«Գաղափարախօսութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արեւելահայերէն|Գաղափարախոսություն}} '''Գաղափարախօսութիւն''' (յուն․՝ ιδεολογία, ծ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

11:02, 13 Դեկտեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Արեւելահայերէն Գաղափարախօսութիւն (յուն․՝ ιδεολογία, ծագած է ιδεα - «նախատիպ», «գաղափար» եւ λογος - «բառ», «միտք», «ուսուցում» բառերէն), գաղափարներու եւ հայեացքներու համակարգ, կ՛արտացոլէ հասարակութեան տարբեր խաւերու, խումբերու վերաբերմունքը իրականութեան հանդէպ, կ՛արտայայտէ անոնց արմատական շահերը, մտայնութիւնը եւ պահանջները[1]։

Հասկացութեան պատմութիւն

«Գաղափարախօսութիւն» եզրը սկսած է կիրառուիլ Ֆրանսայի մէջ 18-րդ դարու վերջը Տեսդուդ տէ Թրանսիի կողմէ, որ Էդիէն Պոննոտը Քոնտիլեակի հետ միասին կը փորձէր ստեղծել գիտութիւն մը՝ գաղափարներու ձեւաւորման ընդհանուր սկզբունքներու ու մարդկային գիտակցութեան հիմքերու մասին։ Ջոն Լոքի զգացական իմացաբանութեան հետեւորդ՝ տէ Թրասին գործածութեան մէջ դրաւ եզրը՝ գաղափարներու մասին ուսմունքը բնորոշելու համար, որ իր կողմէն կ՛ընկալուէր, որպէս զգայական փորձէն ստացուած գաղափարներու ծագման ընդհանուր օրինաչափութիւններու մասին ուսմունք։ Այս ուսմունքը պէտք է հանդէս գար ինչպէս գիտական, այնպէս ալ հասարակական կեանքին մէջ՝ որպէս կողմնորոշման հիմնական սկզբունք։ Այդ պատճառով տէ Թրանսին գաղափարախօսութեան մէջ կը տեսնէր բարոյականութեան հիմունքներու, քաղաքականութեան, իրաւունքի մասին գիտելիքներու համակարգ։

Տեսդուդ տէ Թրանսին ու Քոնտիլեակը կը փորձէին ազդել Նապոլեոնի վարած քաղաքականութեան վրայ, որ կը համարէր, որ անոնք կը փորձեն փոխարինել քաղաքական իրականութիւնը վերացական պնդումներով, ու բացասաբար վերաբերուեցաւ առաջ բերուած առաջարկներուն։ Պատմական մեծ դէմքի թեթեւ ձեռքով «գաղափարախօսութիւն» բառը ձեռք բերաւ նուաստացնող իմաստ, որ կարծրացած է ընդհուպ մինչեւ մեր օրերը։ Կապուած անոր հետ, որ տէ Թրասիի ու Քոնտիլեակի նախագիծը մերժուած է Նապոլեոնի կողմէ, գաղափարախօսութեան հասկացութիւնը որոշ ժամանակով մոռացուեցաւ։

Ծանօթագրութիւններ

  1. Նիկոլա Յարութիւնեան, Գուրգէն Գեղամեան, Նորագոյն պատմութիւն, Երեւան 156, էջեր 156 — 156 էջ. — 69000 հատ։