«Ստեփան Դաւիթեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Դաւիթեան Ստեփան''', բժիշկ, ծնած է Կէրմիր 1830ին իսկ մահացած է 1888 (ըստ այլոց 1890): Նախնական...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

20:48, 29 Հոկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Դաւիթեան Ստեփան, բժիշկ, ծնած է Կէրմիր 1830ին իսկ մահացած է 1888 (ըստ այլոց 1890): Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի վարժարանին մէջ եւ ապա 10 տարեկանին իր երէց եղբայրը կը տանի զինքը Մարսէյլ, ուր մեծ եղբայրները առեւտրական կապեր ունէին: Հոն կը հետեւի բարձրագոյն ուսման եւ բժշկական համալսարանի ընթացքին որ կիսաւարտ ձգլով կը դառնայ Պոլիս ու հոն 1862ին քննութիւն անցընելով կը ստանայ բժշկական վկայական (Միւնատի թիւ 160): Յետոյ իբր զինուորական բժիշկ կը ղրկուի Ալպանիա, սակայն իր առողջական վիճակը, միանալով աչքերու անտանելի ցաւերու, կը ստիպէ զինքը հրաժարիլ պաշտօնէ եւ քաշուիլ իր ծննդավայրը, որուն վերածնութեան գործին կը բերէ իր նպաստը, 1865ին իր տանը մէջ ֆրանսերէնի դաս տալով նորահաս երիտասարդներու: Նոյնպէս կը զբաղի լեզուագիտական փիլիսոփայութեամբ, եւ ընդհանուր եւ միօրինակ լեզուի մը մասին կը պատրաստէ թէզ մը որ կը յղէ Կ. Պոլսոյ կայսերական բժշկական վարժարանի իր ուսուցչապետներուն: Բազմահմուտ անձնաւորութիւն մը, որ ո՛չ միայն նորահաս սերունդին դաստիարակութեան հոգածու եղած է այլ իր գիտական պաշարով օգտակար ըլլալ ուզած է մարդկութեան, համամարդկային շահագրգռութեան առարկայ նիւթերու շուրջը միջազգային լեզուով մը՝ ֆրանսերէնով գրելով գիտական գործեր: Իր առաջին երկն է Réponse à No. 2416 du “Manzuméi Elkiar”, ou sujet de la question de Science Positive ou de la théorie de l’Harmonie Absolue, (տպ. Արամեան, Կ. Պոլիս, 1874): Այս գործը հայերէնի թարգմանած է պ. Գրիգոր Յակոբ Կ. Պոլսոյ Ժամանակ օրաթերթին մէջ: Այս գրքոյկը պատասխան մըն էր Մանզումէի, որուն խմբագիրը մասնաւոր շահագրգռուծիւն մը ցոյց տուած էր իր գործին համար:

Տքթ. Դաւիթեան հետզհետէ կը խորանայ իր տեսութիւններու մէջ եւ երեսուն տարիներու ուսումնասիրութիւններէ յետոյ, վերջապէս իր գիւտին համաշխարտային արժէքին վրայ վստահելով՝ 1887ին կը մեկնի Բարիզ՝ հոն Ակադեմիային գնահատութեան ենթարկելու համար իր տեսութիւնները որոնք հինգ հատորներով ի լոյս ընծայել մտադրած էր: Իր ֆրանսագիտութեան եւ ճարպիկութեան համար Կեսարիոյ շրջանին ժողովուրդը Ֆրէնկ Ստեփան մակզիրով մկրտած էր զայն:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 613: