրական պայքարի նոր հանգրուաններ։ Նադիր շահը յաղթանակ տարաւ թուրքերուն դէմ։ Օսմանեան կառավարութիւնը ի վիճակի չըլլալով ստիպուած, շարունակեց պատերազմը եւ [[1736]] թուականին Էրզրումի մէջ հաշտութեան պայմանագիր կնգեց պարսիկներուն հետ։ Որուն մէջ թուրքերը պարսիկներուն յանձնեցին Արեւելեան Հայաստանը (Երեւանը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանը) Վրաստանի մէկ մասը, Գանձակը, Շամախին եւ Ատրպատականը։ [[Նադիր շահ (արեւմտահայերէն)|Նադիր շահի]] օրով եւ անոր հովանաւորութեամբ [[1735]] թ. հինգ (Խամսայի) հայկական մելիքութիւնները (Գիւլիստան, Ջրաբերդ, Խաչեն, Վարանդա, Դիզակ) միաւորուեցան մէկ ռազմաքաղաքական եւ վարչական միաւորի մէջ եւ իրենց ծաղկման եւ հզօրութեան գագաթին հասան 18-րդ դ. աւարտին<ref>Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 204</ref>։ Այսպիսով ձեւաւորուեցաւ հինգ մելիքութիւններէ կազմուած նահանգը, որուն կեդրոնը [[Տող (արեւմտահայերէն)|Տող]] աւանն էր։ Այս կազմաւորումը Դիզակի Մելիք-Եգանի գլխաւորութեամբ ճանչցուեցաւ որպէս հայկական ինքնավար երկիր մը, որուն սահմանները կը ձգուէին [[Գանձակ (արեւմտահայերէն)|Գանձակի]] մատոյցներէն մինչեւ [[Արաքս գետ (արեւմտահայերէն)|Արաքս գետը]]։ [[Մելիք-Եգան (արեւմտահայերէն)|Մելիք-Եգանը]] Նադիրէն խանական տիտղոս ստանալով, մինչեւ [[1744]] թ գլխաւորեց Խամսայի մելիքութիւնները։ Իրավիճակը փոխուեցաւ Նադիր շահի սպանութենէն ետք, երբ Պարսից երկրին մէջ առաջացած անիշխանութեան հետեւանքով պատմութեան թատերաբեմ կը բարձրանայ Փանահ խանը, որուն նպատակն էր գրաւել լեռնային Արցախը։ Խամսայի մելիքները չհանդուրժեցին Փանահի նման քաղաքականութիւնը եւ անոր հետ մղեցին Արցախի լեռնային հատուածներէն։ Այդ ժամանակաշրջանին մելիքներու միջեւ առաջացած գժտութիւններուն հետեւանքով՝ [[Փանահ խան (արեւմտահայերէն)|Փանահ խանը]] հնարաւորութիւն կ՛ըստանայ տիրանալու Արցախին։ Վարանդայի մելիք՝ Շահնազարը Փանահին նուիրաբերեց Շոշի բերդը եւ այդ քայլը աւելի սրեց Արցախի ներքաղաքական կեանքը։ Շուտով Փանահ զայն հռչակեց խան, եւ Պարսից շահի միջոցով հայ մելիքներուն ստիպեց ընդունիլ իր գերիշխանութիւնը։ Այդպիսով [[Խամսայի մելիքութիւններ|Խամսայի մելիքութիւնը]] թուլցաւ եւ սկսաւ կործանիլ։ 18-րդ դ. վերջերուն Իրանի մէջ գահին տիրելու համար նորէն պայքար կ՛ըսկսի եւ [[1794]] թ. Աղա Մուհամմադ խանը իրեն շահ կը հռչակէ։ Վերջինիս անհանգստացնում էին ռուսական կողմնորոշում ունեցող Արցախի մելիքները։ Ան մելիքներուն խոստացաւ հաստատել իրենց իշխանութիւններուն մէջ, եթէ անոնց օգնեն տապալել Իպրահիմ խանին։ Սակայն Արցախի մելիքները վճռականութեամբ մերժեցին Պարսից շահի պահանջը, որուն պատճառով [[1795]] թ. շահը պաշարեց Շուշիի ամրոցը, սակայն յաջողութեան չհասաւ։ Յետագային Աղա Մուհամմատ խանը նորէն կը յարձակի Շուշիի վրայ՝ այս անգամ արդէն յաջողութեան հասնելով։ Ան կը հաստատուի Շուշի, սակայն որոշ ժամանակ ետք դաւադրաբար կ՛ըսպաննուի։