«Հայկազն Եագուպեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եագուպեան Հայկազն''', ուսուցիչ, ծնած է 1865ին Կեսարիա իսկ մահացած է 1915ի տարագրութեան մէ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

21:40, 11 Նոյեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եագուպեան Հայկազն, ուսուցիչ, ծնած է 1865ին Կեսարիա իսկ մահացած է 1915ի տարագրութեան մէջ: Որդի վեր. Քերոբէ Եագուպեանի: Նախակրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ յետոյ 1879ին կը մտնէ Այնթապի Կեդր. Թուրքիոյ Գոլէճը, որուն շրջանը աւարտած է 1883ին եւ դառնալով Կեսարիա՝ նոյն տարին հիմը դրած է Հայ-Բողոքականներու Արգէոս Բարձր. Վարժարանին եւ տերուէ տարի մէկ դասարան աւելցնելով՝ 1887ին տուած է իր առաջին ընթացաւարտները: 1887ին հետեւած է Պէյրութի բժշկական համալսարանին, որուն ընթացքին 2 ու կէս տարի հետեւելէ յետոյ ստիպուած է կիսահատ թողուլ առողջական պատճառներով եւ դառնալ Կեսարիա, ուր տարի մը հանգիստ ընելէ վերջ՝ կազդուրուած 1891ին վերստին կը ստանձնէ Արգէոս Բարձր. Վարժարանին ուսուցչապետութիւնը: 1903-1906 Պրուսա կ’երթայ ուսուցչական պաշտօնով եւ 1901-1911ին դարձեալ Կեսարիոյ մէջ Արգէոս Բարձր.Վարժարանին ուսուցչապետ կ’ըլլայ: 1911ին կը ստանձնէ Աւետերականներու դպրոցին տնօրէնութիւնը որ մինչեւ 1915 կը շարունակէ, միեւնոյն գիտութեանց դասերը ստանձնելով Միացեալ Ուսումնարանի մէջ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 641: