«Գիտութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
[[File:Iceberg with hole near Sandersons Hope 2007-07-28 2.jpg|thumb|/Ղուրը'''Ջուրը իր երեք վիճակներուն մէջ՝ հեղուկ, պինդ եւ կազ''']]
'''Գիտութիւնը''' ճանաչողական գործունէութեան յատուկ տեսակ է՝ ուղղուած բնութեան, հասարակութեան եւ մտածելակերպի վերաբերեալ ''օպճեգթիւ'' համակարգուած գիտելիքներու ստացման, ճշդման եւ ստեղծման:
 
== Ջուր ==
[[Պատկեր:SnowflakesWilsonBentley.jpg|մինի|'''Ձիւնի Փաթիլներ''']]
Ջուրը աշխարհին վրայ ամէնէն տարածուած բաղադրութիւնն է: Երկրագունդին մակերեսին 70 տոկոսը ծածկուած է ջուրով: Զուտ ջուրը անգոյն, անհոտ եւ անհամ հեղուկ մըն է: Մեր խմածը յաճախ թեթեւ համ մը ունի, որովհետեւ կը պարունակէ կարգ մը հանքային աղեր եւ լուծուած կազեր: Ջուրը սքանչելի լուծիչ մըն է. կարող է շատ մը հաստատուն մարմիններ իր մէջ լուծել:
 
Տող 20.
 
=== Հիտրոելեկտրականութիւն ===
[[Պատկեր:Lightning3.jpg|մինի|'''Կայծակը ելեկտրականութեան գերբնական պատճառն է''']]
 
Ելեկտրականութիւն կարելի է արտադրել ջուրէն, շնորհիւ ջրանիւներու վրայ բանեցուած անոր մղումի ուժին. այս՝ հիտրոելեկտրականութիւն կոչուող ուժանիւթն է: Կը կառուցուի գետին հոսքը ընդմիջող հսկայական ամբարտակ մը: Ջուրը բարձունքէ մը գահավիժելով՝ կը դարձնէ ելեկտրակային ջրանիւները, որոնց շարժումը կը փոխանցուի ելեկտրականութիւն արտադրող սարքածներու:
 
== Լոյս ==
[[Պատկեր:Light dispersion conceptual waves350px.gif|մինի|'''Եռանկիւն ապակի, որուն մէջէն կ'անցնի լոյսը''']]
 
Արեւուն լոյսը սպիտակ կ'երեւի, սակայն իրականութեան մէջ բազմաթիւ գոյներէ կը բաղկանայ: Լոյսը մեզի կը հայթայթէ անհրաժեշտ ջերմութիւն: Առանց լոյսի, կեանք գոյութիւն պիտի չունենար աշխարհի վրայ:
 
=== Շուքեր ===
[[Պատկեր:Looking down from The Eiffel Tower, Paris 8 April 2007.jpg|մինի|'''Մարդոց Շուքը''']]
 
Երբ լոյսը իյնայ անթափանց մարմինի մը վրայ, շուք մը կը գոյանայ մարմինին ետեւը, հո՛ն, ուր լոյսը չի կրնար թափանցել:
Տող 41.
 
=== Ծիածան կամ Ծիրանի Գօտի ===
[[Պատկեր:Rainbow 02.jpg|մինի|'''Ծիածան կամ Ծիրան''']]
Արեւուն լոյսը, հակառակ ճերմակ երեւնալուն, կը պարունակէ Ծիածանին բոլոր գոյները: Երբ տեղ մը կ'անձրեւէ եւ մօտակայ շրջանի մը մէջ արեւը կ'երեւի, ճառագայթները կը տարբաղադրուին անցնելով կաթիլներու ընդմէջէն եւ կը ստանան կարմիր, նարնջագոյն, դեղին, կանաչ, կապոյտ, լեղկագոյն եւ մանիշակագոյն գոյները: Այսպէսով, երկինքի մէջ կը ստացուի գունաւոր գունաւոր հսկայ կամար մը, որ կը կոչուի Ծիածան կամ Ծիրանի գօտի:
 
Տող 51.
 
== Աղբիւրներ ==
* Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտակս, Գիտութիւն, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, պԷՅՐՈՒԹՊէյրութ:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Գիտութիւն» էջէն