«Եաղուպ Ամիրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եաղուպ Ամիրա''', հայկական անունով Յակոբ Յովհաննէսեան, ծնած է Ակնի մէջ 1672ին: Հօրը անո...»:
 
Չ →‎top: oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Եաղուպ Ամիրա''', հայկական անունով Յակոբ Յովհաննէսեան, ծնած է [[Ակն|Ակնի]]ի մէջ [[1672]]ին: Հօրը անունն էր Յովհաննէս: Իր ուշիմութեան ու հօրենական հարստութեան շնորհիւ կ’անցնի [[Պոլիս]], ու քիչ ատենէն կը շինէ իր համբաւը, հայ ազգին մէջ ըլլալով մին ամէնէն ազդեցիկ ու յարգուած անձնաւորութիւններէն, եւ Ղազի սուլթան Ահմէտի հրովարտակով ([[1703]]) կը կարգուի Արքունի սեղանաւոր եւ վառօդապետ (պազիրկեան պաշի), որ այն ժամանակուան համար ըսել էր մեծ դրամատէր, ու կը համապատասխանէր ներկայ ժամանակներու վարկային հաստատութեանց եւ դրամատանց կատարած գործառնութեանց: Մտերիմ բարեկամը ըլլալով՝ Զմմարցի Յակոբ Նալեան Պոլսոյ պատրիարքին ([[1741]]-[[1749]]) եւ ([[1752]]-[[1764]]), յաճախ կը գործակցին անոր հետ ու կը վարէ ազգային զանազան պաշտօններ: Եաղուպ Ամիրայի գործունէութեան մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած ըլլալով մեզի, միայն այսքանը յայտնի է որ Նալեան պատրիարք, անոր գեղեցկատեսիլ դրսերեւոյթին ու կատարած բարեգործութեանց համար, զինք յորջորջած էր որպէս նոր Յովսէփ Գեղեցիկ մը եւ տաճարաշէն երկրորդ Զօրաբաբէլ մը:
 
Նալեան, երբ [[1748]]ին [[Երուսաղէմ|Երուսաղէմի]]ի պատրիարք կ’ընտրուի՝ Գրիգոր Շղթայակիրի մահուամբ, չի կրնար տոկալ «օտարներու բռնութեանց» եւ «անսովոր պահանջներուն», ու գանգատագրեր կ’ուղարկէր Պոլսոյ ազդեցիկ անձնաւորութեանց, որպէսզի կրկին վերստանձնէ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը: [[1751]]ին, Եաղուպ ամիրա տեղի տալով Նալեանի թախանձանքներուն, իր Սողովմէ կնոջ հետ ուխտաւորութեամբ կ’այցելէ Երուսաղէմ Ս. Յակոբ վանքը: Իր ընծայաբերութիւնները պղնձէ յիշատակարանի մի վրայ մի առ մի նշանակուած են:
 
Եաղուպ Ամիրա Ս. Յոկոբայ տաճարին Ս. Մակարի մատրան մէջ ունի հետեւեալ յիշատակարանը –
Տող 17.
«Յիշատակ է Ակնցի Յովհաննէսի, որդի գերօրհնեալ մհտ. Եաղուպ աղային Ս. Գերեզմանին Քրիստոսի մշտավառ կանթեղս»:
 
Եաղուպ ամիրա իր ուխտը կատարելէ եւ Ս. Յարութեան տաճարին վերնատունը նորոգելէ յետոյ, Նալեան պատրիարքի հետ կը վերադառնայ Պոլիս [[1752]]ին, ուր շնորհիւ Եաղուպ ամիրայի ազդու դիմումներուն, Նալեան վերստին պատրիարք կ’ընտրուի Պոլիս:
 
Եաղուպ ամիրայի բացառիկ աչքառու դիրքին եւ մահուան պարագաները պատմած է Սեթեան Յովհաննէս եպս. Երուսաղէմի փոխանորդ Ներսէս եպ. Գէորգեանի եւ որ իր կարգին Յ. Մրմրեան հրատարակած է Մասնական պատմութեան Հայ մեծատուներու գրքին մէջ: Օգտուած ենք Զամչեանի պատմութեան Գ. հատորէն, Օրմանեանի Ազգապատումի Բ. հատորէն եւայլն. իսկ վերջին մասերը Մասիս Ա. Պետրոսեանի Եագուպեան գերդաստանի անտիպ տոհմացոյցէն, որ տարիներու տքնաջան աշխատութեան արդիւնք է:
Տող 37.
Գրիգոր կ’ունենայ երեք մանչ զաւակ, Աբրահամ, Յակոբ եւ Մամաս, որոնցմէ բացի առաջինէն արու զաւակ չեն ունենար:
 
Աբրահամ կ’ունենայ միակ որդի մը Մինաս ([[1812]]-[[1894]]): Մինասի զաւակներն են որ իրենց կարգին ճիւղաւորուելով, այսօր կը կազմեն [[Գահիրէ|Գահիրէի]]ի Արաբկիրցի ծանօթ Եագուպեան մեծ գերդաստանը:
 
[[1850]]-ական թուականներուն Արաբկիրի մէջ սկսեր էր մուտ գործել Ամերիկեան Միսիօնարութիւնը: Մինաս Եագուպեան, տեսնելով այս դաւանաքին մէջ հզօր կառավարութեան մը պաշտպանութիւնը, եւ մանաւանդ իրեն ծանօթ ըլլալով իր մեծ պապուն՝ Եաղուպ ամիրայի ցաւատանջ վախճանը՝ թուրք Սուլթաններու քմահաճոյքին ծառայելով, կը յարի Բողոքանութեան, ու քիչ յետոյ, մասնաւորներու խնամքին յանձնելով Արաբկիրի իր սեփական քարաշէն մեծ բնակարանը, [[1865]]ին ընտանեօք կը գաղթէ Գահիրէ, ուր իր չափահաս երկու զաւակաց՝ Փիլիպոսի եւ Գրիգորի եւ ապա Աբրահամի հետ կը զբաղի՝ իրենց ընտանիքի այլեւս ժառանգական դարձած արհեստով, սեղանաւորութեամբ: