«Գերմաներէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Կը խմբագրեմ}} {{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Գերմաներեն}} '''Գերմաներէն''' ({{Լեզու de|Deutsche Sprache}})՝ հնդեւրոպական...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

11:31, 15 Նոյեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Գերմաներէն (գերմաներէն՝ Deutsche Sprache)՝ հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին գերմանական ճյիւղին արեւմտագերմանական խումբին պատկանող լեզու մըն է։ Ատորով կը խօսին գերմանալեզու տարածքներուն մէջ՝ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Զուիցերիոյ, Լիխթէնշթայնին, Լիւքսեմպուրկին, Արեւելեան Բելգիոյ, Հարաւային Թիրոլին, Էլզասին եւ Լոթրինկէնին, ինչպէս նաեւ՝ Կեդրոնական Եւրոպայի փոքրամասնութիւններուն քով եւ Եւրոպայէն դուրս գտնուող մի շարք երկիրներուն մէջ։ Գերմաներէնը կարեւոր տարածաշրջանային լեզու մըն է եւ ամէնաշատ գործածուող մայրենի լեզուն է Եւրոպական Միութեան մէջ եւ կը պատկանէ աշխարհի տասը կարեւորագոյն լեզուներու շարքին։[1]

Սահմանում

Գերմաներէն բառեզրին տակ այսօր կը հասկնանք միջին գերմաներէնի բարբառներու եւ բարձր գերմաներէնի բարբառներու հիմքին վրայ զարգացած սթանտարթ գերմաներէնը: Գերմաներէնին կը պատկանեն նաեւ պատմական հին բարձր գերմաներէնը եւ միջին բարձր գերմաներէնը, ինչպէս նաեւ աւելի նոր առօրեայ-խօսակցական եւ խառնալեզու տարբերակները։ Կաղապար:Եւրամիութեան պաշտօնական լեզուներ

Ծանօթագրութիւններ

  1. George Weber: Top Languages: The World’s 10 Most Influential Languages. In: Language Today (Vol. 2, Dec 1997)