«Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, փոխարինվեց: ։Ա → ։ Ա, → (6), ,ո → , ո oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
[[Պատկեր:St Gregory the Illuminator (Krikor Lusavoric).jpg|300px|մինի|աջից|'''Գրիգոր Լուսաւորիչ''']]
'''Գրիգոր Լուսաւորիչ''' (մօտ [[257]] - [[331]]), եկեղեցա–քաղաքական գործիչ, Հայոց եպիսկոպոսապետ՝ [[302]]-էն, Հայոց արքայ [[Խոսրով Ա.]]-ին սպանած ազգութեամբ [[Պարթեւ Անակի որդի]]։
 
== Վաղ տարիներ ==
Գրիգորին Արշակունիներիու վրէժխնդրութենէն հեռացնելու նպատակով ստնտու [[Սոփրիա]]ն եւ ոմն [[Եւթաղ]]
անոր փախցուցին [[Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաք]]ը, ուր մկրտուեցաւ որպէս քրիստոնեայ, կրթուեցաւ եւ դաստիարակուեցաւ [[Փիրմիլիանոս եպիսկոպոս]]ի մօտ։ Չափահաս տարիքին ամուսնացաւ Դաւիթ անունով իշխանի դստեր՝ Մարիամի հետ, որմէ ունեցաւ երկու զաւակ։ Շուտով Մարիամը կրտսեր որդիի՝ [[Արիստակես]]ի հետ մտաւ կուսանոց, իսկ Գրիգոր Լուսաւորիչը, աւագ որդի [[Վրթանես]]ին տալով խնամատուն,[[287]]-ին քարոզչական առաքելութեամբ վերադարձաւ [[Մեծ Հայք]]։ Գրիգոր Լուսաւորիչը կրցաւ [[Տրդատ Գ.]] թագաւորի արքունիքին մէջ դառնալ պալատական պաշտօնեայ եւ քրիստոնէական ուսմունքի համար հող նախապատրաստել [[Վաղարշապատ]] մայրաքաղաքին մէջ։
 
== Քրիստոնէութեան ընդունումը ==
Հռոմի [[Դիոկղետիանոս կայս]]եր օգնութեամբ [[287]] թ-ին Մեծ Հայքի թագաւորութեան գահը բարձրացած [[Տրդատ Գ.]], իր հովանաւորի օրինակով, սկիզբը հալածեց քրիստոնեաններուն՝ իբրեւ քաղաքական վտանգաւոր ուժի, իսկ նրանց պարագլուխ Գրիգոր Լուսաւորիչին նետեց [[Արտաշատ քաղաք]]ի [[Խոր Վիրապ]] կոչուող յանցագործներու համար նախատեսուած բանտը։ Սակայն շուտով համոզուելով, որ Հայաստանի նկատմամբ Հռոմը կը վարէ խարդախ ու զավթողական քաղաքականութիւն, Տրդատը հիասթափուեցաւ անոր «դաշնակցութիւնէն» եւ դադրեցուց նաեւ քրիստոնիաններու հալածանքները։ Քրիստոնէութիւնը, որ [[I-III դար]]երուն [[Ասորիք]]էն ու [[Փոքր Ասիա]]յէն ներթափանցեց եւ տարածուեցաւ Հայաստան, [[3-րդ դար]]ի վերջ արդէն դադրած էր սոսկ ճնշուածներու կրօն ըլլալ։ [[301]]-ին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ ճանչցուեցաւ որպէս պետական կրօն։ Նոր կրօնը բռնութեամբ տարածուեցաւ ժողովուրդի մէջ։
 
Գրիգորի առաջարկութեամբ թագաւորն ու իշխանները խորհուրդ կ'ընէին իսպառ վերցնելու հեթանոսութիւնը, կործանելու հին կրօնքի կրօնական կեդրոնները։ Տրդատը հրաման կու տայ այդ գործի իրականացումը յանձնարարել Գրիգորին։ Թագաւորը ինքն անձամբ ամբողջ զօրքով Գրիգորի հետ միասին, Վաղարշապատէն կը շարժուի, կ'երթայ [[Արտաշատ]]։ Անոնք նախ Արտաշատի ճանապարհին՝ Երազամոյն կոչուած տեղը, ուր կը բարձրանային [[Որմիզդ]]ի գրիչի Դիւան անունով Տէր աստուծոյ մեհեանը, կ'աւերեն եւ կը կործանեն։ Տեղի քուրմերը իրենց պահապան գունդերով չկարողանալով դիմադրել արքունի զօրքին, կը նահանջեն Արտաշատ գտնուող [[Անահիտ դիցուհի]]ի մեհեանը։
 
Երբ Տրդատը զօրքով կը մտնէ Արտաշատ եւ շրջապատով մեհեանը ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կու տան, պարիսպներու վրայէն յարձակողներուն վրայ նետերու ու քարերու տարափ կը տեղան, որոշ չափով կը կասեցնեն յարձակումը։ Բայց մեհեանը յարձակողներու ճնշումին տակ կը կործանուի, կրակի կը մատնուի, կ'աւերուի։ Այնուհետեւ Գրիգորը Տրդատի հետ միասին զօրքով կ'երթան Դարանաղեաց գաւառը։ Այստեղ Թորդան գիւղը կը գտնուէր սպիտակափառ Բարշամինա աստծոյ մեհեանը։ Նախ կը կործանեն մեհեանը, կը փշրեն կուռքի արձանը, կուտակուած գանձերը, ոսկին ու արծաթը աւարի կը մատնեն։ Իսկ գիւղը իր բոլոր դաստակերտներով ու կալուածքներով կը նուիրեն եկեղեցւոյ, գաւառի բնակիչներուն կը քարոզէ նոր կրօնքի վարդապետութիւնը։ Թագաւորն ու [[Գրիգորը Թորդան]]ից կ'անցնին Անի ամրոց, ուր ամփոփուած էին հայոց թագաւորներու գերեզմաններն ու գանձերը։ Այստեղ կը գտնուէր նաեւ աստուածներու հայր Արամազդի արձանը։ Անոնք կ'աւերեն եւ տեղը խաչ կը կանգնեցնեն, իսկ աւանը իր ամրութիւններով հանդերձ կը նուիրէ եկեղեցւոյ։ Այստեղէն Տրդատն ու Գրիգորը կ'անցնեն սահմանակից Եկեղեաց գաւառ, ուր կը գտնվուէին հայոց թագաւորներու բուն պաշտամունքի վայրերը։ Անոնցմէ գլխաւորը Երիզա աւանին մէջ գտնուող Անահիտ դիցուհիի մեհեանն էր, որ վահանաւոր զինուորներով կը պահպանէին քուրմերը՝ ընդդէմ արքունի զօրքի։ Սակայն, անոնց դիմադրութիւնը շուտով կը կոտրուի, տաճարի բարձրաբերձ պարիսպները կը կործանուին։ Գրիգորը թագաւորով հանդերձ եւ զօրքի օժանդակութեամբ կը փշրեն Անահիտ դիցուհիի ոսկեայ արձանը, կը քանդեն տաճարը, ոսկին ու արծաթր աւարի կը մատնեն։ Ապա այնտեղէն Գայլ գետի վրայով կ'անցնին [[Թիլ աւան]]ը, ուր կը գտնուէր Արամազդի դուստր [[Նանէի մեհեան]]ը։ Զոյգ մեհեաններու գանձերը աւարի ենթարկելով՝ կալուածքները ամբողջութեամբ կը նուիրեն եկեղեցւոյ։ Այնուհետեւ նոր կրօնքը տարածելու նպատակով Գրիգորն ու Տրդատը զօրքով կ'անցնին Դերջան գաւառը։ [[Բագահառիջ գիւղ]]ը գտնուող Արամազդի որդի Միհրի մեհեանը հիմքէն կը քանդեն, կուտակուած գանձերը աւարի կը մատնեն, իսկ կալուածքները կը նուիրեն եկեղեցւոյ։ Հեթանոսական մեհեանները քանդելէն ետք, անոնց տեղերը խաչեր տեղադրելէն ետք, թագաւորն ու Գրիգորը կը վերադառնան Վաղարշապատ։ Տրդատը այստեղ իր կին Աշխէն տիկնոջ եւ քրոջ՝ Խոսրովիդուխտի համաձայնութեամբ հրաման կու տայ իր բոլոր զօրքերուն, իրենց զօրահրամանատարներով միատեղ ժողովի հաւաքուած են։ Երբ բոլոր զօրքերը իրենց իշխաններու, զօրապետներու եւ բոլոր նշանաւոր մարդոց հետ կը ներկայացնեն թագաւորին, վերջինս բոլորին հետ խորհրդակցելով, կ'առաջարկէ Գրիգորին դարձնել հոգեւոր հովիւ, այսինքն՝ կրօնական առաջնորդ, որպէսզի ժողովրդին քրիստոնեայ դարձնէ եւ մկրտէ։ Այնուհետեւ Տրդատը կը հաւաքէ Հայոց աշխարհի 16 գլխաւոր նախարարներուն ու կուսակալներուն եւ յատուկ հրովարտակով Գրիգորի հետ կ'ուղարկէ [[Կեսարիա քաղաք]], Գրիգորին Հայոց աշխարհի քահանայապետ օծելու համար։ Իշխաններն ու կուսակալները կազմ ու պատրաստ, իրենց հետ կը վերցնեն տարբեր ընծաներ՝ ոսկի ու արծաթ, ձիեր ու ջորիներ, զանազան շքեղ հանդերձներ, Գրիգորին կը նստեցնեն սպիտակ ջորիներ լծած արքունական ոսկեպատ կառքը, իրենք ալ կը նստին կառքերու կամ երիվարներու վրայ, իւրաքանչիւրը իր զօրագունդով, զինանշաններով Վաղարշապատէն կը մեկնին Յունաց կողմերը։ Հասնելով Կեսարիա՝ անոնք կը ներկայանան [[Ղեւոնդիոս կաթողիկոս]]ին, կը յանձնեն Տրդատի հրովարտակն ու ընծաները։
 
Ղեւոնդիոսն ու միւս քահանայապետները կ'ընդունին հայոց պատուիրակութիւնը՝ պատշաճ պատիւներու արժանացնելով։ Ապա Ղեւոնդիոսը եպիսկոպոսական մեծ ժողով կը գումարէ եւ Գրիգորին կը ձեռնադրեն Հայոց աշխարհի քահանայապետ՝ անոր շնորհելով եպիսկոպոսի աստիճան։ Այնուհետեւ Կեսարիոյ կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսները մեծ պատիւով, յատուկ նամակով ու ընծաներով հայոց պատուիրակութեան կ'առաջնորդեն դէպի Հայաստան։ Պատուիրակութիւնը կու գայ եւ կը հասնի [[Սեբաստիա քաղաք]], ուր Գրիգորը կը հանդիպի բազմաթիւ քրիստոնեայ կրօնաւորներու, կը համոզէ անոնց իր հետ գալ քահանայութեան կարգի արժանացնելու, քրիստոնէութիւնը տարածելու եւ ամրապնդելու համար։ Կրօնաւորներու մեծ խումբեր հաւաքելով՝ Գրիգոր թագաւորի պատուիրակութեան հետ մեծ շուքով կը վերադառնայ Հայաստան։ Երբ կու գայ եւ կը հասնի Հայաստանի սահմանները, Գրիգորը կ'իմանայ, որ տակաւին կանգուն կը մնայ Տարօն գաւառի Վահեվանեան հռչակաւոր ու մեծագանձ մեհեանը՝ լի ոսկիով ու արծաթով եւ մեծամեծ թագաւորներու կողմէն նուիրաբերուած հարուստ ու բազմազան ընծաներով։ Վահեվանեան մեհեանը հայոց ութերորդ հռչակաւոր պաշտամունքատեղն էր՝ ձոնուած Վիշապաքաղ Վահագնին, որ կը գտնուէր Եփրատ գետի ափին, [[Քարքէ լեռ|Քարքէ լերան]] վրայ՝ Տաւրոս մեծ լերան դիմաց։ Վահագնի այս մեհեանը Մեծ Հայքի թագաւորներու զոհատեղին էր, որ յաճախ կը կոչուէր Աշտիշատ։ Այստեղ [[Վահագնի Վահեվանեան]] մեհեանի կողքին տակաւին շէն ու կանգուն կը մնային նաեւ Անահիտին կամ Ոսկեմայր դիցուհիին ձօնուած բագինը, ինչպէս նաեւ Աստղիկ դիցուհիի մեհեանը, որ կը կոչուէր Սենեակ Վահագնի։ Գրիգորը կու գայ Աշտիշատ, որպէսզի քանդէ ու կործանէ այս երեք մեհեանները, ուր մարդիկ կը հետեւէին հին կրօնքին։ Գրիգորը Կեսարիայէն իր հետ բերած էր նաեւ [[Յովհաննէս Մկրտիչ]]ի եւ Աթանագինէսի նշխարները։ Երբ պատուիրակութիւնը կու գայ եւ կը հասնի Եփրատ գետի ափին, մեհեաններու դիմաց եւ կը կամենայ վեր բարձրանալ դէպի այն բարձրաւանդակը, ուր կառուցուած էին մեհեանները, սպիտակ ջորիներ լծած կառքը, որու վրայ դրուած էին սուրբերու նշխարները, կանգ կ'առնէ եւ այլեւս չի կարողանար ձորակ անցնիլ։ Այդ պահին Գրիգորին տեսիլ կ'երեւայ եւ անոր ցոյց կը տրուի նոյն այդ տեղը կառուցել մատուռ եւ քրիստոնէական սուրբերու ոսկորները այնտեղ թաղել։
Գրիգորի կարգադրութեամբ զօրքը իսկոյն գործի կ'անցնի, արագ կը կառուցէ մատուռը, գերեզման կը փորէ եւ քրիստոնէական սուրբերու ոսկորները կ'ամփոփէ այնտեղ։ Գրիգորը զօրքին հրաման կու տայ՝ բարձրանալ վեր եւ մուրճերով կործանել հեթանոս աստուածներու մեհեանները։ Սկիզբը այդ զօրքը չի յաջողիր, բայց Գրիգորի քաջալերանքով ու օգնութեամբ հիմնովին կ'աւերէ մեհեանները, քուրմերուն ու անոնց մօտ ծառայութեան եղած մարդոց կոտորումով։ Գրիգորը կը հաւաքէ տեղի բնակիչները, քրիստոնէութիւն կը քարոզէ, ապա մեհեաններուն տեղը եկեղեցւոյ հիմքեր կը շինէ եւ պաշտամունքի սեղան ու մկրտութեան աւազան կը կառուցէ։ Եւ քանի որ ինք օծուած եպիսկոպոս էր, այստեղ Տարօնի մէջն ալ ան հիմք կը դնէ եկեղեցիներու շինարարութեան։ Գրիգորը Տարօնի մէջ կը մնայ քսան օր եւ տեղացի բնակիչներուն մօտ 190000 մարդու կը մկրտէ, կը դարձնէ քրիստոնեայ։ Այնուհետեւ այս նոյն օրինակով ան Տարոնի տարբեր վայրերուն մէջ եկեղեցիներ կը կառուցէ եւ քահանաներ կը կարգէ։ Տրդատը, երբ կը լսէ Գրիգորի գալուստը, կը վերցնէ տիկնոջը՝ Աշխէնին եւ քրոջը՝ Խոսրովիդուխտին, ու մեծ զօրքով Վաղարշապատէն կ'ելլէ կու գայ Գրիգորին դիմաւորելու։Անդիմաւորելու։ Ան կու գայ եւ կը հասնի Բագաւան գիւղաքաղաք, ու կը սպասէին Գրիգորին։
 
Գրիգորը այդ ընթացքին տարբեր գաւառներու, գիւղերու ու աւաններու մէջ եկեղեցիներ կը կառուցէ, մկրտութիւն կը կատարէ, քահանաներ կը կարգէ։ Ապա կու գայ կը հասնի Բագավան։ Թագաւորը ամբողջ զօրքով դուրս կու գայ անոր ընդառաջ եւ [[Եփրատ գետ]]ի ափին կը դիմաւորէ զինք։ Տրդատին կը յանձնեն Ղեւոնդիոս կաթողիկոսի օրհնութեան նամակը, որ կ'ընդունուի մեծ ցնծութեամբ ու ուրախութեամբ։ Գրիգորը այնուհետեւ կը կարգադրէ արքայական բանակին պասով ու աղօթքով անցկացնել, իսկ ինքը Բագավանում եւ կից գաւառներուն մէջ կը շարունակէ նոր կրօնքը քարոզը, եկեղեցիներու կառուցումը, քահանաներու կարգումը։ Երբ պասի ու աղօթքի ժամկէտը կը լրանայ, Գրիգորը կը վերցնէ ամբողջ զօրքը, թագաւորին, թագուհիին, Խոսրովիդուխտին, բոլոր մեծամեծներուն ու իշխաններուն, վաղ առաւօտեան կ'իջնէ Եփրատի ափը եւ բոլորին կը մկրտէ։ Այնուհետեւ ան եօթը օր կը շարունակէ այդ արարողութիւնը եւ կը մկրտէ շուրջ չորս միլիոն մարդ՝ կին, տղամարդ ու մանուկ։ Քրիստոնէութեան ուսմունքի նահատակներու՝ [[Յովհաննէս Մկրտիչ]]ի եւ [[Աթանագինես]]ի յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, Գրիգորը կը կարգադրէ Բագավանի մէջ պաշտող [[Ամանոր]] եւ [[Վանատուր]] հեթանոս աստուածներու տօնը՝ Նավասարդի օրը, վերածել այդ քրիստոնէական սուրբերու տօնի։ Ան Տրդատէն կը խնդրէ երկիրի տարբեր տեղերէն աշակերտներ հաւաքել, տալ ուսման, գիտութիւն եւ քրիստոնէական վարդապետութիւն ուսուցանելու համար։ Տրդատ թագաւորը Հայոց երկրի տարբեր կողմերէն կը հաւաքէ ու կը բերէ ուշիմ, ուսման համար պատրաստ մանուկներու բազմաթիւ խումբեր եւ անոնց վրայ կը կարգէ հմուտ ուսուցիչներ։ Ան յատկապէս հաւաքած է քուրմերու կամ անոնց ցեղին պատկանող մանուկներուն, ապրուստի թոշակ նշանակում, խումբերու բաժանում, մասի մը կուտան յունական, միւս մասին՝ ասորական կրթութիւն։ Անոնց մեծ մասը յետագային կը դառնան քրիստոնեայ եկեղեցական նշանաւոր գործիչներ։ Այդպէս, Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ [[Տրդատ Մեծ]] թագաւորի ջանքերով Հայոց աշխարհին մէջ կը տարածուին քրիստոնէութիւնն ու օտար լեզուներով դպրութիւնն ու լուսաւորութիւնը։