«Աւագ Շաբաթ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
 
'''Աւագ Շաբաթ''' ({{lang-el|Μεγάλη Εβδομάδα}} — Megali Evdomada), Ծաղկազարդի յաջորդող [[Մեծ Պահք]]ի վերջին շաբաթը, որ կ'աւարտի[[ Ս. Յարութեան տօն]]ով (Ս. Զատիկ), որու ընթացքին կը յիշուի [[Վերջին ընթրիք]]ը, [[Յիսուս Քրիստոս]]ի դատավարութիւնը, տանջանքները, խաչելութիւնը եւ թաղումը։ Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն անուան կը նախորդէ «Աւագ» բառը (Աւագ Երկուշաբթի, [[Աւագ Երեքշաբթի]], եւ այլն)։
[[Պատկեր:Աւագ շաբաթ.jpg|300px|աջից]]
== Աւագ Շաբթուանշաբթուան օրերուն խորհուրդները ==
=== Աւագ Երկուշաբթի ===
Աւագ Շաբթուանշաբթուան առաջին օրը՝ Աւագ Երկուշաբթին, յիշատակն է Չորցած Թզենիին, իր այս կոչումը ստացած է օրուան աւետարաններուն մէջ կարդացուող եւ յիշատակուող դէպքին անունով։ Աւետարաններուն մէջ կը պատմուի, թէ Բեթանիայէն դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս կը մօտենայ թզենիի մը՝ անկէ թուզ քաղելու համար։ Սակայն անոր վրայ պտուղ չգտնելով, որովհետեւ պտուղի ժամանակը չէր, կ'անիծէ թզենին, որպէսզի ալ մարդ անկէ պտուղ չկարենայ քաղել եւ ուտել։ Յաջորդ օրը, երբ նոյն ճամբէն կը վերադառնային, աշակերտները թզենին արմատէն չորցած կը տեսնեն։ Երբ հարց կու տան Յիսուսի այս մասին, Յիսուս թզենիին օրինակին մէջէն կը սորվեցնէ անոնց, թէ ինչ որ հաւատքով ու առանց տարակուսանքի ընեն՝ պիտի կատարուի, նոյնիսկ եթէ լերան ըսեն ելե՛լ եւ ծովը ինկիր՝ինկի՛ր՝ պիտի կատարուի (Մկ 11.22-25)։
Այս առակով Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ անպտուղ թզենիին չնմանիլ՝ դուրսէն կանաչ, սակայն՝ անպտուղ, այլ միշտ պատրաստ ըլլալ ճիշդ ժամանակին կեանքի պտուղը Տիրոջ ներկայացնելու։ Նաեւ կը սորվեցնէ՝ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ, աղօթքով դիմել եւ հաւատալ որ Աստուած կու տայ այն ինչ որ կը խնդրուի իրմէ։
 
Տող 12.
Աւագ Շաբթուան երկրորդ օրը՝ Աւագ Երեքշաբթին, ժողովուրդին մօտ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով։
 
Այս կոչումը կու գայ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կարդացուող աւետարանիԱւետարանի այն դրուագէն, երբ աշակերտներու հարցին վրայ՝ թէ ե՞րբե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ արքայութիւնը, [[Յիսուս Քրիստոս|Յիսուս]] անոնց կը պատասխանէ առակով մը, հետեւեալ բովանդակութեամμբովանդակութեամբ.
 
Հարսնիքի մը ընթացքին տասը կոյսեր, իրենց լապտերները ի ձեռին, մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն փեսային ժամանման, անոր հետ մտնելու հարսնարան եւ ուրախանալու։ Տասը կոյսերէն հինգը իմաստուն էին, որոնք իրենց հետ վերցուցած էին յաւելեալ ձէթ՝ իրենց լապտերներուն համար, մինչ միւս հինգը յիմար էին՝ որովհետեւ իրենց հետ չէին առած պահեստի վառելանիւթ։ Փեսան կ’ուշանայ, իսկ կոյսերը քունի կ’անցնին։ Երբ ուշ ժամերուն կը յայտարարուի թէ ահա փեսան կու գայ, կոյսերը անմիջապէս կը պատրաստուին փեսան դիմաւորելու, սակայն միայն իմաստուն կոյսերը կը կարողանան փեսան դիմաւորել եւ անոր հետ հարսնարան մտնել, որովհետեւ իրենց հետ տարած յաւելեալ վառելանիւթով իերնց լապտերները կը վառեն, մինչ միւս հինգը քաղաք կը շտապեն ձէթ գնելու եւ իրենց լապտերները վառելու։ Սակայն արդէն ուշ կ'ըլլայ, իրենց վերադարձին՝ հարսնարանի դուռը փակ կը գտնեն եւ զուր տեղը դուռը կը բախեն, դուռը բացող չ'ըլլար (Մտ 25.1-13)։