«Անուշաւան Արք. Դանիէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: դ: → դ։ (26)
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 6.
| չափ =
| նկարագրութիւն =
| ծնած է = [[29 Յունուար]] [[1951]]
| ծննդավայր = [[Պէյրութ]]
| վախճանած է =
Տող 31.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան''' (ծն․՝ [[29 Յունուար]] [[1951]], [[Պէյրութ]]),Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդական փոխանորդ։
 
== Կենսագրութիւն ==
Տող 45.
 
== Տիրոջ Ծառան ==
[[26 Նոյեմբեր]] [[1972]]-ին, Թորգոմ Սարկաւագ քահանայ կը ձեռնադրուի ձեռամբ Թեհրանի Առաջնորդ Գերշ. Տ. [[Արտակ Արքպս. Մանուկեան]]ի, վերակոչուելով՝ Տ. Անուշաւան Քահանայ, իսկ երեկոյեան վեղարի տուուչութեամբ՝ Տ. Անուշաւան Աբեղայ։
Յունուար 1973-ին, Ամանորի առիթով, 22 տարեկան Անուշաւան Աբեղայ Դանիէլեան Մայրավանքի [[Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար]]ի խորանին վրայ, իր անդրանիկ պատարագը կը մատուցէ։
 
== Կեանքը Անթիլիասէն ներս եւ բարձրագոյն կրթութիւն ==
Հոգեւոր հայրերու իր ընկերակցութենէն քաղած պտուղները հաւատացեալներուն բաժնելու իր աշխատանքներուն երեխայրիքը կը հանդիսանայ 12-րդ դարու հայրերէն՝ [[Սարգիս Շնորհալի]]ի «Յորդորակներ»ը գրաբարէ աշխարհաբար վերածումը, զայն ներկայացնելով նաեւ որպէս աւարտաճառի նիւթ:
 
1974 թուին, ձեռամբ [[Խորէն Ա.Կաթողիկոս]]ի, կը ստանայ վարդապետութեան չորս աստիճանները:
 
«Մեր Հայրերը կը խօսին» մատենաշարի հաստատումով , հայր Սուրբը յաջորդաբար աշխարհաբարի կը վերածէ Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ Ընդհանրական»-ը, [[Բարսեղ Մաշկեւորցի]]ի «Յորդորակներ»-ը, [[Յովհան Երզնկացի]]ի «Խրատ Բոլոր Քրիստոնեաներուն»-ը։
 
Իր կոթողական գործը կ'ըլլայ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ ՝ պատրաստել [[«Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագիրներու Յուցակ»-ը:]]
 
Թարգմանութեանց առընթեր, ան աշխատակցած է [[«ՀԱՍԿ»]] Հայագիտական տարեգրքին ու «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթին, [[«Հայկազեան» Հայագիտական տարեգիրք|«Հայկազեան» Հայագիտական տարեգրքին]], [[«N.E.S.T.»]] աստուածուածաբանական պարբերագրին։ Վերոյիշեալ աշխատանքներուն զուգահեռ, ան կը շարունակէ իր բարձրագոյն կրթութիւնը Հայկազեան Քոլէճ՝ հետեւելով Հոգեբանութեան, իսկ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանը՝ (N.E.S.T.) , ուրկէ կը ստանայ Մագիստրոս Աստուածաբանութեան աստիճանը (M.Div.), աւարտաճառի նիւթ ներկայացնելով ՝«Մարկոսի Աւետարանի քննական բնագիրը՝ հայկական հնագոյն 3 ձեռագիրներու բաղդատումով»:
 
Հայր Անուշաւանի ծառայութեան գլխաւոր մարզերէն մին կը հանդիսանայ ուսուցումը եւ երիտասարդաց հետ ըլլալով զանոնք Աստուծոյ առաջնորդելու պարտականութիւնը։ Դպրեվանքէն, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկէն, [[Մարտիկեան Վարժարան|Մարտիկեան]] եւ [[Կարմիրեան վարժարան]]ներէն ներս, ան կը դասաւանդէ Հայ հաւատքը եւ Հայ մշակոյթը։
 
== Համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդէն Ներս ==
Տող 66.
 
== Միացեալ Նահանգներ Ի Խնդիր Առաւել Ուսման ==
1984 Յուլիսին, Անուշաւան Վրդ. կը ժամանէ [[Նիւ Եորք]] իբրեւ ուսանող եւ 1985-ին, [[Փրինսթըն]]ի աստուածաբանական Դպրեվանքէն կը ստանայ Մագիստրոս Աստուածաբանութեան աստիճանը (ՏԷԽՄԽ), որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով «Ս. Օգոստինոսի խոստովանութիւններ եւ [[Ս. Գրիգոր Նարեկացի]]ի Նարեկ մատեանի զուգահեռ ներքին ճամբորդութիւնները». ապա կը յաճախէ [[Քոլոմպիա Համալսարան]]ը եւ 1992-ին կը ստանայ Մագիստրոս Փիլիսոփայութեան (ՄԽՊԷԻԼԽ աստիճանը):
 
Ան ստացած է Դոկտորական տիտղոս՝ Քոլոմպիա համալսարանէն (Նիւ Եորք):Քոլոմպիա համալսարանի Հայագիտական Ամպիոնի իր ուսուցիչներէն կը յիշէ Նինա Կարսոյեանն ու Փրոֆ. Փիթըրը Քաուի եւ ճէյմս Րասլ , որոնք իրենց ակադեմական ամբողջ կեանքը նուիրած են սերտելու եւ ծանօթացնելու Հայ մշակոյթը հայ եւ օտար աշակերտներու ու մասնագէտներու։
Տող 77.
1987-էն ի վեր ստանձնած է Գրիգոր Տաթեւացի երիտասարդաց լսարանի տնօրէնութիւնը։ Ամէն տարի աճող , հինգ դասարաններով այս լսարանին մէջ կը դասանդուին Հայ լեզու եւ պատմութիւն եւ աստուածաբանութիւն , բարոյագիտական եւ երիտասարդութիւնը յուզող այժէական հարցեր։
Հայր նաեւ կրօն եւ բարոյագիտութիւն կը դասաւանդէ Ազգ. Առաջնորդարանի [[Սիամանթօ]] լսարանէն ներս։ Առաջնորդարանի Կրօնական ժողովոյ Ատենապետի եւ Առաջնորդական Փոխանորդի հանգամանքով ընկերացած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր կրօնական կամ քաղաքական անձնաւորութեան հետ հանդիպումներուն , ինչպէս նաեւ անձամբ եղած է տարբեր համայանքներուն մեջ , մօտէն ծանօթանալով անոնց կարիքներուն։ Ան եղած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին հոգեւորականը , որ նշանակուած է Նիւ Եորք նահանգի Ոստիկանութեան Հոգեւոր Խորհրդատու) [[Chaplain)]]:
 
 
== Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն ==
Տող 89 ⟶ 88՝
* 25th Anniversary of the Ordination to Priesthood of Very Reverend Anoushavan Tanielian։
 
{{DEFAULTSORT:Դանիէլեան, Անուշաւան}}
[[Կատեգորիա:29 Յունուարի ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:1951 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Պէյրութ ծնածներ]]