«Գրիգոր Դաւիթեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Դաւիթեան Գրիգոր''', բժիշկ, ծնած է Սեբաստիա 12 Դեկտեմբեր 1886ին ու վախճանած է Ապրիլ 1924 զաւ...»:
 
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Դաւիթեան Գրիգոր''', բժիշկ, ծնած է Սեբաստիա [[12 Դեկտեմբեր]] [[1886]]ին ու վախճանած է Ապրիլ [[1924]] զաւակն է դատական պաշտօնեայ Ստեփան Դաւիթեանի, մօր կողմանէ ժառանգած էր Ակնայ ամիրայական ընտանիքներէն՝ Միսաքեաններու արիւնը:
 
Նախնական կրթութիւնը Սեբաստիա ընելէ վերջ, ուսումը կը շարունակէ [[Պոլիս]], Ռոպէրթ Գօլէճի մէջ, ուր կը ծանօթանայ իրեն տարեկից Միհրան Գարակէօզեանի հետ, ծանօթութիւն մը՝ որ ապագային պիտի սերտանար աւելի սեղմ կապերով:
Տող 14.
Տքթ. Դաւիթեան, որ խղճամիտ եւ խելացի գործունէութեամբ ու իր անշահախնդիր ուղիղ նկարագրով համակրանքի մթնոլորտ մը ստեղծած էր իր շուրջը, [[1 Մարտ]] [[1908]]ին կը հրաւիրուի Ազգային Հիւանդանոցի բժշկապետութեան պաշտօնին ու միանգամայն Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին խնամակալ ժողովի անդամակցութեան:
 
Անիկա Ազգային Հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը կը վարէ 13 տարի, մինչեւ [[1921]]: Այդ երկրորդ շրջանին, թէեւ ծանրաբեռնուած յաճախ շատ աւելի պատասխանատու պարտականութիւններով, ան իր պաշտօնը կը վարէ բժշկական կոչումի լայն ու մարդկային հակացողութեամբ մը: Այս երկար շրջանին ան Ազգին տունը կը ջանայ օժտել կարելիին չափով, բժշկական տիպար սպասարկութեամբ. հիւանդանոցը փորձարկութեան դաշտ մը կ’ըլլայ հայ բժշկական ուսանողներու, որոնք կը հետեւէին տեւականապէս Տքթ. Դաւիթեանի դարմանումներուն: Այդ ուսանողներէն մէկ քանին իրմէ վերջ. մինչեւ այսօր նոյնքան ձեռնհասութեամբ կը վարեն Ազգ. հիւանդանոցի բժշկական հոգատարութիւնը:
 
[[1911]]-[[1912]] թուականներուն, Պոլսոյ Հայ բժշկական Միութեան կազմութիւնն ալ կը պատկանի որքան Տքթ. Թորգոմեանի եւ Տքթ. Մատթէոսեանի նոյնքան ալ Տքթ. Դաւիթեանի նախաձեռնութեան:
Տող 43.
 
Տոքթէօրին սկսած գործը կը շարունակեն այնուհետեւ, նոյնպէս նուիրումով եւ նոյնքան խղճմտութեամբ այրի տիկին Արուսեանկ Դաւիթեան եւ իր զաւակ պ. Նուպար Դաւիթեան:
 
 
== Աղբիւրներ ==