«Աւագ Շաբաթ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
== Աւագ շաբթուան օրերուն խորհուրդները ==
=== Աւագ Երկուշաբթի ===
Աւագ շաբթուան առաջին օրը՝ Աւագ Երկուշաբթին, յիշատակն է Չորցած Թզենիին, իր այս կոչումը ստացած է օրուան աւետարաններուն մէջ կարդացուող եւ յիշատակուող դէպքին անունով։
Աւետարաններուն մէջ կը պատմուի, թէ թէ՝
{{Քաղվածք|Բեթանիայէն դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս կը մօտենայ թզենիի մը՝ անկէ թուզ քաղելու համար։ Սակայն անոր վրայ պտուղ չգտնելով, որովհետեւ պտուղի ժամանակը չէր, կ'անիծէ թզենին, որպէսզի ալ մարդ անկէ պտուղ չկարենայ քաղել եւ ուտել։ Յաջորդ օրը, երբ նոյն ճամբէն կը վերադառնային, աշակերտները թզենին արմատէն չորցած կը տեսնեն։ Երբ հարց կու տան Յիսուսի այս մասին, Յիսուս թզենիին օրինակին մէջէն կը սորվեցնէ անոնց, թէ ինչ որ հաւատքով ու առանց տարակուսանքի ընեն՝ պիտի կատարուի, նոյնիսկ եթէ լերան ըսեն ե՛լ եւ ծովը ինկի՛ր՝ պիտի կատարուի (Մկ 11.22-25)։}}
Այս առակով Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ անպտուղ թզենիին չնմանիլ՝ դուրսէն կանաչ, սակայն՝ անպտուղ, այլ միշտ պատրաստ ըլլալ ճիշդ ժամանակին կեանքի պտուղը Տիրոջ ներկայացնելու։ Նաեւ կը սորվեցնէ՝ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ, աղօթքով դիմել եւ հաւատալ որ Աստուած կու տայ այն ինչ որ կը խնդրուի իրմէ։
 
Տող 14 ⟶ 17՝
Այս կոչումը կու գայ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կարդացուող Աւետարանի այն դրուագէն, երբ աշակերտներու հարցին վրայ՝ թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ արքայութիւնը, [[Յիսուս Քրիստոս|Յիսուս]] անոնց կը պատասխանէ առակով մը, հետեւեալ բովանդակութեամբ.
 
{{Քաղվածք|Հարսնիքի մը ընթացքին տասը կոյսեր, իրենց լապտերները ի ձեռին, մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն փեսային ժամանման, անոր հետ մտնելու հարսնարան եւ ուրախանալու։ Տասը կոյսերէն հինգը իմաստուն էին, որոնք իրենց հետ վերցուցած էին յաւելեալ ձէթ՝ իրենց լապտերներուն համար, մինչ միւս հինգը յիմար էին՝ որովհետեւ իրենց հետ չէին առած պահեստի վառելանիւթ։ Փեսան կ’ուշանայ, իսկ կոյսերը քունի կ’անցնին։ Երբ ուշ ժամերուն կը յայտարարուի թէ ահա փեսան կու գայ, կոյսերը անմիջապէս կը պատրաստուին փեսան դիմաւորելու, սակայն միայն իմաստուն կոյսերը կը կարողանան փեսան դիմաւորել եւ անոր հետ հարսնարան մտնել, որովհետեւ իրենց հետ տարած յաւելեալ վառելանիւթով իերնց լապտերները կը վառեն, մինչ միւս հինգը քաղաք կը շտապեն ձէթ գնելու եւ իրենց լապտերները վառելու։ Սակայն արդէն ուշ կ'ըլլայ, իրենց վերադարձին՝ հարսնարանի դուռը փակ կը գտնեն եւ զուր տեղը դուռը կը բախեն, դուռը բացող չ'ըլլար (ՄտՄտթ. 25.1-13)։}}
 
Այս առակով Յիսուս մարդոց կը զգուշացնէ եւ կը թելադրէ, որ իրենց հաւատքի ճրագները միշտ վառ պահեն, արթուն հսկեն, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ ահեղ Գալուստին եւ Յայտնութեան օրը կամ ժամը։
 
Տող 22 ⟶ 24՝
=== Աւագ Չորեքշաբթի ===
Քրիստոսի մատնութեան յիշատակի օրն է։ Կը յիշատակուի Քրիստոսի օծումը եւ [[Յուդա]]յի մատնութիւնը։ Այդ օրը [[Բեթանիա]] քաղաքին մէջ, Սիմոն Բորոտի տան մէջ կին մը թանկարժէք իւղով կ'օծէ Յիսուսի ոտքերը, ինչ որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ մօտալուտ մահը։ Օծման կը յաջորդէ Յիսուսը մատնելու Յուդային որոշումը։
{{Քաղվածք|Հրեայ ղեկավարներէն շատեր նախանձով եւ ատելութեամբ լեցուած էին Յիսուսի նկատմամբ, կ'ուզէին ձերբազատիլ Անկէ՝ վերջ դնելով Անոր կեանքին, սակայն մարդոցմէ կը վախնային։
 
Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիովտացին, գաղտնօրէն կը ներկայանայ անոնց եւ կը համաձայնի երեսուն արծաթի փոխարէն դաւադրաբար հրեայ ղեկավարներուն ձեռքը մատնել Մեծ Վարդապետը։ Յուդա Յիսուսի խումբին գանձապահն էր, իր քով կը գտնուէր գանձանակը, եւ ինչ որ հոն դրուէր՝ կը գողնար անկէ (Յհ 12.6)։ :Հիմա կը մնար սպասել ճիշդ ժամանակին, իր դաւադրութիւնը յաջողցնելու համար։ (Յհ 12.6)։}}
Հրեայ ղեկավարներէն շատեր նախանձով եւ ատելութեամբ լեցուած էին Յիսուսի նկատմամբ, կ'ուզէին ձերբազատիլ Անկէ՝ վերջ դնելով Անոր կեանքին, սակայն մարդոցմէ կը վախնային։
 
Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիովտացին, գաղտնօրէն կը ներկայանայ անոնց եւ կը համաձայնի երեսուն արծաթի փոխարէն դաւադրաբար հրեայ ղեկավարներուն ձեռքը մատնել Մեծ Վարդապետը։ Յուդա Յիսուսի խումբին գանձապահն էր, իր քով կը գտնուէր գանձանակը, եւ ինչ որ հոն դրուէր՝ կը գողնար անկէ (Յհ 12.6)։ Հիմա կը մնար սպասել ճիշդ ժամանակին, իր դաւադրութիւնը յաջողցնելու համար։
 
Մարիամի կողմէ Յիսուսի գլուխն ու ոտքերը օծուիլը կը պատահի Բեթանիոյ մէջ, երբ Յիսուս իր աշակերտներով ճաշի հիւրն էր մեծահարուստի մը, Մարիամ կու գայ եւ թանկագին իւղով կ'օծէ Տիրոջ գլուխն ու ոտքերը։ Յիսուս այս օծումը կը համարէ Իր թաղումին որպէս նշան։
 
Տող 35 ⟶ 36՝
Ա) Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն կը մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ։ Պատարագը նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի կատարած Վերջին Ընթրիքին եւ Ս. Հաղորդութեան հաստատման խորհուրդին։
 
{{Քաղվածք|Վերջին Ընթրիքի ժամանակ, Վերնատան մէջ, Յիսուս հացը առաւ, գոհացաւ, օրհնեց եւ իր աշակերտներուն տալով ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, ասիկա իմ մարմինս է . . .»։ Ապա գինիի բաժակը առնելով, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն ըսելով. «Բոլորդ խմեցէ՛ք ասկէ . ասիկա իմ արիւնս է . . .»։}}
 
Այս պատարագը կարելի է երեք տարբեր անուններով կոչել.
 
*«Վերջին Ընթրիք» կամ «Ընթրեաց Պատարագ», որովհետեւ ան կը յիշատակէ Պասեքի այն ընթրիքը, զոր Քրիստոս Վերնատան մէջ Իր առաքեալներուն հետ կատարեց, Իր չարչարանքներու եւ խաչելութեան նախօրէին։
 
*«Գոհաբանութեան Պատարագ», որովհետեւ անով գոհաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնուի Հօր Աստուծոյ, որ հաճեցաւ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկել՝ մարդոց հոգիներու փրկութեան համար։
 
*«Հաղորդութեան Պատարագ», որովհետեւ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ստանալով մարդիկ կը հաղորդակցին աստուածային Էութեան հետ եւ մաս կը կազմեն Անոր եկեղեցիին, հաւատացեալներու հաւաքոյթին։
 
Այս խորհուրդով Քրիստոս Նոր Ուխտ մը կը հաստատէ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։
{{Քաղվածք|Մինչդեռ Հին Կտակարանին մէջ ընտրեալ ժողովուրդը Աստուծոյ կը մօտենար քահանայի մը եւ ողջակիզուած կենդանիի մը միջոցաւ, հիմա բոլոր մարդիկ Աստուծոյ կրնան մօտենալ ուղղակիօրէն Քրիստոսի միջոցաւ եւ մանաւանդ՝ Յիսուսի Քրիստոսի հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին միջոցաւ (Հռ. 3.21-24)։ }}
Փոխան Հին Կտակարանի գառնուկին, որ խորանին վրայ պիտի զոհագործուէր մարդոց մեղքերուն փոխարէն, ահա Քրիստոս իբրեւ Անարատ Գառն Աստուծոյ, Արդարը՝ անարդարներուն համար, Անմեղը՝ մեղաւորներուն համար Իր սրբարար ու քաւչարար արիւնը թափեց քառաթեւ խաչին վրայ, որպէսզի մարդոց մեղքերը միանգամընդմիշտ ներում եւ թողութիւն գտնեն։
 
Բ) Նոյն օրը Երեկոյեան կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւնը, հետեւողութեամբ Քրիստոսի ձեռքով Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու օրինակին։
Տող 59 ⟶ 62՝
Գ) Հայ Եկեղեցւոյ մէջ «Խաւարման Գիշեր» կամ «Լացի Գիշեր» կը կոչուի Աւագ Հինգշաբթիէն Աւագ Ուրբաթ երկարող Գիշերը, անոր համար, որ այդ օրը մարդկութիւնը, Յուդայի եւ Եբրայեցի կրօնաւորներուն ընդմէջէն, Խաւարի Իշխանէն՝ Սատանայէն դրդուած մահուան առաջնորդեց Իր Արարիչը, Աշխարհի Լոյսը, նախընտրելով ապրիլ խաւարի ու մեղքի մէջ, քան թէ՝ լոյսի ու արդարութեան։
 
Խաւարման կամ Լացի Գիշեր անոր համար, որ ոչ միայն Յուդան իր կեղծ ու ատելի համբոյրով մատնեց երկնաւոր Վարդապետը, այլ հաւատարիմ նկատուող առաքեալներն իսկ, որոնք քիչ առաջ Պետրոսի նման կ՚ըսէին՝
{{Քաղվածք|«նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանամ» (Մտ 26.35)}},
շատ շուտով առանձին պիտի լքէին իրենց Ուսուցիչը ու մահուան սոսկումէն սարսափած բոլորը պիտի փախչէին՝ գլուխնին ազատելու համար, իսկ Պետրոս Առաքեալ, աքաղաղը դեռ չկանչած երեք անգամ պիտի ուրանար զՔրիստոս։
 
Հայ եկեղեցիներէն ներս այս արարողութիւնը կը սկսի գիշերը եւ կ'երկարի մինչեւ կէս գիշեր։ Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին դիմաց հաւասար չափով տասներկու մոմեր կը վառեն, մէկ մեծ մոմ կը դնեն անոնց մէջտեղ, խորհրդանշելով Յիսուսն ու Իր տասներկու առաքեալները։ Կը կարդացուին եօթը աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը, Յուդայի գալն ու համբուրելով մատնելը, Յիսուսի ձերբակալութիւնն ու քահանայապետներուն առջեւ տարուիլը, ծեծուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը։
Տող 70 ⟶ 75՝
Աւագ Շաբթուան ամենէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ Ուրբաթը, որ իր մէջ կ'ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները։
 
Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը Հռոմէացի Կուսակալ Պիղատոսէն, Հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով խաչի անարագ մահուան Անոր դատապարտութիւնը, մարդոցմէ ու զինուորներէ ծաղրուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը։ Յիսուս, գիտակից իր Աստուածային ծրագրին՝ մարդկութիւնը մեղքի տիղմէն դուրս բերելու, գառնուկի մը լռութեամբ եւ հլու հնազանդութեամբ՝ կամաւորապէս բարձրացաւ դէպի Գողգոթա եւ հոն խաչուեցաւ։
{{Քաղվածք|Ան «Նախատուեցաւ, բայց փոխարէնը չնախատեց. չարչարուեցաւ, բայց փոխարէնը չսպառնաց, այլ՝ ինքզինք Արդար Դատաւորին յանձնեց։ Մեր մեղքերը ի՛նք կրեց իր մարմինով՝ խաչին վրայ, որպէսզի մեղքի տիրապետութենէն ազատած՝ արդարութեան համար ապրինք։ Անոր վերքերովն էր որ բժշկուեցաք» (Ա.Պտ 2.23-24)։}}
 
Նոյն օրուան երեկոյեան արարողութիւնը կը յիշատակէ Քրիստոսի թաղումը։ Եկեղեցիներուն մէջ խորհրդանշական ձեւով կը պատրաստուի Յիսուսի դագաղը կամ գերեզմանը, որուն վրայ կը զետեղուի ճերմակ պատանքով պատուած խաչ մը, ի նշան Յիսուսի թաղման։ Ծնկաչոք եւ արտասուալից կ'երգուի «Սուրբ Աստուած. . . որ թաղեցար վասն մեր» եւ նաեւ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականները։
Տող 89 ⟶ 95՝
Սովորութիւն է նաեւ «Աւետման ելլել»ը կամ «Աւետիս տալ»ը, երբ երիտասարդական խումբեր տունէ-տուն շրջելով Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը կ'աւետեն շարականներով ու նուագով, որուն փոխարէն նուէրներ կը ստանան։
 
== Արտաքին հղումներյղումներ ==
* [http://philotheus.blogspot.com/2013/03/blog-post_28.html Ավագ Հինգշաբթին տարբեր ազգերի սովորույթներում] (հոդված)
{{Ավագ շաբաթ}}