«Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Վաղ տարիներ: Լեզուական անհրաժեշտ խմբագրութիւն կատարուած է։
No edit summary
Տող 5.
 
== Վաղ տարիներ ==
Գրիգոր հայոց արքայ [[Խոսրով Ա.]]-ը սպաննած ազգութեամբ [[Պարթեւ Անակի որդի|պարթեւ Անակի]] որդին էր։ Արշակունիներու վրէժխնդրութենէն հեռացնելու նպատակով ստնտու [[Սոփրիա]]ն եւ ոմն [[Եւթաղ]] զայն փախցուցին [[Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաք]]ը, ուր ան մկրտուեցաւ որպէս քրիստոնեայ, կրթուեցաւ եւ դաստիարակուեցաւ [[Փիրմիլիանոս եպիսկոպոս]]ի մօտ։ Չափահաս տարիքին ամուսնացաւ Դաւիթ անունով իշխանի դստեր Մարիամի հետ, որմէ ունեցաւ երկու զաւակ։ Շուտով Մարիամը կրտսեր որդիի՝ [[Արիստակես|Արիստակէս]]ի հետ մտաւ կուսանոց, իսկ Գրիգոր Լուսաւորիչը, աւագ որդի [[Վրթանես|Վրթանէսը]] տալով խնամատուին, [[287]]-ին քարոզչական առաքելութեամբ վերադարձաւ [[Մեծ Հայք]]։ Գրիգոր Լուսաւորիչը կրցաւ [[Տրդատ Գ.]] թագաւորի արքունիքին մէջ դառնալ պալատական պաշտօնեայ եւ քրիստոնէական ուսմունքի համար հող նախապատրաստել [[Վաղարշապատ]] մայրաքաղաքին մէջ։
 
== Քրիստոնէութեան ընդունումը ==