«Աւստրալիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ՉNo edit summary
Տող 179.
Աւստրալիան հանրապետական ձեւով կառավարելու կողմնակիցները աւելի ուժեղ դիրքորոշում ունին։ Պետութեան գլխաւոր օրէնքը [[Սահմանադրութիւն]]ն է, որ հաստատուած է [[Վիքթորիա Թագուհի|Վիքթորիա թագուհի]]ին կողմէն 1900 թուականին։ Սահմանադրական ուժով օժտուած են նաեւ այլ [[Օրենսդրութիւն|օրէնսդրական]] օրէնքները, օրինակ՝ «Ուէսթմինսթըրեան կանոնադրութիւնը ընդունելու օրէնքը» եւ «Աւստրալիոյ որոշուած օրէնքը»։
 
Աւստրալիոյ մէջ յաճախ կը բարձրացուի հանրապետական կառավարման հարցը։ 1998 թուականի Փետրուարին [[Քանպերա]]յի մէջ տեղի ունեցաւ Սահմանադրական համագումար, ուր պատուիրակներուն մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկեց, որպէսզի Աւստրալիան դառնայ հանրապետութիւն։ 1999 թուականի համագումարի արդիւնքով հանրապետական կառավարութիւն մտցնելու համար հանրաքուէ տեղի ունեցաւ։ Հանրապետութեան օգտին քուէարկեց 45,13%։ Ըստ 2005 թուականի վերջաւորութեան տեղի ունեցած ընկերաբանական «sociological» հարցուփորձին՝ աւստրալիացիներու 46%-ը կը ցանկան, որ Աւստրալիան դառնայ հանրապետութիւն։ Միայն 34% կը կարծէ, որ երկիրը պէտք է ղեկավարէ բրիտանական միապետը, այդուհանդերձ 52%-ը չի ցանկար, որ յաջորդ թագաւորը ըլլայ [[Արքայազն Չարլզ (արեւմտահայերէն)|Արքայազն Չարլզ]]ը, որուն որպէս պետութեան գլուխ կը փափաքին տեսնել քաղաքացիներու միայն 29%-ը<ref>[http://rus.delfi.lv/news/daily/abroad/article.php?id=13388110 Ավստրալիան ցանկանում է հանրապետություն դառնալ]</ref><ref>[http://www.dengi-info.com/news/?nid=16881 ԱվստրալիացիներըԱվստրալացիները ցանկանում են իրենց երկիրը հանրապետություն տեսնել]</ref>։ Շատ դիտորդներ կը կարծեն, որ [[Էլիզապէթ Բ.]] թագուհին կը դառնայ վերջին բրիտանացի միապետը, որ կը գլխաւորէ Աւստրալիոյ միութիւնը։ 2007 թուականի Մարտին Աւստրալիոյ վարչապետ Ճոն Հաուըրտը կասկածի տակ առաւ Աւստրալիոյ՝ հանրապետութիւն դառնալու փաստը, քանի դեռ իշխանութիւնը կը գտնուի Էլիզապէթ II թագուհիին ձեռքը<ref>[http://www.mignews.com/news/politic/world/150306_73704_47957.html Քանի դեռ թագուհին է ղեկավարում, Ավստրալիան հանրապետություն չի դառնա]</ref>։
 
=== Գործադիր Իշխանութիւն ===
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Աւստրալիա» էջէն