«Բագրատունեանց Հայաստանի Վերելքը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (- , +,, -, +, , - + )
Տող 3.
'''[[926]]'''-ին [[Աշոտ Բ.]] մեռաւ անժառանք:Անոր յաջորդեց եղբայրը՝ [[Աբբաս]]:
Աշոտի թագաւորութեան վերջին տարիները անցած էին խաղաղ: Աբբասի իշխանութիւնն ալ անցաւ գրեթէ անխռով եւ թագաւորը ինզինք ամբողջութեամբ նուիրեց շինարարութեան:
Աբբաս բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ մշակեց [[Ատրպատական]]ի եւ [[Դուին]]ի էմիրներուն, ինչպէս նաեւ [[Վրաստան]]ի, [[Աղուանք]]ի եւ [[Վասպուրական]]ի թագաւորներուն հետ:Ան յաջողեցաւ Դուինի էմիրին հետ գերիներ փոխանակել, ինչ որ ժողովուրդին ապահովութիւն ներշնչեց: Հազարաւոր հայեր վերադարձան իրենց հողերը՝ լծուելու համար շինարար աշխատանքի:
Շեղելով իր նախորդներուն քաղաքականութենէն, Աբբաս բաւականացաւ Բագրատունի տոհմին սեփականութիւնը կազմող հողերուն վրայ միայն տարածելով իր իշխանութիւնը: Աւատապետական փառասիրութիւններ եւ անջատողական ձգտումները ճնշելու համար, իր նախորդները մեծ ուժ եւ ահագին եռանդ սպառած էին: Ներքին կռիւները նաեւ պատճառ կը դառնային ընդհանուր տկարութեան եւ անիշխանական վիճակի, որմէ յաճախ կ'օգտուէին արաբները եւ կ'ասպատակէին երկիրը: Աբբաս թոյլ տուաւ, որ նախարարները իրենց հողերուն վրայ ըլլան ինքնիշխան, պայմանով սակայն, որ անոնք բարոյապէս իրենք զիրենք կապուած զգան հայոց թագաւորութեան եւ ընդունին անոր գերագահութիւնը: Աբբասի հանդուրժողական քաղաքականութիւնը բնականաբար նպաստեց [[Հայաստան]]ի ներքին անդորրութեան :
== Աբխազներու Արշաւանքը ==
[[Պատկեր:Abkhaz-deputatklk.jpg|մինի|Աբխազներ]]
[[Պատկեր:Armenian Cathedral of Kars.png|մինի|ձախից|Կարսի Ս.Առաքելոց եկեղեցի]]
Աբբասի օրով Հայաստանի մայրաքաղաքը '''[[Երազգաւորս]]էն''' փոխադրուեցաւ ''[['Կարս]]''', որ յարմարութիւններ ունէր պաշտպանութեան համար: Աբբաս ամրացուց քաղաքը, զ108այն ոժտելով նոր պարիսպներով, շէնքերով ու պալատներով: Իր նախաձեռնութեամբ կաթողիկոսական աթոռը եւս [[Աղթամար]]էն փոխադրուեցաւ [[Շիրակ]]ի [[Արգինա աւան]]:Մայրաքաղաք '''Կարսի Ս.Առաքելոց եկեղեցին''', որուն շինութիւնը տեսած էր եօթը տարի, պիտի օծուէր շուքով, երբ հաւանաբար բիւզանդացիներու դրդումով, հիւսիսէն արշաւեցին [[աբխազները]]:Անոնց պետը՝ [[Բեր]] զօրավար կը յաւակնէր մտնել Կարս եւ տաճառը օծել տալ վրացական կամ յունական ծէսով, թէ ոչ, կ'ըսէր ան, երկիրը վերածուէր անապատի:
Հայկական բանակով Աբբաս քալեց [[աբխազներ]]ու դէմ, որոնք կոտորուեցան Կուր գետի ափին եւ անոնց զօրապետը՝Բեր գերի ինկաւ: Կարսի տաճառին դիմաց բերել տալով զայն, Աբբաս ըսաւ անոր. «Լաւ նայէ՛ այս եկեղեցիին, որովհետեւ այլեւս զայն պիտի չտեսնես»: Ապա, անոր աչքերը կուրցուց:
Շնորհիւ Աբբասի աչալրջութեան, թշնամիները չհամարձակեցան մօտենալ Հայաստանի սահմաններուն: [[Ատրպատական]]ի էմիրը անգամ մը եւս Վասպուրականի վրայ յարձակած ըլլալով, Աբբաս հայկական բանակով օգնութեան հասաւ Արծրունիներուն: Անոնք միասնաբար ետ մղեցին [[արաբներ]]ը:Այս դէպքը առիթ եղաւ, որպէսզի Աբբաս ամրացնէ Բագրատունիներուն հովանաւորութիւնը [[Արծրունի]]ներու Թագաւորութեան վրայ:
Տող 17.
Աշոտ Գ. աւելի եւս բարձրացուց Բագրատունեանց թագաւորութեան հեղինակութիւնը: Ան եղաւ բարեգութ եւ հոգածու՝ աղքատներուն եւ անկարողներուն հանդէպ: Ասոր համար ալ ան ստացաւ Ողորմած անունը: Միաժամանակ, Աշոտ Գ. գիտցաւ վճռակամ ըլլալ թնամիներուն հանդէպ:
Ան նախ զօրացուց բանակը, որուն թիւը հասաւ 90-100 հազարի: Բանակի սպարապետ նշանակուեցաւ [[Գէորգ Մարզպետունի]]ի որդին՝[[Գոռը]] :
Մինչեւ Աշոտ Գ. Հայաստանի մայրաքաղաքը փոխադրուած էր քաղաքէ քաղաք : Ատենէ մը ի վեր սակայն , շինարարական մեծ աշխատանքներ տեղի կ'ունենային [[Անի]]ն մայրաքաղաքի վերածելու համար: [[961]]-ին , երբ տեղի ունեցաւ Աշոտ Գ.-ի թագաւորութիւնը, Անին հռչակուեցաւ Հայաստանի մայրաքաղաք:
Աշոտ Գ.-ի թագաւորութիւնն ու Անիի մայրաքաղաք հռչակումը կատարուեցան բացառիկ շուքով: Հանդիսութիւններուն ընթացքին, 100 հազարնոց բանակը հաւաքուեցաւ Անիի մէջ: Օծումը կատարեց [[Անանիա կաթողիկոս]]: [[Բիւզանդիոն]]ի կայսրը, [[Պաղտատ]]ի խալիֆան, [[Աբխազ]]իոյ թագաւորը եւ [[պարսկաստան]]ի [[էմիրները]]ը թանկագին նուէրներ ղրկած էին: Անձամբ ներկայ էին [[աղուան]]ներու թագաւորն ու կաթողիկոսը, բոլոր հայ նախարարները եւ 40 [[եպիսկոպոս]]ներ :
Իր օծումէն անմիջապէս ետք, Աշոտ ստիպուեցաւ կռիւի ելլել [[արաբ]] էմիր [[Համտուն]]ի դէմ, որ ապստամբելով [[խալիֆա]]յին դէմ, կոտորեց անոր զօրքը : էմիրը, որ գերի ինկած էր , գլխատուեցաւ : Այս առիթով Աշոտ Գ. առատ նուէրներ ստացաւ խալիֆայէն, որ իրեն նաեւ շնորհեց [[Շահի Արմէն]] տիտղոսը :
Աշոտ Գ. պետական կառավարման համակարգը բարելաւելու եւ աւելի ճկուն դարձնելու համար , թագաւորութեան կարգ մը մեծ ու ռազմական նշանակութիւն ունեցող մարզերուն կառավարումը յանձնեց տեղւոյն իշխաններուն , մասնաւորապէս Բագրատունեանց տոհմի ներկայացուցիչներուն՝ զանոնք օժտելով փոխարքայի լիազօրութիւններով: Այսպէս, [[963]]-ին ան Վանանդի թագաւոր հռչակեց իր կրտսեր եղբայրը՝ Մուշեղ Բագրատունին: Քանի մը տարի ետք, [[972]]-ին, Աշոտ Տաշիր-Ձորագետի թագաւոր հռչակեց կրտսեր որդին՝ [[Գուրգէն]]ը: [[987]]-ին թագաւոր հռչակուեցաւ նաեւ Սիւնիքի գահերէց Սմբատ իշխանը: Մինչ այդ, [[908]]-ին, [[Վասպուրական]]ի մէջ հիմնուած էր [[Արծրունիներ]]ու առանձին թագաւորութիւնը:
 
• [[Կարս]]ի թագաւորութիւնը տեւեց մէկ դար (963-1065):
Տող 26.
 
• [[Տաշիր-Ձորագետ]]ի թագաւորութիւնը ունեցաւ աւելի քան մէկ դարու կեանք (972-1113):
Թագաւորութիւնը կոչուեցաւ նաեւ [[Կիւրիկեան Հարստութիւն]]:Թագաւորութիւնը կը բաղկանար [[Գուգարք]] նահանգի մեծագոյն մասէն , կեդրոնն էր [[Լոռի]] քաղաքը: Թագաւորութիւնը իր հզօրութեան գագաթնակէտին հասաւ [[Դավիթ Անհողին|Դաւիթ Անհողինի]] օրով (989-1048):
 
• [[Սիւնիք]]ի թագաւորութիւնը աւելի երկար կեանք ունեցաւ: Ան իր գոյութիւնը պահպանեց շուրջ երկու դար (987-1170):
Թագաւորութեան կեդրոնը սկիզբը Սիւնի աւանն էր , ապա ան փոխադրուեցաւ Կապան:
Համեմատաբար փոքր տարածութիւն ունեցող այս թագաւորութիւնը ունէր բաւական խիտ բնակչութիւն: ԺԲ. Դարուն Սիւնիքի մէջ կային 43 բերդեր ու ամրոցներ, 40 վանքեր եւ 1000-է աւլեի գիւղեր ու աւաններ:
 
• Վասպուրականի թագաւորութիւնը կ'ընդգրկէր ընդարձակ շրջան մը՝ Վանայ եւ Ուրմիոյ լիճերուն միջեւ, մինչեւ Արաքս գետ: Աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութիւն հաշուող այս թագաւորութիւնը կը գտնուէր առեւտրական կարեւոր ուղիի մը վրայ, Պարսկաստանէն կու գար եւ դէպի հիւսիս եւ արեւմուտք զանազան ուղղութիւններով կ'երթար:
[[Գագիկ Արծրունի]]ի թագաւորութեան տարիներուն (908-943) Վասպուրականը ապրեցաւ տնտեսական եւ մշակութային վերելք:
Պատմական աղբիւրներու համաձայն, ԺԱ. դարուն Վասպուրականը ունէր 8 քաղաք , 400 գիւղ, 72 ամրոց ու բերդ եւ 115 վանք :
 
== Հայ-Բիւզանդական Յարաբերութիւնները ==
[[Պատկեր:Sanahin Salvador 1.jpg|մինի|աջից|Սանահինի վանք]]
[[Աշոտ Գ]].-ի օրով, բիւզանդական գահ բարձրացաւ հայ ծագումով զօրավար մը՝ [[Յովհաննէս Չմշկիկ]]:Ան [[արաբներ]]ու դէմ մեծ արշաւանքի մը ձեռնարկեց:[[974]]-ին, երբ հսկայ բանակի մը գլուխը անցած ան մօտեցաւ [[Հայաստան]]ի հարաւային սահմաններուն, [[հայեր]]ը ահազանգի մատնուեցան: Հայաստանի թագաւորներն ու նախարարները, ծանօթ ըլլալով [[բիւզանդացիներ]]ու նուաճողական եւ հակահայ տրամադրութիւններուն, խմբուեցան Աշոտ Գ.-ի շուրջ՝ պաշտպանելու համար իրենց անկախութիւնը:
[[Կարս]]ի, [[Տաշիր]]ի, Սիւնեաց, [[Վասպուրական]]ի եւ [[Սասուն]]ի իշխաններն ու թագաւորները, իրենց զօրքով միացան Աշոտ Գ.- բանակներուն :80 հազարնոց բանակ մը ոտքի էր դիմաւորելու համար վտանգը:Չմշկիկի պատգամաւորները երբ տեսան հայոց վճռակամութիւնը եւ Աշոտի մեծ զօրքը, վերադարձան զգուշացնելու համար կայսրը: Պատգամաւորներուն հետ մեկնեցան նաեւ հայոց ներկայացուցիչները, որոնք կայսեր հետ բարեկամութեան եւ զինակցութեան դաշինք մը կնքեցին:
Այսպէս, շնորհիւ հայերու միասնականութեան կարելի եղաւ վտանգը հեռացնել Հայաստանի սահմաններէն:
Աշոտ Գ.-ի շուրջ 25 տարուան գահակալութիւնը Հայաստանի համար խաղաղութեան եւ շինարարութեան շրջան մը եղաւ:Աւելի զարգացան արհեստները եւ արուեստները: [[Անի]]ն գեղեցկացաւ բազմաթիւ նոր պալատներով եւ եկեղեցիներով:Անիկա օժտուեցաւ աշտարակաւոր պարիսպներով, պահեստներով, հիւրանոցներով, մաքսատուներով եւ կամուրջներով:
Աշոտ Գ.-ի օրով, իր բարեգործութիւններով կարեւոր դեր կատարեց [[Խոսրովանույշ թագուհի|Խոսրովանոյշ թագուհ]]ին:Ան հիմնեց [[Հաղբատ]]ի եւ [[Սանահին|Սանահի]]նի վանքերը:Խոսրովանոյշ հիմնեց նաեւ Սեւանի միաբանութիւնը:Ան կը նկատուի միջնադարու հայ մեծագոյն բարերարներէն:
== Սմբատ Բ. (977-989) ==
[[Պատկեր:Haghpat Surb Nshan.jpg|մինի|աջից|Սմբատ Բ. Տիեզերակալի եւ Կուրիկեան Գուրգէն թագաւորի բարձրագանդակը, Հաղբատ]]
[[Աշոտ Գ]].-ի յաջորդեց իր [[Սմբատ]] որդին, որ նաեւ կոչուեցաւ Տիեզիրակալ, որովհետեւ կրցաւ ամբողջ [[Հայաստան]]ը առնել իր իշխանութեան տակ:Իր օրով շարունակուեցան շինարարական աշխատանքները, որովհետեւ արտաքին վտանգ չէր սպառնար Հայաստանի:[[Բիւզանդիոն]] կռուի մէջ էր [[պուլկարներ]]ու հետ, իսկ [[արաբներ]]ը թուլցած էին իրենց ներքին հակամարտութիւններուն պատճառով:
[[Անի|Անիի]] հարաւային եւ արեւելեան կողմերէն կ'անցնէր [[Ախուրեան գետ]]ը, իսկ արեւմուտքէն մայրաքաղաքը պաշտպանուած էր [[Ծաղկաձոր]]ով:Բնական պաշտպանութենէ զուրկ հիւսիսային կողմը [[Սմբատ Բ]]. ամրացուց «Սմբատեան» կամ «Սմբատաշէն» կոչուող կրկնակի պարիսպներով եւ աշտարակներով, որոնց շինութիւնը տեւեց ութ տարի:Ան շինել տուաւ նաեւ գեղեցիկ եւ ընդարձակ սրահներով արքունի պալատը:Իր օրով սկսաւ [[Անիի Մայր Տաճար]]ին շինութիւնը ([[989]]):Ան կաթողիկոսական աթոռը [[Արգինայ]]էն փոխադրեց Անի:
Համեմատաբար խաղաղ այս գահակալութեան շրջանին ներքին խնդիր մը շրջան մը խռովեց երկիրը:Սմբատ Բ. [[Կարս]]ի [[Մուշեղ թագաւոր]]էն խլած էր [[Շատիկ բերդը]]:Մուշեղ իրեն օգնութեան կանչեց [[Տայք]]ի [[Դաւիթ Կիւրողապատ|Դաւիթ Կիւրողապատը]], որ [[Բագրատունի]] ծագումով, բայց բիւզանդացիներուն ենթակայ վրացի դարձած իշխան մըն էր: Վրացական բանակով, Դաւիթ օգնութեան հասաւ Մուշեղին, որ որոշած էր տապալել Սմբատը եւ տիրանալ անոր գահին:Ան նոյնիսկ դիմած էր [[արաբ]] էմիրի մը օգնութեան, որ քիչ ետք մտնելով Հայաստան ձեռնարկած էր աւերածութիւններու:Բարեբախտաբար, սակայն, Սմբատ Բ. յաջողեցաւ շուտով կարգն ու խաղաղութիւնը վերահաստատել:Ան նաեւ հաշտուեցաւ Դաւիթ Կիւրողոպատին հետ, որ հետագային հաւատարիմ դաշնակիցը դարձաւ հայերուն:
== Գագիկ Ա. (989-1020) ==
[[Պատկեր:Gagik I Bagratuni.jpg|մինի|ձախից|Գագիկ Ա.-ի արձանը Անիի մէջ]]
Սմբատ մեռաւ անժառանգ:Իրեն յաջորդեց եղբայրը՝ [[Գագիկ]], որ նոյնպէս շարունակեց շինութիւններով բարեզարդել [[Անի]]ն ու իր շրջակայքը:Ան [[Տրդատ ճարտարապետ|Տրդատ ճարտարապետին]] աւարտել տուաւ Մայր Տաճարին շինութիւնը:Տրդատ շինեց նաեւ կաթողիկոսարանը, ինչպէս նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ հռչակաւոր [[Այա Սոֆիա]] մեծ տաճարին գմբէթը:
[[Գագիկ Ա]]-ի օրով, Բագրատունեանց թագաւորութիւնը հասաւ իր զօրութեան գագաթնակէտին, թէ ռազմական զօրութեամբ եւ թէ հողային ընդարձակութեամբ: Ան բանակին ընդհանուր թիւը հասցուց 100 հազարի, սպարապետութիւնը յանձնելով [[Վահրամ Պահլաւունի]]ն:
Գագիկ Ա.-ի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական գիծը եղաւ քրիստոնեայ պետութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութիւն ցուցաբերել՝ [[Հայաստան]]ը ձերբազատելու համար թշնամիներէն:Ան բարեկամութիւն հաստատեց [[Տայք]]ի Կիւրողապատ իշխանին հետ, որ յարձակելով [[Մանազկերտ]]ի [[Աբբաս]] էմիրին վրայ, խլեց քաղաքը:Երբ իր կարգին էմիրը քալեց Դաւիթի դէմ, Գագիկ հասաւ իր դաշնակիցին օգնութեան եւ անոնք միասնաբար կոտորեցին էմիրին զօրքերը:
Աւելի ուշ, Գագիկ միացաւ նաեւ [[Վրաստան]]ի [[Բագրատ Գ (Աբխազիայի արքա)|Բագրատ Գ.]] թագաւորին՝ յարձակելու համար [[Գանձակ]]ի արաբ էմիրին վրայ, որ պարտուելով կորսնցուց իր հողերուն մէկ մասը:
[[Պատկեր:Istanbul Hagia Sophia IMG 7406 1800.jpg|մինի|աջից|Այա Սոֆիայի տաճարը]]
Ներքին քաղաքականութեան մէջ, կեդրոնական իշխանութեան դէմ առնուած որեւէ քայլ խստօրէն պատժուեցաւ:Այսպէս, ան յարձակեցաւ իրեն անհնազանդ [[Ձորագետ]]ի Դաւիթ թագաւորին վրայ ու գրաւեց անոր հողերը, որուն համար վերջինը կոչուեցաւ Դաւիթ Անհողին:Գագիկ Ա. նաեւ Վասպուրականէն խլեց կարգ մը հողամասեր, զորս կցեց իր թագաւորութեան:
Գագիկ Ա.-ով վերջ կը գտնէ յարաբերական խաղաղութեան շրջան մը:[[925]]-էն ի վեր Հայաստան չէր ենթարկուած կարեւոր արշաւանքի:Ան զօրացած էր, եւ օգտուելով քաղաքական ու ռազմական ապահով վիճակէն, լծուած էր շինարարական աննախընթաց աշխատանքի:
 
== Աղբիւրներ ==