«Գերմանիոյ Խորհրդային Պատերազմ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 66.
Գերմանական կայսերականութիւնը երկար ժամանակի ընթացքին կը պատրաստուէր ԽՍՀՄ-ի վրայ յարձակիլ․ այդ նախապատրաստութիւնը աւելի զօրացաւ ֆաշականութեան ժամանակ, երբ իշխանութեան գլուխը անցաւ։ Ֆաշականական Գերմանիան հսկայական ռազմա-տնտեսական կարողութիւն ստեղծեց․ 1934-40-ններուն ռազմական արտադրութիւնը աւելացաւ 22 անգամ, զինուած ուժերը՝ 35 անգամ՝ 105 հազարէն մինչեւ 3․755 հազար մարդ։ 1941-ի կիսուն Գերմանիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր թիւը շուրջ 7,3 միլիոն մարդ էր (բացի այդ կար աւելի քան 1,2 միլիոն ազատ-վարձու), ցամաքային զօրքերը 214 բաժին եւ 7 առանձին կիսաբաժին կը կազմէին։ Գործող բանակին մէջ կար 5639 [[Հրասայլ|հրասայլ]] եւ յարձակող [[Հրանօթ|հրանօթ]], աւելի քան 6500 ինքնաթիռ, 61 հազարէն աւելի հրանօթ եւ շաղախ։ Ռազմածովային ուժերուն մէջ կար 5 [[գծանաւ]], 4 ծանր եւ 4 թեթեւ [[հածանաւ]], 43 ականակիր եւ 161 սուզանաւ։ ԽՍՀՄ-ի դէմ [[Բարբարոսա (ռազմական գործողութիւն)|պատերազմի ծրագիրը]] կը նախատեսուէր հանկարծակի, հզօր արագաշարժ խմբաւորումներով ճեղքել ու ոչնչացնել արեւմուտքի մէջ կեդրոնացած խորհրդային բանակի գլխաւոր ուժերը եւ սրընթաց խորանալ երկիրը, 9-17 շաբաթուան ընթացքին ոչնչացնել խորհրդային բանակի հիմնական մասը։
 
Ծրագիրի իրականացման համար գերմանական հրամանատարութիւնը 190 բաժին կազմեց։ Ռազմական բոլոր ուժերը տեղաբաշխուեցան ռազմագիտական երեք ուղղութիւններով։ «Հիւսիս» բանակախումբը (29 բաժին) պիտի գրաւէր [[Մերձպալթիք]] բաժինները եւ [[Պալթիք ծով]]ու նաւահանգիստները, «Կեդրոն» բանակախումբը (50 բաժին) պիտի գրաւէր [[Պելառուս]]ը եւ յարձակումը զարգացնէր Մոսկուայի վրայ, «Հարաւ» բանակախումբի (57 բաժին եւ 13 կիսաբաժին) խնդիրը այն էր, որ [[Ուքրանիա|Ուքրանիոյ]] աջ կողմը պիտի գրաւէր, ապա պիտի անցնէր [[Տնիբեր]] եւ յարձակումը դէպի արեւելք զարգացնէր։ Գերմանական ցամաքային զօրքերու պահեստին մէջ կար 24 բաժին։

<!-- Խորհրդային կառավարութիւնը եւ համայնավար կուսակցութիւնը, գերմանական հիթլերական յարձակումը կանխատեսելով, խաղաղ շինարարութեան տարիներուն անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկեցին երկիրի պաշտպանունակութեան ամրապնդման համար, կարեւոր միջոցառումներ իրագործուեցան պաշտպանական արդիւնաբերութեան ստեղծման համար, զինուած ուժերու գիտարուեստական վերազինուածութեան, զինուորական հարուածի պատրաստումը ընդլայնելու ուղղութեամբ։ --> Յունիս 1941-ին խորհրդային զինուած ուժերը 5․373 հազար մարդ կը կազմէին, ցամաքային զօրքերուն մէջ կար 303 [[բաժին]] (որուն քառորդը կազմաւորման կամ վերակազմաւորման վիճակի մէջ կը գտնուէր)։ Ռազմածովային նաւատորմին մէջ կար 3 գծանաւ, 7 հածանաւ, 54 հսկողութեան ականակիր, 212 [[Սուզանաւ|սուզանաւ]]։ Բանակի հրամկազմը օժտուած էր բարձր բարոյաքաղաքական եւ մարտական ունակութեամբ։ Պատերազմի սկզբը բանակին մէջ 563,5 հազար մարդ կար։ Արեւմտեան սահմանային ռազմական շրջանակին մէջ 170 բաժին եւ 2 կիսաբաժին կը գտնուէր, ընդամենը 2․680 հազար մարդ։ Որոշ ուղղութիւններու մէջ, թշնամին խորհրդային զօրքերուն կը գերազանցէր 3-4 անգամով։ Սակայն երկրի պաշտպանութեան ամրապնդման համար կատարուած նիւթական գիտարուեստական եւ կազմակերպական բոլոր միջոցառումները չէին յաջողած մինչեւ պատերազմի սկիզբը։ Առանձին դեր ունեցաւ նաեւ թշնամիի յարձակման նկատմամբ նախատեսուած սխալ ժամկէտերը: Արեւմտեան սահմանի զօրքերը յարձակման սկիզբը մարտական պատրաստութեան մէջ չէին։ Ծայրահեղ քէշ պայմաններու մէջ, խորհրդային զօրքերը պատերազմի մէջ մտան փորձուած եւ ուժեղ թշնամիի դէմ։
 
== Պատերազմի Ընթացք ==
Գերմանիոյ խորհրդային պատերազմը երեք հիմնական շրջանի կը բաժնուէր։
=== Առաջին շրջան (22 Յունիս 1941 - 18 Նոյեմբեր 1942) ===
[[22 Յունիս]] 1941-ի լուսաբացին գերմանաֆաշիստական զօրքերը, 1939-ի կնքուած չյարձակելու պայմանագիրը խախտելով, խորհրդային երկրի սահմանները ներխուժեցին։ Խորհրդային ժողովուրդը եւ անոր զինուած ուժերը մահացու գոտեմարտի բռնուեցան ֆաշիստական Գերմանիոյ եւ անոր արբանեակներուն հետ։ Խորհրդային Միութեան Հայրենական մեծ պատերազմը սկսաւ։ 22 Յունիս-ին ԽՍՀՄ Գերագոյն սովետի Նախագահութիւնը զինապարտներու (1905-18-ններուն ծնեալներ) զօրահաւաք յայտարարեց։ Զինուորներու պատկանելիութեան հիման վրայ, ստեղծուեցան Հիւսիսային, Հիւիսարեւմտեան, Արեւմտեան, Հարաւարեւմտեան եւ Հարաւային ռազմաճակատները։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==