«Գրիգոր Նարեկացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 62.
Նարեկացիի փոխաբերութիւնները, համեմատութիւնները, մակդիրները, որոնք բանաստեղծութեան մէջ կը յորդորեն հեղեղի նման, միշտ ինքնատիպ են, համարձակ եւ գեղագիտական բարձր ճաշակի ու զգացողութեան արտայայտութիւն։
Ժամանակի գրական լեզուն՝ գրաբարը, ինչ հարստութեան որ հասած էր պատմիչներու, եկեղեցական գրողներու ու բանաստեղծներու գործերուն մէջ, չէր կրնար Նարեկացիի ստեղծագործական երեւակայութեան անսահման թռիչքը, իրարամերժ խոհերու եւ զգացումներու բոլոր նրբերանգները արտայայտել։ Անոնցմէ առաջ բուն բանաստեղծական լեզուն շատ աւելի աղքատ ու միատարր էր, քան մեր պատմիչներու լեզուն։ Եկեղեցական կանոններուն հետեւիլը կը խանգարէր հոգեւոր երգերու (շարականներու) հեղինակներուն լեզուական նոր մուծումներ կատարել այն աստիճանի, որ անոնց լեզուական անհատականութիւնը գրեթէ կը կորսուէր։ «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին յաւերժ մնայուն գեղարուեստական արժէքը, բովանդակութեան խորութեան ու մեծութեան հետ, պայմանաւորուած է անոր բանաստեղծական արուեստի անսահման հարստութեամբ։ Նարեկացիի բանաստեղծական արտայայտչական միջոցներն ու ձեւերը անսպառ են, բազմազան ու գունագեղ, իսկ բառարանը՝ հայ գրականութեան մէջ ամենահարուստը։
 
Գրիգոր Նարեկացի գրականութեան մէջ մնաց անգերազանցելի՝ բովանդակութեան համապատասխան ոտանաւորի տարբեր չափեր ստեղծելու եւ օգտագործելու, ռիթմի ու երաժշտականութեան անկրկնելի արդիւնքներու հասնելու հարցին մէջ։ Մ. Մեծարենց ճիշդ նկատած է, թէ Նարեկացի «գիտէր ծովաձայն հնչեցնել բառերը»։
Նարեկացի, որպէս երաժիշտ, նոր շունչ ու կեանք տուած է հայ միջնադարեան մասնագիտացած երգարուեստին։ Յատկապէս իր տաղերուն երաժշտական բաղադրիչներուն մէջ յաղթահարուած են շարականներու հին, ութ-ձայնի դրութեան կապուած եղանակներու կազմութեան՝ տուեալ պատմաշրջանի համար արդէն քարացած ձեւերը։ Ընդհանրապէս նախատեսուած չըլլալով պարտադիր-կիրառական նպատակներու համար՝ տաղերը ազատ մնացած են եկեղեցական կանոնական մտածողութենէն ու աւելի անկաշկանդ (քան, օրինակ, շարականները) հարստացած են ժող-գուսանական արուեստէն եկող կենսունակ տարրերով։ «Մատեան ոդբերգութեան» աղօթագիրքին գեղարուեստական անընդգրկելի մեծութեան ամենացայտուն ապացոյցներէն է մեր գրականութեան վրայ ձգած անոր հսկայական ազդեցութիւնը։ Անկէ սորված եւ ներշնչուած են ոչ միայն միջնադարու, այլեւ նոր ժամանակներու հայ բանաստեղծութեան նշանաւոր դէմքերը։