«Դաւիթ Բէկ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Դաւիթ Բէկ'''. կամ '''Դաւիթ Սիւնեցի''', ծննդեան թուական անյայտ- 1728, հայ զորավար 1722ին երբ օտար...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

20:56, 21 Հոկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Դաւիթ Բէկ. կամ Դաւիթ Սիւնեցի, ծննդեան թուական անյայտ- 1728, հայ զորավար 1722ին երբ օտարազգիներ Սիւնեաց երկրին վրայ կը յարձակէին՝ հայազգի երեւելիներէն մին Ստեփանոս, յիսուն տանուտէրերու կողմէ աղաչանաց թուղթ մը գրեց եւ Տփղիս երթալով անձամբ Վրաց Շահնաւուզ իշխանին տուաւ, Ստեփանոս այդ թղթով կը խնդրէր՝ Սիւնեաց երկրին վրայ իշխան մը կարգել: Շահնաւուզ Սիւնեցի զօրապետ Դաւիթը իրեն կանչեց եւ առաջարկեց որ իր հայրենիքը դառնայ զայն պաշտպանելու համար օտարներու յարձակման դէմ: Դաւիթ բէկ սիրով յանձն առաւ եւ Սիսան գաւառը մեկնեցաւ 40 հայազգի զինուորներով եւ բանակեցաւ Երեք գագաթ (իւչ թէփէ) կոչուած դաշտավայրը եւ մաքրեց Քարա չօռլու կոչուած թշնամէն: Այսպէս կամաց կամաց յառաջացաւ, աւաններն ու գիւղերը ազատելով թշնամիներու ձեռքէն եւ ըստ այնմ իր զօրաց թիւն ալ աւելցուց:

Դաւիթ բէկի աջ բազուկն էր Մխիթար սպարապետը, յետոյ իրեն միացաւ Արցախի Զավնտուր գաւառի իշխանը Թորոս:

Այդ ատեն Հալիձոր աւանին մէջ իրենց քաջութեամբ նշանաւոր էին Փարսատան եւ փեսան Տէր Աւետիք երէցը, մանաւանդ վերջինս՝ որ քաջ զինաշարժ էր: Դաւիթ ասոնց պատգամաւոր ղրկելով առաջարկեց որ միանան իրենց հետ, երբ յանձն չառին՝ բռնել զանոնք եւ Շնհերի մէջ բանտեց. քիչ ետք Ուտէացւոր Յովհաննէս իշխանը Շնհեր գալով ազատեց կալանաւորները եւ Տաթեւ երթալով Դաւիթի գանձը ամբողջ առաւ եւ իր տեղը դարձաւ: Դաւիթ լուռ կեցաւ, որովհետեւ Յովհաննէսէն կ’ակնածէր: Տէր Աւետիք ինքնակամ ենթարկուեցաւ Դաւիթի եւ 440 զինուորներու վրայ զօրավար կարգուեցաւ:

1723ին այլազգի երեք նախարարներ իմանալով որ Թորոս միացած է Դաւիթի հետ. 18 հազարնոց բանակով անոր վրայ յարձակեցան ու յաղթուեցան: Երկրորդ յարձակման մը դիմադեցին Մխիթար, Տէր Աւետիք ու Դաւիթ բէկ. 1724ի ծաղկազարդին երբ Դաւիթ Որոտն աւանին մէջ երկրորդ յաղթութիւն մը տարաւ՝ Նախջուանայ նախարարը 14 հազար զօրքով Դաւիթի վրայ եկաւ. ասոնց վախճանն ալ պարտութեամբ վերջացաւ. Բայց փախստական թշնամին յանկարծ ետ դառնելով անպատրաստ գանուող հայ բանակին վրայ յարձակեցաւ եւ մինչեւ գետափը՝ հալածեց: Դաւիթ Հալիձսրի մէջ ամրոց մը շինելով հոն բնակեցաւ: 1725ին շատ մը թիւրքմէն զինուորներ Ղազանկուլայ լեռնէն Փոքր Սիւնիս իջան ու սկսան աւարի առնել: Դաւիթ ասոնց դէմ ղրկեց Մխիթար սպարապետը, որ ի սկզբան պաշարուեցաւ թշնամիէն, բայց Տէր Աւետիք իր բանակով օգնութեան հասնելով զայն ազատեց եւ երկուքը միասին հալածեցին Թիւրքմէնները, գրաւելով անոնց աւարը:

Մինչդեռ Հայոց յաղթական բանակը ուրախութեամբ ետ կը դառնար լուր հասաւ Դաւիթ թէ Բարկուշատայ իշխանը զօրաց բազմութեամբ իրեն վրայ կու գայ. Դաւիթ Մխիթարը ութը հազար զօրքով թշնամւոյն դէմ հանեց, միասին ղրկելով Ստեփանոս Լրթանէսեան Կենաւուղայ իշխանը եւ Փարսատանայ Պալի զօրավարը:

Եւ որովհետեւ Մխիթար սրտնեղած էր Դաւիթի դէմ, պատերազմի սաստկացած պահուն ետ քաշուեցաւ կռուոյ դաշտէն, եւ ուրիշները հետապնդելով զիրենք՝ մօտ չորս հարիւր հայ զինուոր սպաննեցին եւ զոմանս ողջ ողջ գերի բռնեցին, որոնց մէջ էր Ստեփանոս: Դաւիթ զայրացած՝ սպաննել ուզեց Մխիթարը, սակայն հայ մեծամեծները հաշտեցուցին զիրենք: Դաւիթի սրտէն սակայն սուգը չանհետացաւ, որովհետեւ շատերը կը պակսէին իր զօրքերէն, մանաւանդ Ստեփանոս եւ Պալի զօրաւարները: 1726ին երբ այլազգիները միացան կրկին Սիւնեաց աշխարհի վրայ յարձակեցան՝ Հայոցմէ շատերը զարհուրած հեռացան Դաւիթէն եւ այլազգաց հետ միացան: Դաւիթ 70 զինուորով Հալիձորի ամրոցը մնաց, որոնց հետ էր եւ Մխիթար. քիչ վերջ հոն եկան Մելիք Փարսատան, Տէր Աւետիք քանի մը հոգիով, հասան եւ ուրիշներ եւ Դաւթի բանակի զինուորներու թիւր հասաւ 453ի բացի եկեղեցականներէ, միանձնուհիներէ եւ ընտանիքներէ:

Դաւիթ բէկ չուզելով ինքնագլուխ դէպի պատերազմ առաջնորդել իր աննշան թուով բանակը, ժողովի հրաւիրեց եւ հարցուց –անձնատո՞ւր ըլլալ թէ դիմադրել: - Պատերազմի՛նք, եղաւ պատասխանը: Յաջորդ օրը եկեղեցական պաշտամունք տեղի ունեցաւ, ամէնքը խոստովանեցան եւ հաղորդուեցան եւ պատերազմէ աւելի՝ մահուան պատրաստուեցան:

Երբ լուր առին այլազգիք թէ Դաւիթ Հալիձորի բերդին մէջ ամրացած է եւ չ՛ուզեր հնազանդիլ՝ գունդ մը զօրք ղրկեցին բերդը գրաւելու համար: Հայերը այլազգեաց հետ խառնուած էին, յայտնեցին թէ գուդ մը զօրքով կարելի չէ Դաւիթն ու իր իշխանները նուաճել եւ խորհուրդ տուին բազմութեամբ յարձակիլ անոր վրայ: Եօթանասուն հազար հոգի, ամէնքն ալ զինուած, որոնց մէջ էին Սիւնեաց երկրի այլ եւ այլ գաւառներէ Հայեր՝ Հալիձորի բերդին մօտ բանակեցան:

Իսկ անոնք, որոնք Դաւիթի հետ ամրոցին մէջ էին, վերէն տեսնելով թշնամեաց բազմութիւնը, սարսափած դողալ սկսան եւ ոմանք ծածուկ փախչելով՝ գացին թշնամի բանակին մէջ գտնուող հայոց հետ միացան:

Դաւիթ, Մխիթար եւ Տէր Աւետիք քանի մը հարիւր հոգւով ութը օրուայ մէջ թշնամիին բանակը յուսահատութկան մատնեցին իրենց ռազմագիտութեամբ, այնպէս որ պարսից թագաւորը Շահ Թահմազ տեսնելով որ Դաւիթ բէկ անպարտելի է՝ զինքը իր Սիւնեաց Արցախի եւ Փայտակարանի նախարարաց վրայ մեծ իշխան կարգեց, հրաման տուաւ իր անունով դրամ կտրելու եւ ստիպեց որ թէ՝ այլազգիք եւ թէ՝ հայք անոր հնազանդին: Դաւիթ սկսաւ իր երկրին սահմանները ընդառձակել, գրաւեց քաղաքներ եւ աւաններ երբեմն պատերազմով, երբեմն խաղաղութեամբ: Ի վերջոյ 1628ին Հալիձոր հասնելով հիւանդացաւ եւ վեց տարի իշխանելէ ետք՝ իր տանը մէջ մեռաւ խաղաղութեամբ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 604: