«Մինաս Աւետիսեան (գեղանկարիչ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Ընդհանուր բնութագիր: վիքիֆիկացում, կետադրական, փոխարինվեց: → oգտվելով ԱՎԲ
Տող 78.
== Ստեղծագործութիւն ==
=== Ընդհանուր բնութագիր ===
Մինաս՝ համեմատաբար ուշ սկսելով զբաղիլ գեղանկարչութեամբ, ուղղակի ուշադրութիւն կը գրաւէ իր անսովոր մտածողութեամբ։ [[1960]]-ին անհատական ցուցահանդէսէն ետք, կարծիքները հակասական էին։ Որոշ արուեստաբաններ թերահաւատօրէն կը նայէին Մինասի աշխատանքներուն։
Նկարիչի հիմնական թեմաներէն մէկը Ջաջուռի բնաշխարհն է, այն տունը, ուր ծնած է նկարիչը, մայրը՝ դրան շեմին կանգնած, ձեռքերը խաչած («Շեմքին», 1975, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարան, Երեւան), հայրենի լեռները, բնաշխահրը։
 
Մօր հետ Կապուած ըլլալով եւ շուտ կորսնցնելով զինք, Մինաս Մօր թեմային անդրադարձած է իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ՝ եւ՛ գեղանկարներուն, ե՛ւ որմնանկարներուն, եւ՛ գծանկարներումն մէջ:
Անոր ներկապնակին մէջ կը գերակշռեն կարմիրը, կապոյտը, նարնջագոյնը, դեղինը…
 
Մանկութեան օրերուն գիւղին մէջ ստացած տպաւորութիւններէն կը բխին նկարիչին ամենավառ ու գունեղ ներդաշնակ կտաւները. («Գորգ են գործում», «Խնոցի», «Գիւղը», «Քնածը» եւ այլն)։ Եզակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ ջաջուռեան պատկերաշարը։ «Ջաջուռ» բնանկարը (1960 Կտաւ, իւղաներկ, Ժամանակակից արուեստի թանարան, Երեւան) համադրութիւն է այն առաւել արժէքաւորի, որ նկարիչը ձեռք բերած է բնութիւնը պատկերող իր բազմաթիւ կտաւներուն մէջ։