«Գրիգոր Եղիաեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եղիաեան Գրիգոր,''' ազգային բարերար, ծնած է 25 Մայիս 1833ին Պոլսոյ մէջ, իր ծնողքը Պա...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:13, 2 Փետրուար 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եղիաեան Գրիգոր, ազգային բարերար, ծնած է 25 Մայիս 1833ին Պոլսոյ մէջ, իր ծնողքը Պարսկաստանէն գաղթած են եւ տեղւոյն երեւելի ընտանիքներէն մէկուն կը պատկանին, իր հայրը խունկի եւ խէժի վաճառականութեամբ կը զբաղէր եւ անգամ մը իր ապրանքը փոխադրող շոգենաւը փոթորիկի հանդիպելով՝ բոլոր հարստութիւնը կորսնցուց ու Երուսաղէմ գնաց, անկէց Պոլիս եւ յետոյ Գահիրէ անցաւ, ուր Տարպ էլ Կինէնա գտնուող հին դպրոցին մէջ (հոգետուն) Գրիգոր կը ստանայ նախնական կրթութիւնը: Եղիաեանի ուսուցիչը եղած է Պետրոս Թաթիկեան Զմիւռնիացի: Հոգետունէն ետք յաճախած է Հէմիլդընի անգլիական վարժարանը, ուր տարի մը միայն մնալէ ետք, կ’անցնի Րէֆա պայի École des langues լիսէն, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալով կը դիմէ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնի մը համար, այդ ատեն Արթին պէյը զրպարտած էին թէ Միրիի ապրանքները ծախած եւ մսխած է, որուն վրայ Արթին պէյ բանտարկուած էր Աղեքսանդրիա եւ անկէ փախած էր Բարիզ, իսկ Արթին պէյի եղբայրը Խոսրով պէյ ալ Chef de Cabinet էր, Գրիգոր՝ Խոսրով պէյի կը դիմէ պաշտօն մը ձեռք անցընելու համար, այս վերջինը շատ կ’աշխատի բայց իրեն կը պատասխանուի- Մենք հայերուն ծառերը արմատախիլ ընել կ’ուզենք, դուք կ’ուզէք որ նոր ծիլե՞րը խնամէք:

Այն ատեն պաշտօնատունները զատ զատ չէին, ամէնը մէկ կը գտնուէին փոխարքային պալատան մէջ: Խոսրով պէյ կը յանձնարարէ Ռուսական հիւպատոսարանին, ուր թարգմանի պաշտօն կը ստանձնէ: 1878ին Ռուսական հիւպատոսարանին Քանչէլէր կ’անուանուի, պաշտօն՝ որ կը վարէ մինչեւ 1880, իսկ անկէ ետքը մինչեւ 1887 իբր փոխ հիւպատոս Եգիպտոսի: Իր այդ պաշտօնին մէջ կարգ մը կարեւոր գործառնութիւններ իր ձեռքով եղած են՝ նախկին հիւպատոս Տը Լէքսի ժամանակ, որմէ շատ սիրուած էր իր դիւանագիտական արտակարգ կարողութեանը համար:

Պատուուած էր Շիր Խուրշիտ կարմիր ժապաւէնով եւ երկրորդ աստիճան կանաչ ժապաւէնով, Մէճիտիյէ երկրորդ, Օսմանիէ երրորդ, Մօնթէնէկրօ Տանիէլօ պատուանշանին երրորդ աստիճանով, Շըվալիէ տէլլա Քօռինա տ’Իթալիա, Սէնթ Էսթանիստլաւ եւ Ռուսական երրորդ աստիճան, Քրու Ռուժ տը Րիւսի, եւայլն եւայլն:

Գրիգոր Եղիաեան իշխաններու եւ պետական անձնաւորութեանց հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալով կրցած է օգտակար հանդիսանալ իր համայնքին:

Ռուսական հիւպատոսարանը մտնելէ առաջ՝ երկար տարիներ փաստաբանութեամբ զբաղած է, իբր իրաւագէտ՝ կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Ազգային առաջնորդարանին: 1863ին գաւառակ ժողովոյ անդամ եւ Ատենապետ, նաեւ Հ. Բարեգործական Ընդհ. Միութեան հիմնադիր անդամներէն էր եւ Կեղր. Ժողովի խորհրդական էր:

Ինք եկեղեցասէր ու բարեպաշտ՝ եկեղեցւոյն շատ մը նուիրատուութիւններ ըրած է: Մարմինայի եկեղեցին նորոգած եւ եկեղեցական պիտոյքները հոգացած է:

Հնագէտ եւ հետաքրքիր՝ իր տան մէջ ճոխ թանգարան մ’ունէր:

8 Մայիս 1911ին Թրիէթէի մէջ վախճանեցաւ՝ եւ մարմինը զմռսուելով փոխադրուեցաւ Գահիրէ, ուր փառաւոր ազգային յուղարկաւորութեամբ մը թաղուեցաւ Մարմինայի գերեզմանատան մէջ:

Եղիաեան իրեն կտակարար կարգած էր Պողօս փաշա Նուպարը եւ թողած է 180000 ոսկւոյ հարստութիւն մը, որուն 60000 ստկին ազգին կտակած է զայն բաժնելով այլեւ այլ հաստատութեանց:

Ասկէ զատ ազգին կտակած է Շուպրայի ապրանքը, Իսմայիլէի երեք տուները, Կիրկէի մէջ շինութեան հող մը, բոլոր կարասիքը, հնչուն դրամ, արժէթուղթերը եւայլն, որոնց արժէքն է 60000 ոսկի: Ասոնք քանի մը տարիէն ծախուելով ի» անունով եկեղեցի մը կառուցուեցաւ Գահիրէի մէջ:

Գլխաւորապէս առանց զաւանանքի խպրութեան Եգիպտահայ ուսանողին եղած կտակը հայ գաղութիւն օգտակար եղած է: Իր կենդանութեանը Հ.Բ. Միութեան նուիրած է 200 ոսկւոյ գումար մը:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 668: