«Եդուարդ Գօլանճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Գօլանճեան Եդուարդ''', բանաստեղծ, ծնած է 28 Հոկտեմբեր 1880ին Սկիւտար: Շրջանաւարտ Սկ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

18:49, 20 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Գօլանճեան Եդուարդ, բանաստեղծ, ծնած է 28 Հոկտեմբեր 1880ին Սկիւտար: Շրջանաւարտ Սկիւտարի Պէրպէրեան հանրտծանօթ գօլէճէն: Իր պատանեկութեան տարիքէն գնահատուած են իր գրական եւ բանաստեղծական բնածին հակումները Ռ. Յ. Պէրպէրեանէն, Եղիա Տէմիրճիպաշեանէն, Յ. Մրմրեանէն, Տիգրան Եէլքէնճեանէն, Տ. Չրաքեանէն, եւն եւն:

Աշխատակցած է Պոլսոյ գրեթէ բոլոր օրաթերթերուն եւ պարբերական հանդէսներուն: Սուրհանդակ, Արեւելք, Բիւզանդիոն, Բանզումէի Էֆքեար, Մասիս, Ծաղիկ, Հանրազիտակ եւայլն, Իզմիրի Հայ Գրականութիւն, Ամերիկայի Արագած եւայլն:

1900ին Պոլիս հրատարակուած է իր առաջին բանաստեղծութեանց հատորը, Արեւելքի Բոցեր, որ սպառած է: Աշխատակցած է նոյնպէս Պոլսոյ ֆրանսերէն Սթամպուլ եւ Լէվանթ Հէրալտ օրաթերթերուն՝ ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններով, որոնցմէ մանաւանդ Սառա Պէռնարտ աշխարհածանօթ դերասանուհիին ուղղած ձօնը: 1902ին իր Պոլիս այցելութեան առթիւ, մեծ աղմուկ հանած է, Պոլիս, Ա. Պիպէռճեանի գրական հաւաքածոյին, մանկավարժ եւ հէքեաթավիր Ղ. Աղայեանցի Արեւմտահայ Գրողների ընդարձակ հատորին, ինչպէս նաեւ այժմու Խ. Հայաստանի Թրքահայ Գրողների ընդարձակ հաւաքածոյին մէջ յիշուած են իր լաւագոյն բանաստեղծութիւններէն ոմանք: Աշխատակցած է նոյնպէս Հնչակեան զանազան Տարեգրքերու եւ կանոնաւորաբար ամէն տարի Թէոդիկի անմոռանալի Ամենուն Տարեցոյցներուն, ինչպէս նաեւ Արտաւազդ Արքեպ. Սիւրմէեանի Հալէպի Տաթեւ Տարեցոյցներուն: Արեւելք, Մասիս եւ Հայ Գրականութիւն թերթերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արամ Անտոնեանի Լոյս շաբաթաթերթին եւ Ոստան պարբերաթերթին մէջ երկար ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ ունի Մաքս Նորտաուին, Ֆրիտրիհ Նիչէին, Սբէնսըրի, Ժէռար տը Նէրվալի, Վէռհառնի, Թոլոթոյի, Թուրկէնիէֆի, Ֆէլիքս լը Տանթէքի, Մէչնիքօֆի, Պետրոս Դուրեանի եւայլն մասին: Ունի շատ մը անտիպ բանաստեղծութիւններ հայերէն եւ ֆրանսերէն, զորս մտադիր է մօտերս ընտրովի իր Ամբողջական երկրին մէջ զետեղել: Ունի նաեւ անտիպ թատերական բիէսներ: Իր խորքին մէջ Եգ. Գօլանճեան առհասարակ կը մնայ ընկերվարական, եւ առ այս իր «Ծառաները՝ տէր» խորագրով 1908ին Հ. Արամեանցի «Կոհակ» Տարեցոյցին մէջ իր բանաստեղծութիւնը բացորոշ ապացոյո է:

Եգ. Գօլանճեան ֆրանսերէնի թարգմանած է Ռուբէն Զարդարեանի Ցայգալոյսը:

1922 Սեպտեմբեր ամսէն ի վեր, կը մնայ Պուքրէշ, շարունակելով իր գրական եւ իմաստասիրական գործը, թէեւ դրեթէ քաշուած է հրապարակէն, հիմնովին հակառակ ըլլալով արդի ժամանակի բարքերուն: 1923-1924ին աշխատակցած է կանոնաւորաբար Սիրունիի Նաւասարդ գրական հանդէսին, Հ. Մ. Պոտուրեանի Դիցաւանին: Իր գրական կեղծ անուններն եղած են Վ. Մելքոնեան, Աոկլէպիոս, Ոլէանտր, եւայլն: Կը զբաղուի այժմ (1938) ֆրանսերէնի եւ անգլիերէնի մասնակի դասաւանդութեամբ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 568: