«Գերմաներէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Կը խմբագրեմ}} {{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Գերմաներեն}} '''Գերմաներէն''' ({{Լեզու de|Deutsche Sprache}})՝ հնդեւրոպական...»:
 
No edit summary
Տող 5.
== Սահմանում ==
Գերմաներէն բառեզրին տակ այսօր կը հասկնանք միջին գերմաներէնի բարբառներու եւ բարձր գերմաներէնի բարբառներու հիմքին վրայ զարգացած սթանտարթ գերմաներէնը: Գերմաներէնին կը պատկանեն նաեւ պատմական հին բարձր գերմաներէնը եւ միջին բարձր գերմաներէնը, ինչպէս նաեւ աւելի նոր առօրեայ-խօսակցական եւ խառնալեզու տարբերակները։
== Գրենական համակարգը ==
{{Եւրամիութեան պաշտօնական լեզուներ}}
Գերմաներէնը կը գործածէ լատինական գիրերուն վրայ հիմնուած այբուբենը:
== Բառամթերքը ==
[[File:Duden 25Auflage.JPG|upright|thumb|Duden բառարանը]]
Գերմաներէնի բառապաշարի մեծամասնութիւնը եկած է Եւրոպական լեզուաընտանիքին գերմանական ճիւղէն: Սակայն նշանակալի քանակութիւն կը կազմեն նաեւ այլ լեզուներէն փոխառնուած բառերը, առաւելապէս ղաթիներէնէ, [[յունարէն]]է, [[իտալերէն]]է, [[ֆրանսերէն]]է եւ վերջին ժամանակներս՝ [[անգլերէն]]է:<ref>Սա երեւոյթը յայտնի է որպէս {{Լեզու de|Denglisch}} կամ {{Լեզու en|Germish}}, հայերէն՝ գերմանգլերէն: </ref> 19<sup>րդ</sup> դարասկիզբին {{Լեզու de|Joachim Heinrich Campe}}-ն գնահատած է, որ գերմաներէնի ամբողջ բառապաշարի հինգերորդ մասը ունէ ֆրանսական կամ ղաթինական ծագում<ref>Uwe Pörksen, German Academy for Language and Literature’s Jahrbuch [Yearbook] 2007 (Wallstein Verlag, Göttingen 2008, pp. 121-130)</ref>:
<br>
Լատինական բառերը գերմաներէնի նախահայր լեզուն փոխառած է տակաւին Հռովմի կայսրութեան օրոք եւ ենթարկած է համապատասխան հնչիւնաբանական փոփոխութիւններու: Ատոնց ծագումի մասին չեն գիտեր շատ խօսողներ (զորօրինակ, որ {{lang|de|Pforte}}, {{lang|de|Tafel}}, {{lang|de|Mauer}}, {{lang|de|Käse}}, {{lang|de|Köln}} համապատասխանաբար լատիներէն {{lang|la|porta}}, {{lang|la|tabula}}, {{lang|la|murus}}, {{lang|la|caseus}}, {{lang|la|Colonia}} բառերէն են). Լատիներէնէ փոխառութիւններու գործընթացն իր շարունակութիւնը կ'ունենայ նաեւ Հռովմի կայսրութեան անկումէն ետք քրիստոնէացման ընթացքին, ինչը միջնորդաւորուած էր եկեղեցիներով եւ վանքերով: Լատիներէն բառերու մեկ այլ կարեւոր ներհոսք կը նկատուէր Վերածննդի մարդասիրութեան ժամանակ: Լեզուաբանական առումով լատիներէն բառերու ներմուծումը կը շարունակուէ մինչեւ մեր օրերը, ինչը վերջին մի քանի տասնամեակներուն յաճախ կատարուէ [[անգլերէն]]ով միջնորդաւորուած եղանակով: ԺԵ-էն ԺԷ դարերուն մեծ էր եղած [[իտալերէն]]ի ազդեցութիւնը, առաւելապէս իտալերէն մասնագիտական բառերու ձեւով ճարտարապետութեան, դրամաշրջանառութեան եւր երաժշտութեան բնագաւառներուն մէջ: [[Ֆրանսերէն]]է կատարուած փոխառութիւնները կատարուած են գլխաւորապէս 17-էն մինչեւ 19<sup>րդ</sup> դարերուն: [[Անգլերէն]]ի ազդեցութիւնը կ'երեւայ տակաւին 19<sup>րդ</sup> դարուն, սակայն անիկա գերակշռող չէր եղած մինչեւ 20<sup>րդ</sup> դարու երկրորդ կէսը:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
{{Եւրամիութեան պաշտօնական լեզուներ}}