«Աւգեր Հ. Յովնան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Աւգեր Հ. Յովնան Վենետկոյ Մխիթարեն''', լեզուագէտ, բանասէր, ծնած է Գաղատիա 3 Հոկտեմբեր 1877ին...»:
 
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 6.
Վանքին աշակերտներուն կը դասախօսէ հայերէն, գրականութիւն եւ Հայոց պատմութիւն, յետոյ կ’անցնի [[Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան|Մուրատ-Ռափայէլեան]] վարժարանը՝ ուսումնապետի պաշտօնով ([[1902]]-[[1905]]), այդ ատեն է (Հ. Սարեանի տեսչութեան օրով) որ Հ. Աւգերի ջանքերով Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը կ’արդիանայ եւ աշակերտներու թիւը չափէն աւելի կը բարձրանայ:
 
Հ. Աւգեր, իր մէջ յատուկ ձգտում մը զգալով լեզուներու՝ կ’աշակերտի լեզուագէտ եւ հայագէտ Էմիլիոյ Գեզայի, եւ ապա կը կատարելագործէ լեզուական ուսումը նախ Մոնագոյի եւ ապա [[Պերլին|Պերլինի]]ի համալսարաններուն մէջ: Կը վարէ Բազմավէպի խմբագրութիւնը ([[1912]]-[[1915]]), ստորագրելով նախապատմական [[Հայաստան|Հայաստանի]]ի շրջաններու եւ եկեղեցական նիւթերու վերաբերմամբ բազմաթիւն հմտալից յօդուածներ, յատկապէս բանասիրական դեռ մինչեւ այսօր: Կարճ ժամանակի համար ([[1916]]-[[1917]]) կը կարգուի վերակացու նորընծայարանի ու ապա մատենադարանապետ: Իսկ յետին տարիներս ([[1919]]-[[1929]]) կը վարէ Միաբանութեան Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօնը եւ հուսկ [[1929]]ին կ’ընտրուի Ընդհանուր Աբբայ Մխիթարեան Ուխտին վարելով զայն վեց տարիներ:
 
Հ.Աւգեր անոնցմէ է՝ որոնք աւելի կ’ամբարեն՝ քան կ’արտադրեն: Գրական կեանքին մէջ մասնակցած է Բազմավէպի, Գեղունիին: Առանձին հատորով հրատարակած է Հայ եկեղեցւոյ ժամագրքին լատիներէն թարգմանութիւնը: Դեռ անտիպ կը մնայ Շարակնոցի լատիներէն թարգմանութիւնը: Գրած է «Համառօտ գրականութիւն» մը եւ «Համառօտ վարք Մխիթեր Աբբահօր»:
Տող 13.
 
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 322: