«Գրիգոր Նարեկացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 46.
Գրիգոր Նարեկացիէն մնացած են մեծ թիւով գործեր՝ «Մեկնութիւն երգոց երգոյն Սողոմոնի», չորս ներբող, գանձեր, տաղեր (թիւով 30-էն աւելի), «Մատեան ողբերգութեան» չափածոյ աղօթագիրքը, թուղթեր եւ այլ գործեր։ Այդ երկիրներէն լաւագոյնները տաղերն են եւ «Մատեան ողբերգութեան» քնարական չափածոյ աղօթագիրքը։
=== Մատեան ողբերգութեան ===
[[Պատկեր:Saint Gregory Of Narek.jpg|մինի|ձախից|Գրիգոր Նարեկացիի նկարը Վատիկանի մէջ]]
1rightarrow.png Հիմնական յօդուած՝ Մատեան ողբերգութեան
Նարեկացիէն՝ մեզի հասած գրական ժառանգութեան կարեւորագոյն ստեղծագործութիւնը «Մատեան ողբերգութեան»ն է, որ հայ միջնադարեան գրականութեան միտքի ամենամեծ արգասիքն է, մարդկութեան ստեղծած գեղարուեստական մեծագոյն արժէքներու թիւին կը պատկանի ։ Աղօթագիրքը ամփոփումն է այն լաւագոյնին, զոր ստեղծած է հայ քերթողական միտքը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ Ժ. դար։ Աղօթագիրքը բաղկացած է 95 գլուխներէ։ Ժանրային առումով անիկա քնարական–հոգեւոր է։ Յայտնի չէ, թե քանի տարուան ընթացքին գրուած է աղօթագիրքը, սակայն աւարտած է մահէն մէկ տարի առաջ՝ 1002-ին։
Աղօթագիրքը գրաբարէն աշխարհաբարի վերածած է Մկրտիչ Խերանեան։ Հայ գրականութեան մէջ բազմաթիւ են աշխարհաբար թարգմանութիւնները։ Վազգէն Գէորգեան թարգմանած է աղօթագիրքին ծաղկաքաղը։