«Ղեւոնդ Դուրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Դուրեան Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս''', ծնած է Սկիւտար 1 Յունուար 1880ին, իսկ մահացած է 19...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

20:06, 5 Նոյեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Դուրեան Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս, ծնած է Սկիւտար 1 Յունուար 1880ին, իսկ մահացած է 1933 Նիւ Եորք, նախնական ուսումը կը ստանայ Պէրպէրեան վարժառանին մէջ, ուրկէ անցնելով Արմաշի Դպրեվանքը, յաջողապէս կ’աւարտէ իր ուսման ընթացքը ու 1901ին տասը ընկերներով վարդապետ կը ձեռնադրուի, տարի մը յետոյ կը կոչուի Օրմանեան պատրիարքի անձնական քարտուղարութեան եւ ապա կ’ընտրուի պատրիարքական փոխանորդ, պաշտօն զոր կը վարէ արժամապէս Օրմանեան, Իզմիրլեան, Դուրեան, Արշարունի պատրիարքներու եւ տեղապահ Մանկունի Ս.ի օրով: Քանիցս եղած է անդամ Կրօնական Ժողովոյ եւ վարած է նաեւ Գատըգիւղի քարոզչութեան պաշտօնը: 1912ին ընտրուած է Առաջնորդ Ադրինապոլսոյ, որու վրայ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս 1914-1919 վարած է Պուլկարիոյ առաջնորդութիւնը, իսկ 1920-1922 Իզմիրի առաջնորդութիւնը, ուսկից հազիւ կրցած է կեանքը ազատել, եւ ապա մինչեւ 1930 Մանչէսթրի հոգեւոր հովուութիւն ըրած է եւ ապա Ամերիկայի Առաջնորդ ընտրուած, այդ տարին աշնան գրաւած է առաջնորդական աթոռը Նիւ Եորքի մէջ, ուր մինչեւ 1933 պաշտօնավարելէ ետք 24 Դեկտեմբեր ին զզուելի ոճիրի մը զոհ երթալով դաշունահար կ’իյնայ Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ՝ արարողութեան պահուն: Իբրեւ ոճրագործներ՝ դատարանը մէկէ աւելի անհատներ բանտարկեց ցմահ: Դուրեան Սրբազանի աճիւնները 1938ին Ս. Խաչ եկեղեցին կը փոխադրուին:

Դուրեան Սրբազան մասնակցած է Միջազգային Եկեղեցական Համաժողովներու եւ արժանաւորապէս ներկայացուցած է Հայ Եկեղեցին:

Ունի կարեւոր երկասիրութիւններ որոնց գլխաւորներն են Պարզ Քարոզներ, Զորս Աւետարանները, Ձեռաց Պատարագամատոյց Մկրտութեան Խորհուրդը հայ անգլ. Դպրեվանքեան Քարոզներ: Իզմիրի մէջ խմբագրած է Դափնի թերթը (1921-1922) խմբագիր վարիչ եղած է, Պոլիս հրատարակուող Տաճար շաբաթաթերթին եւ ատեն մը Լոյս կրօնաթերթին: «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ ունի ուսումնասիրական յօդուածաշարք մը «Ս. Գրոց բնապատմական բառարան» խորագրով:

Ամերիկա անցնալէ ետք եւս աշխատակցած է Ռամկավար թերթերուն:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 633