«Բիւզանդ Կռանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Ծնած է Այնթապ (Կիլիկիա), ու տակաւին մանուկ՝ ծնողքին հետ գաղթած է Համա (Սուրիա), 1920-ին, իր ծննդավայրի...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

10:13, 7 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Ծնած է Այնթապ (Կիլիկիա), ու տակաւին մանուկ՝ ծնողքին հետ գաղթած է Համա (Սուրիա), 1920-ին, իր ծննդավայրի հայութեան ինքնպաշտպանութեան կռիւներէն ետք: Մայրը եղած է թրքախօս, ինչպէս եղած են գրեթէ իր բոլոր հայրենակիցները. հետեւաբար՝ նաե՛ւ Բիւզանդ թրքախօս եղած է մինչեւ տասընմէկ տարեկան, եւ մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ ունեցած է Համայի հայ քահանան:

1922-ին մեկնած են Եգիպտոս, 1923-ին՝ Յունաստան եւ 1924-ին վերստին Եգիպտոս՝ ուր հաստատուած ե վերջապէս: Յաճախած է Աղեքսանդրիոյ «Պողոսեան» ազգային վարժարանը, որուն ընթացքը լրացուած է 1926-ին՝ Նիկոլ Աղբալեանի տնօրէնութեան ու Լեւոն Շանթի ուսուցչութեան օրով: Թէեւ նոյն տարին իսկ (1926) կը սկսի յաճախել Ֆրանսական «Սենթ Գաթըրին» երկրորդական վարժարանը, սակայն նիւթական պատճառներով կը հարկադրուի ընդհատել ուսման ընթացքը, երկու տարի գրասենեկային պաշտօն ստանձնելով Զակազիկի ծխախոտի «Կամսարական Տան» մէջ՝ որուն ընդհանուր տնօրէնն էր, այդ օրերուն, Դասպար Իփէկեան:

1930-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ՝ իբրեւ Հայ գիւղատնտեսական Միութեան «Աւետիս Ահարոնեան սան» եւ կաւարտէ Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանի գուղատնտեսական դասընթացքը: Նպատակն էր ճարտարապետ դառնալ, սակայն նիւթական միջոցները թոյլատելու չէին: Կը հարկադրուի վերադառնալ Եգիպտոս (Գահիրէ)՝ ուր կը հաստատէ գծագրային իր անձնական գրասենեակը:

1951-ին կը հրաւիրուի Կիպրոս՝ հանրային գործով, ապա՝ 1952-ին Յունաստան: 1952-1955 կը վարէ Աղեքսանդրիոյ «Պողոսեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: 1956-ին կը հրաւիրուի Հիւսիսային Ամերիկա իբրեւ կուսակցական գործիչ՝ երկու տարուան համար, եւ պաշտօնականութեան վարիչ-քարտուղարի պաշտօնին, զոր կը վարէ մինչեւ 1981:

Մօտ քառորդ դարէ ի վեր Բիւզանդ Կռանեան կը շրջի Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական գաղութներու մէջ կրթական շարժման եւ հանրային մեր կեանքին բոլորանուէր ծառայութեամբ, միշտ սերտ կապ պահելով գրական-մշակութային եւ հրապարակագրային մեր կեանքին հետ, յաճախ ճամբորդելով նաեւ դէպի Միջին Արեւելքեւ Եւրոպա՝ կրթական առաքելութեամբ:

1945-1975 թուականներուն եւ մինչեւ մեր օրերու սփիւրքեան գրականութեան մէջ իր վաստակով յայտնի անուն մը, Կռանեան իր քերթողական թէ արձակ գործերուն մէջ՝ նուրբ զգայնութեան կը միացնէ մտածական տարերը եւ հաւասար տաղանդով կ'աժեւորէ մարդուն ու կեանքին սեւերող իր բազմակողմանի ստեղծագործութիւնները: Որքան դասականին՝ նո՛յնքան եւ արդի գրական հոսանքներուն հետ իր հաղորդութեամբ, ըստ խորքի թէ ձեւի գիտցած է թարմանալ, քալել ժամանակին հետ եւ գրական իր սեւեռումները վերածել ապրումով, թելադրական ներուժութեամբ ու կառուցային ամրութեամբ յատկանշուող որակաւոր իրագործումներու: Սկզբնական իր էջերուն եւ վերջին քսնամեակի քերթողական թէ արձակ ստեղծագործութեանց թագդատական քննարկումով կարելի է անվրէպ հաս¬ տատել թէ Կռանեան իմացական վհրանորոգումի եւ արտայայտչական կարելիութիւններու տեսակէտով դէպի վհրհլք դիմոգ արուեստագէտն է, լհզուական համապատասխան շնորհներով օժտուած, առանց կոր– սընցնելու ցգայնութեան տրոփը՝ իմացապաշտ իր սուցումնհրուն մէջ։ Գրական իր վաստակին մաս կը կազմեն արձակ բանաստեզծու– թեանց երկու հատորներ՝ «Կեանքը մերն է հիմա» (1948) եւ «եյեն– թութիւն սրբազան» (1955), երկարաշունչ վէպ մը՝ «Հայկական Կա¬ տակերգութիւն» (1967), եւ հայրենական տպաւորութիւններու ոգե– պաշտական արձակներ համադրոզ հատոր մը՝ «Հայաստան եւ Հայը» (1977), զոր հրատարակեց 1974ին դէպի Հայաստան կատարած ուզե– ւորութենէ մը դարձին։ Այս գործերը, ինչպէս նաեւ հայ գրական պարբերականներու եւ օրաթերթերու մէջ ցրուած իր զանազան էջերը 1975ին եւ 1980ին հա– մադրաբար հրատարակուեցան՝ իր «Ամբողջական գործհր»ու Ա. եւ Ո. ստուար հատորներով։ Մամուլի յանձնուած է քերթուածներու, դէմքերու, պատմուածքներու եւ թատրերգութեանց ստուար թիւ մը իբրեւ Գ. հատորը իր «Ամբողջական Գործեր»ուն»: