«Սիմոն Գըլճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Սիմոն Գըլճյան}} {{Տեղեկաքարտ Բժիշկ | անուն = Սիմոն Գըլճեան | բնօրինակ անուն = | պ...»: |
(Տարբերութիւն չկայ)
|
06:41, 29 Մարտ 2015-ի տարբերակ
Ծնած է | 16 Փետրուար 1848 |
---|---|
Ծննդավայր | Եւդոկիա |
Մահացած է | 14 Մարտ 1922 (74 տարեկանին) |
Մահուան պատճառ | Հայոց ցեղասպանութիւն |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Սիմոն Գըլճեան (16 Փետրուար 1848, Եւդոկիա - 14 Մարտ 1922) , հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
Գրուած է նաեւ Գըլըճեան տարբերակով։ Ծնած է 1848 թուականի Փետրուար 16-ին, Սեբաստիա նահանգի Եւդոկիա գաւառի կեդրոն՝ Եւդոկիա քաղաքին մէջ։ Մանուկ հասակէն զրկուած է հօրն ու մօր հոգատարութեամբ դաստիարակուելէ։ Մայրը՝ ամերիկացի միսիոներ, վերապատուելի դոկտոր Հենրի Ճոն Վան Լեննեփի քարոզներու ազդեցութեան տակ հարած է աւետարանականութեան, կարդալ սորված, սակայն ան եւս վաղաժամ մահացած է։ Երկու որբերը մնացած են քեռիին խնամքին։ Շուտով Սիմոնը Վան Լեննեփի խորհուրդով սորված է ամերիկացի միսիոներներու Մարզուանի Անատոլիա գոլէճէն ներս, այնուհետեւ` նոյն գոլէճի աստուածաբանական բաժինէն ներս։
Աւարտելէ ետք դարձած է քարոզիչ եւ մի քանի տարի ձիով գիւղէ գիւղ ճամբորդելով ծառայած է աւետարանականութեան քարոզչութեան։
Մի քանի տարի ետք, դարձեալ դոկտոր Հենրի Ճոն Վան Լեննեփի օժանդակութեամբ, մեկնած է ԱՄՆ` բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու:
Այստեղ աւարտած է Պոսթընի բարձրագոյն վարժարանը եւ Ֆիլատելֆիոյ համալսարանի բժշկական բաժինը: Այնուհետեւ տեղափոխուած է Անգլիա եւ 9 ամիս աշխատած է Լոնտոնի հիւանդանոցներուն մէջ:
Վերադառնալով Կ. Պոլիս, Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանէն ներս յանձնած է քննութիւն եւ ստացած՝ բժիշկի վկայական: Կ. Պոլսոյ մէջ ամուսնացած է զմիւռնիացի Լուսի Կարապետեանին հետ եւ վերադարձած իր ծննդավայր Եւդոկիա: 1880-ական թուականներէն սկսեալ Եւդոկիոյ մէջ բժշկութեամբ զբաղած է:
Ըլլալով գաղափարական մարդ, այստեղ եւս շարունակած է զբաղիլ հոգեւոր կեանքով, մեծահասակներու համար ներկայացուցած է կիրակնօրեայ դասախօսութիւններ:
Իր արժանի տեղն ունեցած է Եւդոկիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Եղած է սիրուած եւ յարգուած բժիշկ, ինչպէ՛ս քրիստոնեաներու, այնպէ՛ս ալ մահմետականներու ու հրեաներու շրջանակէն ներս: Պատմած են, որ աղքատներուն բուժած է ձրի, յաճախ դեղերը անոնց տուած է անվճար, երբեմն ալ նոյնիսկ սնունդի փող տուած է: Օր մը յեղափոխականներն առեւանգած են զինք: Կինը, փրկագին վճարելով, ազատած է: Այդ դէպքէն ետք բժիշկն անմիջապէս հեռացած է Եւդոկիայէն` կառավարութեան հայերու անուններ յայտնելու պարտաւորուած չըլլալու եւ անոնց ձերբակալութեան պատճառ չդառնալու համար։
Տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ մի քանի տարի բժշկութեամբ զբաղելէ ետք կրկին վերադարձած է Եւդոկիա։
1903 թուականի Հոկտեմբերին ընտանիքով վերջնականապէս տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ հաստատուած՝ Ֆրեզնօ քաղաքէն 5 մղոն հեռու գտնուող ագարակի մը մէջ։ Ծառայած է՝ Ֆրեզնոյի Հայ Երիցական եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւ։
Գրականութիւն
Աղբիւրներ
Կատեգորիա:Հայ բժիշկներ (արւմտ․)
Կատեգորիա:1848 ծնունդներ (արւմտ․)
Կատեգորիա:16 Փետրուարի ծնածներ
Կատեգորիա:Եւդոկիա ծնածներ
Կատեգորիա:1922 մահեր (արւմտ․)
Կատեգորիա:14 Մարտի մահացածներ
Կատեգորիա:Հայոց Ցեղասպանութեան զոհեր