«Անուշաւան Արք. Դանիէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 57.
1974 թուին, ձեռամբ [[Խորէն Ա.Կաթողիկոս]]ի, կը ստանայ վարդապետութեան չորս աստիճանները:
 
«Մեր Հայրերը կը խօսին» մատենաշարի հաստատումով , հայր Սուրբը յաջորդաբար աշխարհաբարի կը վերածէ Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ Ընդհանրական»-ը, [[Բարսեղ Մաշկեւորցի]]ի «Յորդորակներ»-ը, [[Յովհան Երզնկացի]]ի «Խրատ Բոլոր Քրիստոնեաներուն»-ը:
 
Իր կոթողական գործը կ'ըլլայ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ ՝ պատրաստել [[«Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագիրներու Յուցակ»-ը:]]
 
Թարգմանութեանց առընթեր, ան աշխատակցած է [[«ՀԱՍԿ»]] Հայագիտական տարեգրքին ու «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթին, [[«Հայկազեան» Հայագիտական տարեգիրք|«Հայկազեան» Հայագիտական տարեգրքին]], [[«N.E.S.T.»]] աստուածուածաբանական պարբերագրին: Վերոյիշեալ աշխատանքներուն զուգահեռ, ան կը շարունակէ իր բարձրագոյն կրթութիւնը Հայկազեան Քոլէճ՝ հետեւելով Հոգեբանութեան, իսկ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանը՝ (N.E.S.T.) , ուրկէ կը ստանայ Մագիստրոս Աստուածաբանութեան աստիճանը (M.Div.), աւարտաճառի նիւթ ներկայացնելով ՝«Մարկոսի Աւետարանի քննական բնագիրը՝ հայկական հնագոյն 3 ձեռագիրներու բաղդատումով»:
 
Հայր Անուշաւանի ծառայութեան գլխաւոր մարզերէն մին կը հանդիսանայ ուսուցումը եւ երիտասարդաց հետ ըլլալով զանոնք Աստուծոյ առաջնորդելու պարտականութիւնը: Դպրեվանքէն, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկէն, [[Մարտիկեան Վարժարան|Մարտիկեան]] եւ [[Կարմիրեան վարժարան]]ներէն ներս, ան կը դասաւանդէ Հայ հաւատքը եւ Հայ մշակոյթը:
Տող 77.
Իր աւարտաճառին առնչութեամբ եւ Ձեռագիրներու հաւաքման գծով, Հայր Սուրբը դարձեալ ճամբորդած է Հայաստան , ինչպէս նաեւ Երուսաղէմ եւ Վենետիկ: Երուսաղէմի մէջ ան վայելած է Թորգոմ Պատրիարքի ասպանջականութիւնը:[[Վենետետիկի Ս.Ղազար վանք]]ին մէջ ան վայելած է [[Մխիթարեան Միաբանութիւն|Մխիթարեան Միաբանութ]]եան անվերապահ աջակցութիւնը:
 
1984- 1991, ստանձնած է քարոզիչի պարտականութիւն՝ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ , Նիու Ճըրզիի Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Պէյսայտի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ: Ան հաստատած է Ս.Գրքի սերտողութեան պահեր , կազմակերպած է Երիտասարդական սեմինարներ ու դասախօսական շարքեր եւ հիմնած է «Շարական» երգչախումբը:
 
== Հայր Սուրբը եւ Ազգային Առաջնորդարանը ==