«Գրիգոր Դաւիթեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Դաւիթեան Գրիգոր''', բժիշկ, ծնած է Սեբաստիա 12 Դեկտեմբեր 1886ին ու վախճանած է Ապրիլ 1924 զաւ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

23:26, 22 Հոկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Դաւիթեան Գրիգոր, բժիշկ, ծնած է Սեբաստիա 12 Դեկտեմբեր 1886ին ու վախճանած է Ապրիլ 1924 զաւակն է դատական պաշտօնեայ Ստեփան Դաւիթեանի, մօր կողմանէ ժառանգած էր Ակնայ ամիրայական ընտանիքներէն՝ Միսաքեաններու արիւնը:

Նախնական կրթութիւնը Սեբաստիա ընելէ վերջ, ուսումը կը շարունակէ Պոլիս, Ռոպէրթ Գօլէճի մէջ, ուր կը ծանօթանայ իրեն տարեկից Միհրան Գարակէօզեանի հետ, ծանօթութիւն մը՝ որ ապագային պիտի սերտանար աւելի սեղմ կապերով:

Երեք տարի գօլէճ մնալէ վերջ (1885-1888) առանց աւարտելու կ’անցնի Բարիզ ու կը հետեւի բժշկական համալսարանի դասընթացքին, զոր կ’աւարտէ 1894ին:

Իր արձակուրդներու ընթացքին քանիցս ճամբորդութիւններ կ’ընէ Անգլիա, Սկովտիա: Իր երիտասարդ տարիներու կրած ազդեցութիւններով կը բացատրուի այն պարագան որ ինք միշտ հիացող մը եղած է անկլօսաքսոն կրթութեան վրայ:

1895ին կը վերադառնայ Պոլիս: Բերայի հայ շրջանակի մէջ առաջին մէկ օրէն ուշադրութիւն կը գրաւէ իր հանրանուէր պատրաստակամութիւնը. յաջողաբար կ’անդամակցի Բերայի Աղքատախնամին իբրեւ բժիշկ-ատենապետ, Բերայի Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ թաղական խորհուրդին:

1908ին Օսմանական Սահմանադրութիւնը խանդավառած էր թրքահայ կեանքը, հանրային գործերը նոր թափ առած էին:

Տքթ. Դաւիթեան, որ խղճամիտ եւ խելացի գործունէութեամբ ու իր անշահախնդիր ուղիղ նկարագրով համակրանքի մթնոլորտ մը ստեղծած էր իր շուրջը, 1 Մարտ 1908ին կը հրաւիրուի Ազգային Հիւանդանոցի բժշկապետութեան պաշտօնին ու միանգամայն Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին խնամակալ ժողովի անդամակցութեան:

Անիկա Ազգային Հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը կը վարէ 13 տարի, մինչեւ 1921: Այդ երկրորդ շրջանին, թէեւ ծանրաբեռնուած յաճախ շատ աւելի պատասխանատու պարտականութիւններով, ան իր պաշտօնը կը վարէ բժշկական կոչումի լայն ու մարդկային հակացողութեամբ մը: Այս երկար շրջանին ան Ազգին տունը կը ջանայ օժտել կարելիին չափով, բժշկական տիպար սպասարկութեամբ. հիւանդանոցը փորձարկութեան դաշտ մը կ’ըլլայ հայ բժշկական ուսանողներու, որոնք կը հետեւէին տեւականապէս Տքթ. Դաւիթեանի դարմանումներուն: Այդ ուսանողներէն մէկ քանին իրմէ վերջ. մինչեւ այսօր նոյնքան ձեռնհասութեամբ կը վարեն Ազգ. հիւանդանոցի բժշկական հոգատարութիւնը:

1911-1912 թուականներուն, Պոլսոյ Հայ բժշկական Միութեան կազմութիւնն ալ կը պատկանի որքան Տքթ. Թորգոմեանի եւ Տքթ. Մատթէոսեանի նոյնքան ալ Տքթ. Դաւիթեանի նախաձեռնութեան:

Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան մէջ ան վարած է, 1908էն մինչեւ 1914, ատենապետի պաշտօնը. Վեցամեայ այդ շրջանին վարժարանը խմորումներու ենթարկուած էր, խնամակալութեան մէջ կային հակոտնեայ տարեր. Տքթ. Դաւիթեան յաջողեցաւ սակայն անկողմնակալ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել անոնց միջեւ ու վարժարանը բարձրացնել նոր պահանջներու համապատասխան մակարդակի:

1913ին Պոլսոյ մէջ պահանջը զգացուեցաւ գործօն եւ բանիմաց նոր Քաղաքական Ժողովի մը: Տքթ. Դաւիթեան նկատուեցաւ յարոարագոյն անձերէն մէկը: Ինքը ստանձնեց վարչութեան ատենապետութիւնը:

1915ի աքսորէն հրաշքով զերծ մնաց:

1918 Հոկտեմբերեան զինադադարին Տքթ. Դաւիթեան համախորհուրդ Օրմանեան արքեպիսկոպոսի –որ ատենապետն էր լուծեալ կրօնական ժողովին -եւ Հայկ Խօճասարեանի –որ ատենապետն էր լուծեալ Ազգ. Ժողովին – Տքթ. Դաւիթեան թելադրեց պարտ. փոխանորդ Գաբրիէլ եպ. Ճէվահիրճեանի որ թագրիրով պահանջէ կառավարութենէն Ազգ. Սահմանադրութեան վերահաստատումը:

19 Փետրուար 1919ին երբ աքսորական պատրիարք Զաւէն Սրբազան Պոլիս կը հասնի չկրցաւ յարմարագոյն թեկնածու մը գտնել Քաղաքական Ժողովին՝ քան Տքթ. Դաւիթեանը...:

Նոր վարչութիւնն էր որ կազմակերպեց խնամատարութիւնը, որ աստիճանաբար պիտի վերածուէր ինքուրոյն եւ չափազանց կարեւոր օրկանի մը: Որոշ թիւրիմացութիւններ ստիպեցին սակայն այդ Քաղաքական Ժողովը, որ 1919ի յունիսին իր հրաժարականը ներկայացնէր:

Նորընտիր վարչութեան մէջ սակայն նմանապէս Տքթ. Դաւիթեանը եղաւ գլխաւոր դերակատարը, ըլլալով Բ. ատենապետ եւ երտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու...:

Տքթ. Դաւիթեանի նախաձեռնութեան կը պատկանի այդ օրերու «Տեղեկատու Դիւան»ի կազմակերպութիւնը, որ վարչութեան լուծումէն վերջն անգամ երկար ժամանակ իր հսկողութեան տակ պահեց այդ Դիւանը: Իր հանրային գործունէութեան վերջին փուլը եղած է իր մասնակցութիւնը Ազգ. Խնամատարութեան:

Տքթ. Դաւիթեան իր կեանքի վերջին տարիներուն, յոգնած՝ Ազգային մթնոլորտը թունաւորող թիւրիմացութիւններէն, սփոսանք փնտռեց այլապէս իր սրտին մօտիկ գործի մը մէջ: Պոլսոյ մէջ Տիարք Արամ եւ Սարգիս Գարակէօզեաններու հիմնած որբանոցի (Հաուըրտ Գարակէօզեան Հօմի) տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ, որ 5 Նոյեմբեր 1921ին կը բացուի Գուզկունչուգ, ուր կը փոխադրուի Տքթ. Դաւիթեան ընտանեօք:

1922ի աշնան Քէմալական արշաւանքին Պոլսոյ վրայ՝ Տիար Միհրան Գարակէօզեանի հաւանութեամբ, Տքթ. Դաւիթեան ՀՕՄը յարմարագոյն տեղ մը փոխադրելու համար Ռումանիա կ’անցնի յարմարագոյն շէնք մը գտնելու նպատակով իր որոնումները ապարդիւն կ’անցնին սակայն:

1923ին երիկամունքի անողոք հիւանդութիւն մը կը ստիպէ Տոքթէօրը անցնիլ Վիեննա, ապա Բարիզ եւ վերջապէս 1924ի գարնան Գլամառ կ’անցնի, ուր այդ տարին Ապրիլի վերջերը կը փակէ իր աչքերը եւ 30ին իր մարմինը կ’ամփոփուի Փէռ Լաշէզ:

Իր մահէն քիչ ետք. 1924 Յուլիսին Տիար Միհրան Գարակէօզեան կը գնէ Ֆրանսա, Կոտինիէռի շաթօն ուր կը վերաբացուի 1924 Հոկտեմբերին Գարակէօզեան Հօմը:

Տոքթէօրին սկսած գործը կը շարունակեն այնուհետեւ, նոյնպէս նուիրումով եւ նոյնքան խղճմտութեամբ այրի տիկին Արուսեանկ Դաւիթեան եւ իր զաւակ պ. Նուպար Դաւիթեան:


Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 607: