«Գաղատիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Գաղատիա (Անգարա)''', Անկիւրիա կամ Էնկիւրի, հին երեւելի ու պատմական քաղաք, նարկայիս (1938) մայր...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

14:34, 14 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Գաղատիա (Անգարա), Անկիւրիա կամ Էնկիւրի, հին երեւելի ու պատմական քաղաք, նարկայիս (1938) մայրաքաղաք Թուրքիոյ, ինչպէս ժամանակաւ մայրաքաղաք եղած է Գաղատիա գռ.ին, Փոքր Ասիոյ մէջ:

Գաղատիա նշանաւոր եղած է իբրեւ քրիստոնեայ քաղաք. Ս. Պօղոս գնաց քարոզելու Աւետարանը անթիւ կուռքերով լի քաղաքիս մէջ, եւ քրիստոնէական ճշմարիտ կրօնքը հոն ունեցաւ իր աղանդաւորները: Չորրորդ դարու առաջին կիսուն, Ս. Յուլիս քահանայապետը Գաղատիոյ եկեղեցին առաքելական եկեղեցիներու կարգը դասեց, հոս գումարուած են շատ ժողովներ, յորոց ոմանց կանոնները եւս հասած են մեզ:

Անգարա հեռուէն հիանալի եւ նկարչական դիրք ունի, ամփիթէատրոնի ձեւով տարածուած է, 120 մէրթ դաշտէն եւ 920՛ ծովու մակերեւոյթէն բարձր բլրոյ մը՝ արեւելեան, հարաւային եւ արեւմտեան կողմերը, որուն գագաթին վրայ հանգչած է մեծատարած եռապարիսպ բերդը: Գաղատիոյ հնութեանց մէջ առաջինը կը համարուի հռչակաւոր Օգոստոսի տաճարը, որ ոչ միայն մասամբ կանգուն մնացած որմերու սրբատաշ եւ հաւասարաչափ սարմարիոն քարերով, ճարտարապետական ձեւովը եւ զարդերով, այլեւ ընդարդակ արձանագրութիւններովը, յոյժ հետաքրքրական եւ թանկագին մնացորդ մըն է հնութեանց յաչս հնախօսներու եւ պատմաբաններու: Թուրքերը այս տաճարին Հաճի Պէյրամ անունը կու տան մերձակայ համանուն մզկիթի անուամբ, որուն մէջ է Հաճի Պէյրամի շիրիմը եւ գաղագը: Հին արձաններ, խոյակեր, սիւներ եւ ուրիշ հնութեանց մնացորդներ կը գտնուին քացաքիս զանազան կողմերը:

ԺԹ. դարուն սկիզբը Գաղատիոյ բնակչութիւնը 40000-50000 էր. իսկ 1900ին 30-35 հազար: Մեծամասնութիւնը կը կազմէին Թուրքեր, որոնք ընդհանրապէս պետական գործերով կը զբաղէին: Բազմութեան կողմէն երկրորդ կու գային հայ կաթողիկեայք, որոնց թիւը 10000ի կը հասնէր, եւ 1850 թուականէն է վեր ունեցած էին իրենց եպիսկոպոս առաջնորդներ, որոնց մէջ նշանաւոր եղած է Գեր. Անտոն եպ. Շիշմանեան (1850-1862), որուն դամբանը կը գտնուէր մայր եկեղեցւոյ աւագ խորանին կռնակը. Այդ եպիսկոպոսին օրով բացուած է վանք մը, որուն մասին Գէորգ Փէրոյ Գաղղիացի ուղեւորը գովեստով կը խօսի: Հին ատեն բոլոր Հայերը թուրքերէն կը խօսէին, այս վանքի աշակերտները կ’ըլլան ամբողջ քաղաքի հայ հասարակութեան մէջ հայերէն լեզուն մշակողն ու խօսողը: Կաթողիկէ Հայերը չորս եկեղեցի ունէին. Ս. Աստուածածին՝ որ էր մայր եկեղեցին, որուն մօտ կը գտնուէին տարրական դպրոցներ. Կանխաւ կար նաեւ գաղղիացի Եգինէոս Պօրէէն հաստատուած լեզուաց դպրոց մը: 1883-1884 տարիներու մէջ Յակոբ Գըրմըզեան քեհենեյի ջանքով բացուեցաւ Որդին Յիսուսի կամ Քառասնից կոչուած վարժարան մը, որ յետոյ րա»ագաներու բերմամբ ժամանակ մը փակ մնաց:

Լուսաւորչական Հայոց սեփականութիւնն էր Գաղատիոյ հիւսիսակողմը գտնուող Ս. Աստուածածին գանքը, քաղաքէն կէս ժամ հեռու, հոս կը նստէր քաղաքին առաջնորդը, երկու կամ երեք վարդապետներով:

Գաղատիա ընդհ. պատերազմէն ետք Աթաթիւրք Քէմալ փաշայի, նոր Թուրքիոյ, մայրաքաղաքն եղաւ. 1926ի մանդահամարի մը համաձայն 122,700 բնակիչ ունէր, որոնց 239 հայ մեծ մասամբ կաթողիկէ, 6 հոգի միայն կրիկօրիէն արձանագրուած:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 451: