«Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, փոխարինվեց: ։Ա → ։ Ա, → (6), ,ո → , ո oգտվելով ԱՎԲ
No edit summary
Տող 19.
 
Գրիգորը այդ ընթացքին տարբեր գաւառներու, գիւղերու ու աւաններու մէջ եկեղեցիներ կը կառուցէ, մկրտութիւն կը կատարէ, քահանաներ կը կարգէ։ Ապա կու գայ կը հասնի Բագավան։ Թագաւորը ամբողջ զօրքով դուրս կու գայ անոր ընդառաջ եւ [[Եփրատ գետ]]ի ափին կը դիմաւորէ զինք։ Տրդատին կը յանձնեն Ղեւոնդիոս կաթողիկոսի օրհնութեան նամակը, որ կ'ընդունուի մեծ ցնծութեամբ ու ուրախութեամբ։ Գրիգորը այնուհետեւ կը կարգադրէ արքայական բանակին պասով ու աղօթքով անցկացնել, իսկ ինքը Բագավանում եւ կից գաւառներուն մէջ կը շարունակէ նոր կրօնքը քարոզը, եկեղեցիներու կառուցումը, քահանաներու կարգումը։ Երբ պասի ու աղօթքի ժամկէտը կը լրանայ, Գրիգորը կը վերցնէ ամբողջ զօրքը, թագաւորին, թագուհիին, Խոսրովիդուխտին, բոլոր մեծամեծներուն ու իշխաններուն, վաղ առաւօտեան կ'իջնէ Եփրատի ափը եւ բոլորին կը մկրտէ։ Այնուհետեւ ան եօթը օր կը շարունակէ այդ արարողութիւնը եւ կը մկրտէ շուրջ չորս միլիոն մարդ՝ կին, տղամարդ ու մանուկ։ Քրիստոնէութեան ուսմունքի նահատակներու՝ [[Յովհաննէս Մկրտիչ]]ի եւ [[Աթանագինես]]ի յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, Գրիգորը կը կարգադրէ Բագավանի մէջ պաշտող [[Ամանոր]] եւ [[Վանատուր]] հեթանոս աստուածներու տօնը՝ Նավասարդի օրը, վերածել այդ քրիստոնէական սուրբերու տօնի։ Ան Տրդատէն կը խնդրէ երկիրի տարբեր տեղերէն աշակերտներ հաւաքել, տալ ուսման, գիտութիւն եւ քրիստոնէական վարդապետութիւն ուսուցանելու համար։ Տրդատ թագաւորը Հայոց երկրի տարբեր կողմերէն կը հաւաքէ ու կը բերէ ուշիմ, ուսման համար պատրաստ մանուկներու բազմաթիւ խումբեր եւ անոնց վրայ կը կարգէ հմուտ ուսուցիչներ։ Ան յատկապէս հաւաքած է քուրմերու կամ անոնց ցեղին պատկանող մանուկներուն, ապրուստի թոշակ նշանակում, խումբերու բաժանում, մասի մը կուտան յունական, միւս մասին՝ ասորական կրթութիւն։ Անոնց մեծ մասը յետագային կը դառնան քրիստոնեայ եկեղեցական նշանաւոր գործիչներ։ Այդպէս, Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ [[Տրդատ Մեծ]] թագաւորի ջանքերով Հայոց աշխարհին մէջ կը տարածուին քրիստոնէութիւնն ու օտար լեզուներով դպրութիւնն ու լուսաւորութիւնը։
==Աղբիւրներ==
* [[Դպրոցական Հանրագիտարան]], հատոր 3, էջ 212.
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
{{կաթողիկոսներ}}
{{Հայրաբանութիւն}}
 
[[Կատեգորիա:Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբեր]]
[[Կատեգորիա:Լուսաւորիչներ]]