«Աւագ Շաբաթ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Աւագ Շաբաթ''' ({{lang-el|Μεγάλη Εβδομάδα}} — Megali Evdomada), Ծաղկազարդի յաջորդող Մեծ Պահքի վերջին շա...»:
 
Տող 3.
 
== Աւագ Շաբթուան օրերուն խորհուրդները ==
=== Աւագ երկուշաբթիԵրկուշաբթի ===
Աւագ Շաբթուան առաջին օրը՝ Աւագ Երկուշաբթին, յիշատակն է Չորցած Թզենիին, իր այս կոչումը ստացած է օրուան աւետարաններուն մէջ կարդացուող եւ յիշատակուող դէպքին անունով։ Աւետարաններուն մէջ կը պատմուի, թէ Բեթանիայէն դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս կը մօտենայ թզենիի մը՝ անկէ թուզ քաղելու համար։ Սակայն անոր վրայ պտուղ չգտնելով, որովհետեւ պտուղի ժամանակը չէր, կ'անիծէ թզենին, որպէսզի ալ մարդ անկէ պտուղ չկարենայ քաղել եւ ուտել։ Յաջորդ օրը, երբ նոյն ճամբէն կը վերադառնային, աշակերտները թզենին արմատէն չորցած կը տեսնեն։ Երբ հարց կու տան Յիսուսի այս մասին, Յիսուս թզենիին օրինակին մէջէն կը սորվեցնէ անոնց, թէ ինչ որ հաւատքով ու առանց տարակուսանքի ընեն՝ պիտի կատարուի, նոյնիսկ եթէ լերան ըսեն ել եւ ծովը ինկիր՝ պիտի կատարուի (Մկ 11.22-25)։
[[Արարչագործութեան]] յիշատակի, նաեւ Անիծուած թզենիի եւ [[Երուսաղէմի տաճար]]ը մաքրելու օրն է։
Այս առակով Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ անպտուղ թզենիին չնմանիլ՝ դուրսէն կանաչ, սակայն՝ անպտուղ, այլ միշտ պատրաստ ըլլալ ճիշդ ժամանակին կեանքի պտուղը Տիրոջ ներկայացնելու։ Նաեւ կը սորվեցնէ՝ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ, աղօթքով դիմել եւ հաւատալ որ Աստուած կու տայ այն ինչ որ կը խնդրուի իրմէ։
 
=== Աւագ երեքշաբթիԵրեքշաբթի ===
[[Տասը կոյսեր]]ու յիշատակութեան, ինչպէս նաեւ հրեաներու հարցումներուն Քրիստոսի բացատրութեան ու փարիսեցիներու յանդիմանութեան օրն է։ Եկեղեցին [[Աւագ Երեքշաբթի]] օրը կը յիշատակէ տասը կոյսերու առակը եւ [[Վերջին Դատաստանի]] բացատրութիւնը, ինչպէս նաեւ [[Ջրհեղեղ]]ը եւ մարդկութեան կրկին սկզբնաւորումը։
Աւագ Շաբթուան երկրորդ օրը՝ Աւագ Երեքշաբթին, ժողովուրդին մօտ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով։
 
Այս կոչումը կու գայ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կարդացուող աւետարանի այն դրուագէն, երμ աշակերտներու հարցին վրայ՝ թէ ե՞րբ պիտի գայ Աստուծոյ արքայութիւնը, Յիսուս անոնց կը պատասխանէ առակով մը, հետեւեալ բովանդակութեամμ.
=== Ավագ չորեքշաբթի ===
 
Քրիստոսի մատնության հիշատակի օրն է։ Հիշատակվում է Քրիստոսի օծումը և [[Հուդա]]յի մատնությունը։ Այդ օրը [[Բեթանիա]]յում, Սիմոն Բորոտի տանը մի կին թանկարժեք յուղով օծել է Հիսուսին, ինչը խորհրդանշում է Տիրոջ մոտալուտ մահը։ Օծմանը հաջորդում է Հիսուսին մատնելու Հուդայի որոշումը։
Հարսնիքի մը ընթացքին տասը կոյսեր, իրենց լապտերները ի ձեռին, մեծ խանդավառութեամμ կը սպասեն փեսային ժամանման, անոր հետ մտնելու հարսնարան եւ ուրախանալու։ Տասը կոյսերէն հինգը իմաստուն էին, որոնք իրենց հետ վերցուցած էին յաւելեալ ձէթ՝ իրենց լապտերներուն համար, մինչ միւս հինգը յիմար էին՝ որովհետեւ իրենց հետ չէին առած պահեստի վառելանիւթ։ Փեսան կ’ուշանայ, իսկ կոյսերը քունի կ’անցնին։ Երբ ուշ ժամերուն կը յայտարարուի թէ ահա փեսան կու գայ, կոյսերը անմիջապէս կը պատրաստուին փեսան դիմաւորելու, սակայն միայն իմաստուն կոյսերը կը կարողանան փեսան դիմաւորել եւ անոր հետ հարսնարան մտնել, որովհետեւ իրենց հետ տարած յաւելեալ վառելանիւթով իերնց լապտերները կը վառեն, մինչ միւս հինգը քաղաք կը շտապեն ձէթ գնելու եւ իրենց լապտերները վառելու։ Սակայն արդէն ուշ կ’ըլլայ, իրենց վերադարձին՝ հարսնարանի դուռը փակ կը գտնեն եւ զուր տեղը դուռը կը μաղխեն, դուռը բացող չ’ըլլար (Մտ 25.1-13)։
 
Այս առակով Յիսուս մարդոց կը զգուշացնէ եւ կը թելադրէ, որ իրենց հաւատքի ճրագները միշտ վառ պահեն, արթուն հսկեն, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ ահեղ Գալուստին եւ Յայտնութեան օրը կամ ժամը։
 
Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին այս առակը նաեւ թատերական ձեւով կը ներկայացուի [[Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի]]ներէն ներս։ [[Աւետարան]]ի ընթերցանութեան ժամանակ, տասը կոյս փոքրիկ աղջիկներ, շապիկ հագուած, կը կանգնին եկեղեցւոյ դասին մէջ, իրենց ձեռքերուն վառած մոմեր բռնած։ Երբ Աւետարանական ընթերցումը կը հասնի տասը կուսանաց առակին, իւրաքանչիւրը անոնցմէ ափսէի մէջ դրուած ու ծալլուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ։ Թղթիկներուն հինգին վրայ գրուած կ'ըլլայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, իսկ հինգին վրայ՝ ՅԻՄԱՐ։ Անոնց որոնց յիմար գրուած թուղթը վիճակուի՝ կը մարեն իրենց ձեռքի մոմերը, մինչ իմաստուն գրութիւնը ունեցողները՝ վառած կը պահեն զանոնք։
 
=== Աւագ Չորեքշաբթի ===
Քրիստոսի մատնութեան յիշատակի օրն է։ Կը յիշատակուի Քրիստոսի օծումը եւ [[Յուդա]]յի մատնութիւնը։ Այդ օրը [[Բեթանիա]] քաղաքին մէջ, Սիմոն Բորոտի տան մէջ կին մը թանկարժէք իւղով կ'օծէ Յիսուսի ոտքերը, ինչ որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ մօտալուտ մահը։ Օծման կը յաջորդէ Յիսուսը մատնելու Յուդային որոշումը։
 
=== Ավագ հինգշաբթի ===