«Գոյականի առումներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Գոյականի առումները''' Խօսքի մէջ գոյական անունները կը գործածուին երկու առումով` անորոշ և որոշեալ:...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

07:16, 24 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Գոյականի առումները Խօսքի մէջ գոյական անունները կը գործածուին երկու առումով` անորոշ և որոշեալ: Գոյականը անորոշ առումով կը դրուի այն ատեն, երբ ան նախապէս յայտնի չէ խօսողին կամ խօսակիցին: Օրինակ` հոս տուն մտ կայ: Տունը մարդ չկայ: Անիկա եղբայր մը ունի: Այս նախադասութեանց մէջ տուն, մարդ, եղբայր ըսելով կը հասկնանք անորոշ, ոչ յայտնի իրեր և անձեր (տուն, մարդ, եղբայր):

Անորոշ առումով դրուած գոյականները կրնան ունենալ նաև մը (մըն) յօդը, որ կը ցուցնէ առարկայի մը անորոշ կամ մէկ հատ ըլլալը. օրինակ` տղայ մը, գիրք մը: Մը (մըն) յօդը կը գործածուի գոյականէն անջատ: Օրինակ` կառք մը կ'անցնէր: Հեղեղ մը սեւ դէպի հարաւ կը քալէր: Մարդ մըն էր որ անցաւ: Գոյականը որոշեալ առումով կը դրուի, երբ կը ցուցնէ խօսողին և խօվակիցին յայտնի առարկայ:

Որոշեալ առում ունեցող գոյականներուն բոլոր հոլովաձեւերուն վրայ կը դրուի ը կամ ն որոշիչ յօդը: Ը յօդը կը դրուի բաղաձայնէն յետոյ (քաղաքը, գիւղը, ճանապարհը, արտը), ն յօդը ձայնաւորէն յետոյ (ձին, գարին, գօտին, ոսկին, կատուն, առուն): Բառին վերջը գտնուող յ-ն կ'իյնայ, երբ բառը որոշիչ յօդ կ'առնէ, տղայ,-տղան, ճամբայ-ճամբան (կամ ճամբէն), հսկայ-հսկան: Եթէ յաջորդ բառը ձայնաւորով սկսի, ը-ի փոխարէն կրնայ ն յօդը դրուելով: գործն է արդար: Ուսուցիչն ըսաւ: Դիմորոշ, ցուցական և ստացական ս, դ, ն յօդերը ևս որոշեալ ամռան նշանակութիւն ունին: Օրինակ` տունս, որդիս, փեսան: