«Դէպի Այաշ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Դէպի Այաշ''' Հայ ազգն իր հայրենի դարաւոր երկրէն վտարելու եւ բնաջինջ ընելու Իթթիհատի եւ գե...»:
 
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Դէպի Այաշ(Հին ու Նոր Յուշեր)''' [[Հայ]] ազգն իր հայրենի դարաւոր երկրէն վտարելու եւ բնաջինջ ընելու Իթթիհատի եւ գերման դիւային խորհուդին առաջին երկունքը կրեց պօլսեբնակ Հայութեան մտաւորաական դասակարգը։ [[1915]] [[11 Ապրիլ |Ապրիլ 11]], [[12 Ապրիլ|12]] եւ [[13 Ապրիլ|13ի]] անմոռանալի օրերը տեղի ունեցած միահաղոյն ձերբակալութիւնք մահասարսուռ արհահաւիրք մը սփռեցին գրէթէ բոլոր Հայերու սիրտերուն մէջ։ Գերման ձախլիկ կայսեր ձախաւեր խորհուրդով նիւթուած այս Տարագրութեան ճիւաղային ծրագիրը գաղտնիք մը չեր սակայն ամէն անոնց համար որոնք ուշադիր կը հետեւէին օրուան իրադարձութիւններուն։ Մինչ Ճավիտ Փարիզի մէջ Օսմանեան փոխարութիւն մը կնքելու յաջողելով՝ կոչունքէ կոչունք կը հրաւիրուէր, մինչ եւրոպական մեծ տէրութիւնք [[Հայաստան|Հայաստանի]] բարենորոգմանց խնդրին իսկապէս լուծուած կը նկատէին հայաբնակ վեց նահանգներուն համար եւրոպացի երկու քննիչներ ընտրելով, անդին Քայզէրը եւ Իթթիհատական կառավարութեան վարիչ պետերը գաղատնաբար կը նիւթէին հրէշային դաւադրութիւն մը՝ ընդէմ բովանդակ Հայ ազգին որուն միակ յանձանքն ուրիշ բան չէր բայց եթէ երկրին բարեկարգութիվնն ու բարգաւաճումը պահանջել, անզուգականն Նուպար Փաշայի բերնով որ իր բովանդակ ոյժն ու կորովը ի սբաս դրած էր Հայ Ազգին այս արդար դատին իրականացման։
Առաջին անգամ ռուսական թերթերը եղան որ մատնանիշ ըրին այս դիւային ծրագրին իսկական գոյութիւը։ Ի մէջ այլոց Մօսկուա հրատարակուող ռուս Կօլօս Մօսքօյ թերթը մատնանիշ ըրած էր Տարագրութեան հրէշային ու թաքուն ծրագրի մը գոյութիւնը։ Գերմանիա Անատօլուի հայաբնակ նահանգները գերման գացթավայրի մը մտածելու խորախորհուրդ ծրագիրը յաջողցնելու համար պետք տեսած էր մէջտեղէն վերցնել այն տարրը որ որ իր անզուգական կորովով, աննկուն ոգիով եւ անյողդաղդ կամքով հզօր մրցակից մը պիտի հանդիսանար իր ոտնձգութիւններուն դէմ։ Այդ տարրը Հայն էր, անվեհեր Հայութիւնն էր։ Եւ արդարեւ Գերմաններն ի վաղուց հասկցած էին թէ ապագային Հայը միայն պիտի ծառանար իրենց դէմ։ Այս յամառ մըրցակիցը միանգամ ընդ միշտ մէջտեղէն բառնալու համար յաջողած էին հաբել եւ հմայել տիրող թուրք տարրին անմիտ կառավարութիւնը, եւ ընդանրապէս տարագրութեան գաղափարը թելադրած էին անոր։ Թուրք թերթերէն Իգտամ, իր 1914 Յունուար 17ի թիւով, միամտաբար կը փորձէր հեռքել ռուսական Կօլօս Մօսքօյ թերթին մատնանշած թագուն թերթին ծրագրին գոյութիւնը։ Աւա՜ղ որ այն ատեն մեր ազգային իշխանութիւնք Իգտամի միամտութեան չափ անփութութիւն ցոյց տուած էին, երբեք չանդրադառնալով թէ իրօք այդպիսի թաքուն ծրագիռ մը գոյութիւն ունէ՞ր թէ ոչ։
Իգտամի տողերը համառօտ կը ներկայացնենք։ Իրապէս ապացուցուած նկատելով թէ հայ տարագրութեան եւ բնաջնջման ծրագիրը Համեւրոպական Պատերազմէն առաջ իսկ նիւթուած էր Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, քանի որ ան իկապէս գործադրուեցաւ պատերազմի տեւողութեան միջոցին, նոյն ինք Գերմաններու առաջնորդութեամբ։ «Մօսկուայի Կօլօս Մօսքօյ թերթը մատնանիշ կ՝ընէ թուրք եւ գերման ծրագրի մը գոյութիւնը, որուն նպատակն է հայաբնակ նահանգներէն Հայերը հեռացնել եւ դէպի Միջագենք տարագրել։ Ռուս թերթը կը յարէ թէ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ տնտեսական շահերունհամապատասխան պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ բնակեցնել [[Իսլամ|Իսլամներ]], որոնք ի հարկին Կովկասի Իսլամներուն հետ միանալով պիտի կրնան լուրջ ընդդիմութիւն մը ընել սլաւական ոտնձգութիւններուն։», կ՝ըսէ Իգտամ աւելցնելով, «[[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան Կառավարութիւնը]] այդ տեսակ բան մը ընել պէտք չունի, վասն զի հայաբնակ վայրերու մէջ Իսլամներն են որ կը կազմեն մեծասնութիւնը։ Կառավարութիւնը եթէ կարծած ըլլար թէ Հայերը սլաւական հոսանգին պիտի ծարայեն, հիմակ Արաւելեան Անատօլուի մէջտեղ հաշտարար ու բարեկարգիչ քաղաքականութեան մը հետեվեւելու տեղ՝ անխաշտ ու հակառակ քաղաքականութեան մը կը հեետեիւեր, մինչդեռ Օսմանեան Կառավարութիւնը, Հայերը գոհացնելու համար, թոյլտուուեան վերջին աստիճանին հասած է։ Կառաւարութեան ընթացքը ժոցովուրդին մէջ հայրենակցական սէրը հաստատելու կը միտի եւ ոչ թէ իրար ձգելու։ Արդէն մենք չենք կարծեր որ Հայերը ւլաւական հոսանքին ծառայեն, վասն զի ի՞նչ օգուտ պիտի ունենան․ եթէ այդ հոսանքը սկսի, միթէ Հայութիւն կը մնա՞յ։» Իգտա, Գազազ Յարութիւն ամիրայի Թուրքիոյ մատուցած ծառայութիւնները յիշատակելէ վերջ՝՝ միամտապար կը հարցընէ ․— Միթէ կարելի՞ է հարիւր հազարաւոր Հայերը դէպի Միջագետք քշել։ Եթէ Հայերն իրենք իսկ հաւանին, գործադրութիւնն անկարելի է։ Ի՞նչ հարկ կայ, այն է միշտ դժուարութիւններ յառուցանել Օսմանեան Կառավարութեան դէմ։ Ինչ որ թուրք թերթն անկարելի կը կարծեր այսօր իրականութիւն է սակայն։ Հարիւր հազարաւոր անմեղ Հայերուն արիւնը խմող [[Էնվեր փաշա|Էնվէրներու]] եւ [[Թալէաթ Մեհմեթ Փաշա|Թալէաթներու]] նման
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Դէպի_Այաշ» էջէն