«Գլխապտոյտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
վիքիֆիկացում, կետադրական, փոխարինվեց: → oգտվելով ԱՎԲ
Տող 19.
 
*Երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals), որոնց մէջ զետեղուած են հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական մազմզուքները: Ասոնք շրջապատուած են իւրայատուկ հեղուկով մը, որ կը կոչուի ներաւիշ (endolymph): Մազմզուքներուն միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ լսողութեան ջիղին հետ կ'ուղղուի դէպի ուղեղ: Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ` մարմինի դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներուն մասին. հետեւաբար ուղեղը կ'որոշէ համադրել մարմինին յարմարագոյն ձեւը եւ դիրքաւորումը.
 
*Խխունջէ (cochlea), որուն մէջ զետեղուած են լսողութեան ջիղին սկզբնական մազմզուքները: Լսողութեան ջիղը կը կազմուի այս սկզբնական մազմզուքներով.
 
*Անդաստակէ (vestibule), ուր կը գտնուին երկու պզտիկ տոպրակներ`
#Պարկիկ (saccule)
Տող 48 ⟶ 46՝
Ներքին ականջի կեդրոնի պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ գտնուող շատ մանր ականջակրաքարերը գլխու արագ շարժումով մը կը ձգեն իրենց նստավայրը եւ կը տեղափոխուին կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ, ուր ազատօրէն կը շարժին վեր-վար եւ կամ աջ-ձախ, կը կը գրգռեն կիսաբոլոր խողովակներու հաւասարակշռութեան սկզբնական մազմզուքները եւ կը յառաջացնեն անակնկալ, նոպայական, ուժգին, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ:
 
«ԳԴՆ գլխապտոյտ» ունեցող անձերէն մէկը կը նկարագրէ իր գլխապտոյտը հետեւեալ ձեւով. «Անկողնին մէջ պառկած էի, մարմինով եւ գլուխով կողմնակի դարձայ ու պատահեցաւ անսպասելի, անակնկալ եւ անբնական վիճակ մը: Զգացի, որ առանցքիս վրայ կը թաւալէի եւ զօրաւոր ուժ մը զիս կը քաշէր եւ կամ կը հրէր դէպի անդունդ: Այս զգացումը տեւեց մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան, ապա նողկանք ունեցայ եւ փսխեցի»:
 
Իսկ ուրիշ մը կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով. «Ոտքի կեցած էի, անակնկալ գլուխս ծռեցի դէպի վար եւ փորձեցի գետնէն առարկայ մը վերցնել, անակնկալ գլուխս դարձաւ, հաւասարակշռութիւնս կորսնցուցի եւ անգիտակից ինկայ գետին»:
Տող 74 ⟶ 72՝
*«[[Ազդակ (օրաթերթ, արեւմտահայերէն)|Ազդակ]]» օրաթերթ, Առողջապահական - Բժշկագիտական, դկտ. Կարպիս Հարպոյեան, [[29 Յունուար]], [[2015]]:
 
[[Կատեգորիա:հիւանդութիւններՀիւանդութիւններ]]
[[Կատեգորիա:Մարդկային հիւանդութեան ախտանիշներ]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Գլխապտոյտ» էջէն