«Գրիգոր Եղիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եղիկեան Գրիգոր''', հրապարակագիր, նախկին Հնչակեան գործիչ, ծնած է 14-26 Փետրուար 1880ին Կիրես...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

20:22, 6 Փետրուար 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եղիկեան Գրիգոր, հրապարակագիր, նախկին Հնչակեան գործիչ, ծնած է 14-26 Փետրուար 1880ին Կիրասոն, նախնական ուսումը ստացած է յայտնի Հնչակեան ուսուցիչ Անտոնի հսկողութեան ներքեւ եւ ա՛յն օրերուն՝ երբ Ժիրայր Վասակունի (Մարտիրոս Պօյաճեան) տեսուչ էր այդ շրջանի դպրոցներուն: 1809ին իր հօրը մօտ Պոլիս կը փոխադրուի, ուր ականատես կ’ըլլայ Գում-Գաբուի, Պապ-Ալիի դէպքերուն եւ 1896ի վերջերը Կովկաս կ’անցնի:

Եղիկեան դպրոցական շրջանէն ցոյց կու տայ իր գրելու յատկութիւնը եւ 1897ին արդէն Թիֆլիսի «Տարազ» ին մէջ լոյս կը տեսնէ առաջին յօդուածը: 1898ին Բագուի մէջ կը ծանօթանայ եւ կը մտերմանայ յայտնի թուրք գրող Նարիսանովի հետ, որ ջերմ կողմնակից էր Հայ եւ Թաթարական մերձեցման: 1902ին Բագուի մէջ ցարական բռնութեան դէմ սարքած ցոյցին կը մասնակցի եւ յետոյ կը ստիպուի Պարսկաստան փախչիլ եւ Ռաշտի մէջ առաջին Հնչակեան խումբը կը կազմէ 1904ին: Ռաշտէն կ’աշխատակցի Մշակի, Նոր-Դարի, Տարազի, Երիտասարդ Հայաստան՝ Գ. Մարգարեան, Վ. Թուրեան, Գ.Եղիկեան եւ Վ. Վասակունի ստորագրութիւններով: Այդ թուականներուն կը տպուի իր պատմուածքները («Սառա», «Մարիա Պավլոնա», «Աշխէն», «Թոյն», «Համբ») Նոր Դարի մէջ, եւ վերջին երկուքը առանձին գրքոյկով՝ Բագուի մէջ: Այդ ատեններն է նաեւ որ «Հրդեհ» տրաման կը գրէ, որ Մակարեան տիկնոջ մրցանակին կ’արժանանայ, բայց նախանձորդները ձեռագիրը կ’անհետացնեն եւ մրցանակը կը վճարուի տասը տարի ետք միայն՝ 1916: 1904ին Եղիկեան կրկին Կովկաս կ’անցնի, կը բնակի Պաթում, կը մասնակցի կուսակցական աշխատութեանց, յետոյ նորէն Պարսկաստան կը դառնայ եւ անկից Ամերիկա կը հրաւիրուի Երիտասարդ Հայաստան թերթի խմբագրի պաշտօնով: 1905-1906ին կը գրէ Արեան ճանապարհով, Ի՛նչ ժառանգեցին որդիները իրենց հայրերէն, երեք գործողութեամբ տրաման: 1907ին Բարիզ կ’երթայ, ապա Պարսկաստան, ուսկից Բագու կը հրաւիրուի Զանգ եւ Պատանեկան Գրադարան թերթերու խմբագրութիւնը վարելու համար: 1908ին կ’ամուսնանայ Երեւանի մէջ Օր. Աստղիկ Սարգիսեանի հետ: Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը հռչակուելէն ետք 1909ին Մուրատի կոչին տեղի տալով Պոլիս կը դառնայ եւ իբրեւ Հնչակեան կազմակերպիչ Պրուսա կ’երթայ: Պոլիս վերադառնելով կը հիմնէ «Կոհակ» շաբաթաթերթը Հ. Արամեանցի հետ: Կը մասնակցի Զպատկամաւորական ժողովին եւ յետոյ կրկին կ’այցելէ Պրուսա, Մարզուան եւայլն, միշտ կուսակցական գործերով:

1910ի աշնան Պարսկաստան կ’անցնի, ուր կը կազմակերպէ «Պարսկաստանի Սոցիալիստ Դեմոկրատ» կուսակցութիւնը, պարսկերէն լեզուով կը գրէ առաջին անգամ Մարգսիստական գիրքը. «Ի՞նչ են ուզում Սոցիալիստ Դեմոկրատները» վերնագրով, ուրիշ գործերու կարգին «Արեան Ճանապարհով» տրաման պարսկերէն լեզուով լոյս կ’ընծայէ, որը Թեհրանի մէջ մեծ յաջողութեամբ կը ներկայացուի:

Եղիկեան Էնզէլիի մէջ պարսից միջնակարգ դպրոցին տեսուչ կը կարգուի եւ 5 տարի այդ պաշտօնին մէջ կը մնայ: Այդ շրջանին կը գրէ «Պարսկաստանի յեղափոխական շարժուսները» ընդարձակ պատմութիւնը, զոր Պոլիս կ’ուղարկէ տպուելու համար, սակայն պատերազմի ընթացքին կը կորսուի: Հոն կը գրէ նաեւ «Բեթղեհէմի մանկանց կոտորածը» եւ «Մանիան» եւ ուրիշ վէպիկներ, բազմաթիւ յօդուածներ՝ այլեւայլ կուսակցական թերթերու մէջ: Կ’աշխատակցի Թեհրանի Րէդ օրաթերթին, որուն կողմէ խմբագրի պաշտօնով կը հրաւիրուի, սակայն կը մերժէ: Համաշխարհային պատերազմին կամաւորական շարժման հակառակորդ ըլլալով՝ 2 տարի Էնզիլի մը մնայ: 1916ին Թիֆլիս կ’երթայ եւ հոն հրատարակուելիք Հնչակեան օրկանին խմբագիր կը նշանակուի: Կը գրէ «Պատերազմ» տրաման, որ Երիտասարդ Հայաստանի մէջ կը հրատարակուի:

Գրիգոր Եղիկեան վերջերս (1938ին) դեդրեցաւ Հնչակեան թերթերու մէջ գրելէ, նկատելով որ անոնք հեռացած են ազգային շահերը հետապնդելէ: Սկսած է Դաշնակցական թերթերու մէջ գրել, յայտարարելով միանգամայն որ Դաշնակցական եղած չէ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 675: