«Եաղուպ Ամիրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եաղուպ Ամիրա''', հայկական անունով Յակոբ Յովհաննէսեան, ծնած է Ակնի մէջ 1672ին: Հօրը անո...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

17:43, 16 Նոյեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եաղուպ Ամիրա, հայկական անունով Յակոբ Յովհաննէսեան, ծնած է Ակնի մէջ 1672ին: Հօրը անունն էր Յովհաննէս: Իր ուշիմութեան ու հօրենական հարստութեան շնորհիւ կ’անցնի Պոլիս, ու քիչ ատենէն կը շինէ իր համբաւը, հայ ազգին մէջ ըլլալով մին ամէնէն ազդեցիկ ու յարգուած անձնաւորութիւններէն, եւ Ղազի սուլթան Ահմէտի հրովարտակով (1703) կը կարգուի Արքունի սեղանաւոր եւ վառօդապետ (պազիրկեան պաշի), որ այն ժամանակուան համար ըսել էր մեծ դրամատէր, ու կը համապատասխանէր ներկայ ժամանակներու վարկային հաստատութեանց եւ դրամատանց կատարած գործառնութեանց: Մտերիմ բարեկամը ըլլալով՝ Զմմարցի Յակոբ Նալեան Պոլսոյ պատրիարքին (1741-1749) եւ (1752-1764), յաճախ կը գործակցին անոր հետ ու կը վարէ ազգային զանազան պաշտօններ: Եաղուպ Ամիրայի գործունէութեան մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած ըլլալով մեզի, միայն այսքանը յայտնի է որ Նալեան պատրիարք, անոր գեղեցկատեսիլ դրսերեւոյթին ու կատարած բարեգործութեանց համար, զինք յորջորջած էր որպէս նոր Յովսէփ Գեղեցիկ մը եւ տաճարաշէն երկրորդ Զօրաբաբէլ մը:

Նալեան, երբ 1748ին Երուսաղէմի պատրիարք կ’ընտրուի՝ Գրիգոր Շղթայակիրի մահուամբ, չի կրնար տոկալ «օտարներու բռնութեանց» եւ «անսովոր պահանջներուն», ու գանգատագրեր կ’ուղարկէր Պոլսոյ ազդեցիկ անձնաւորութեանց, որպէսզի կրկին վերստանձնէ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը: 1751ին, Եաղուպ ամիրա տեղի տալով Նալեանի թախանձանքներուն, իր Սողովմէ կնոջ հետ ուխտաւորութեամբ կ’այցելէ Երուսաղէմ Ս. Յակոբ վանքը: Իր ընծայաբերութիւնները պղնձէ յիշատակարանի մի վրայ մի առ մի նշանակուած են:

Եաղուպ Ամիրա Ս. Յոկոբայ տաճարին Ս. Մակարի մատրան մէջ ունի հետեւեալ յիշատակարանը –

Եաղուպ աղա Փրկչին ծառայ, Շինեաց զտապանն Սբ. Մակարայ, Լուսաւորչին եւ մասն է սատ. Բարեխօսել նմին պատրաստ:

Յամի Տեառն 1751 եւ Հայոց թուին ՌԲՃ ի պատրիարքութեան Յակոբայ

Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին ոսկիէ կաթեղ մը յիշատակ տուած է, հետեւեալ յիշատակարանով-

«Յիշատակ է Ակնցի Յովհաննէսի, որդի գերօրհնեալ մհտ. Եաղուպ աղային Ս. Գերեզմանին Քրիստոսի մշտավառ կանթեղս»:

Եաղուպ ամիրա իր ուխտը կատարելէ եւ Ս. Յարութեան տաճարին վերնատունը նորոգելէ յետոյ, Նալեան պատրիարքի հետ կը վերադառնայ Պոլիս 1752ին, ուր շնորհիւ Եաղուպ ամիրայի ազդու դիմումներուն, Նալեան վերստին պատրիարք կ’ընտրուի Պոլիս:

Եաղուպ ամիրայի բացառիկ աչքառու դիրքին եւ մահուան պարագաները պատմած է Սեթեան Յովհաննէս եպս. Երուսաղէմի փոխանորդ Ներսէս եպ. Գէորգեանի եւ որ իր կարգին Յ. Մրմրեան հրատարակած է Մասնական պատմութեան Հայ մեծատուներու գրքին մէջ: Օգտուած ենք Զամչեանի պատմութեան Գ. հատորէն, Օրմանեանի Ազգապատումի Բ. հատորէն եւայլն. իսկ վերջին մասերը Մասիս Ա. Պետրոսեանի Եագուպեան գերդաստանի անտիպ տոհմացոյցէն, որ տարիներու տքնաջան աշխատութեան արդիւնք է:

Եաղուպ ամիրա նաեւ նորոգած էր հիմէն Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը:

Սուլթանին շատ սիրալի էին Մուստաֆա աղա եւ անոր մատակարար Պէշիր անուն ներքինապետ, որոնց ազդեցութիւնը այնքան մեծ էր որ մինչեւ անգամ կրնար Սուլթանին կամքին իշխել:

Պէշիր կին մը ունէր գերի բերած Վրաստանէն եւ ապա ամուսնացած Եաղուպ Ամիրայի հետ, այս կինը յաճախ իր ամուսինէն լսելով Մուստաֆայի գովեստ, կը թախանձէ իր ամուսնոյն որպէսզի օր մը տուն բերէ Մուստաֆա աղան եւ ինք հիւրանոցին վրայ նայող վանդակապատ պատուհանէ մը կը դիտէ զայն ուշի ուշով: Երկար ատեն դիտելէ ետք՝ վերնայարկը վազելով կը մարի կ’իյնայ եւ ոտքերը գետինը զարնելով կը պոռայ: Տնեցիները եւ Եաղուպ ամիրա վեր կը վազեն ու կը սթափեցնեն՝ կինը կը գոչէ թէ «այդ Մուսթաֆա աղան իմ եղբայրս է»: Եաղուպ կը զարմանայ եւ կը ջանայ հանդարտեցնել իր կինը բայց ան նորէն կը պնդէ պոռալով թէ «ան իմ եղբայրս է, անպատճառ ինծի իրեն քով տար»: Եաղուպ կը տանի Մուսթաֆայի քով որ կը մնար սէլամլըխի կողմը. Ինչպէս յայտնի է մեր նախնիք Թուրքերու նման ունէին հարէմլիխ եւ Սէլամլըխ, այսինքն արանց եւ կանանց բաժիններ եւ Թուրքերու պէս ալ եաշմախ ֆէրաճէ կը հանգնէին 16 եւ 17րդ դարերուն:

Կինը տեսնելով իր եղբայրը աւելի կը յուզուի եւ կը պոռայ -«դուն իմ եղբայրս ես»: Այս աղաղակներուն Մուսթաֆա կը յուզուի, կ’այլայլի եւ փաստ կ’ուզէ: Տիկին Եաղուպ այն ատեն կը նկարագրէ Վրաստանի իրենց բնակարանը, իրենց ծնողքը, անոնց անունները: Մուսթաֆա ուրիշ փաստ ուզելուն՝ Տիկինը այն ատեն կ’ըսէ թէ ծոծրակիդ նիշ մը ունիս սա ձեւ: Մուսթաֆա կը զարմանայ ճշտութեան եւ դառնալով Եաղուպ ամիրայի կը կոչէ -«փեսայ Եաղուպ»:

Եւ այդ օրէն սկսեալ աւելի սիրով կը կապուի անոր հետ եւ Եաղուպ հետզհետէ աւելի կը յառաջանայ:

Ամիրայական խնջոյքի օր մը, Եաղուպ ամիրա եւ հանդիսականներէն շատեր կ’աղաչեն իրենց ընկեր մէկ ամիրայէն, որ կարճահասակ եւ սապատող է եղեր, որպէսզի գինարբուքէն ետք պարէ եւ իրենք ալ զուարճանան: Սապատողը ի սկզբան կ’ընդիմանայ, ապա կը համակերպի ու կը պարէ, մանաւանդ Եաղուպ աղա շատ կը ծիծաղի: Կարճահասակ ամիրան այս սանը սիրտը կը դնէ ու վրէժ կը պահէ երբ Մուսթաֆայի մեծ ներքինին բարձրագոյն հրամանաւ մահուան կը դատապարտուի՝ Մուսթաֆա ալ քիչ օրէն անոր բախտին կը մատնուի, յիշեալ կարճահասակ ամիրան ալ յարմար առիթ համարելով, կը մատնէ Եաղուպն ալ իբր անոնց ընկերը, եւ մտերիմը, եւ գրաւելով անոր ամբողջ հարստութիւնը, կը բանտարկեն եւ քիչ յետոյ կը գլխատեն Պոլսոյ մէջ 9 Յուլիս 1752ին Սուլթան Մահմուտի հրամանով:

Եաղուպ ամիրայի մահէն յետոյ, իր զաւակը Գրիգոր (1763-1793) տեսնելով իր ընտանիքի վտանգուած եւ փափուկ դիրքը, կը քաշուի կրկին Ակնի մէջ, ուրկէ կ’անցնի Արաբկիր՝ 1760-ական թուականներուն, սեղանաւորութեամբ զբաղելու համար: Իր հօրը Եաղուպ ամիրայի պատճառով՝ Արաբկիրի մէջ կը ճանչցուի Եաղուպ օղլու անունով, որ ժամանակի ընթացքին կը փոխակերպուի Եագուպեանի:

Գրիգոր կ’ունենայ երեք մանչ զաւակ, Աբրահամ, Յակոբ եւ Մամաս, որոնցմէ բացի առաջինէն արու զաւակ չեն ունենար:

Աբրահամ կ’ունենայ միակ որդի մը Մինաս (1812-1894): Մինասի զաւակներն են որ իրենց կարգին ճիւղաւորուելով, այսօր կը կազմեն Գահիրէի Արաբկիրցի ծանօթ Եագուպեան մեծ գերդաստանը:

1850-ական թուականներուն Արաբկիրի մէջ սկսեր էր մուտ գործել Ամերիկեան Միսիօնարութիւնը: Մինաս Եագուպեան, տեսնելով այս դաւանաքին մէջ հզօր կառավարութեան մը պաշտպանութիւնը, եւ մանաւանդ իրեն ծանօթ ըլլալով իր մեծ պապուն՝ Եաղուպ ամիրայի ցաւատանջ վախճանը՝ թուրք Սուլթաններու քմահաճոյքին ծառայելով, կը յարի Բողոքանութեան, ու քիչ յետոյ, մասնաւորներու խնամքին յանձնելով Արաբկիրի իր սեփական քարաշէն մեծ բնակարանը, 1865ին ընտանեօք կը գաղթէ Գահիրէ, ուր իր չափահաս երկու զաւակաց՝ Փիլիպոսի եւ Գրիգորի եւ ապա Աբրահամի հետ կը զբաղի՝ իրենց ընտանիքի այլեւս ժառանգական դարձած արհեստով, սեղանաւորութեամբ:

Մինաս, ամիրայական գերդաստանի ամէն ձիրքերով օժտուած, այս նահապետական տան մէջ կատարեալ նահապետ մը կ’ըլլայ իր ընտանիքին: Իր անուան հմայքը եւ ազդեցութիւնը առածի կարգ կ’անցնի, քիչ ատենէն բախտն ալ իրեն ժպտելով, կոկիկ հարստութիւն մը կը դիզէ, իրեն սեփականացնելով Գահիրէի մօտակայ քանի մը ագարակներ եւ գիւղեր:

Եաղուպեան գերդաստանը հիմնադիրներէն կ’ըլլայ Գահիրէի Հայ Աւետարանական համայնքին: Հայ Բողոքականները զուրկ մնալով կրօնական մխիթարութենէ եւ դպրոցէ, իրենց տուները կը գործածէին իբր եկեղեցի, եւ իրենք իրարու քարոզիչ եղած են, մինչեւ որ տեղական լեզուին ծանօթանալով Ղպտի աւետարանականներու պաշտամունքներուն կը մասնակցէին:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 646: