«Եէնիճէ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եէնիճէ''', գիւղաքղ. (Նահիյէ) զուտ հայաբնակ կը գտնուէր Թուրքիոյ կուսակալանիստ քաղաք՝ Պրուսայ...»:
 
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Եէնիճէ''', գիւղաքղ.զուտ հայաբնակ գիւղաքաղաք (Նահիյէ) զուտ հայաբնակ, կը գտնուէր Թուրքիոյ կուսակալանիստ քաղաք՝ Պրուսայէն դէպի հարաւ հինգ ժամ հառաւորութեամբ. [[Ողիմպոս]] լերան արեւելակողման ստորոսը եւ ենթակայ Իյնէկէօլ գաւառակին:
 
Եէնիճէն կը բաղկանար [[1550]] Հայ Լուսաւորչական եւ 40 Հայ [[Բողոքականութիւն|Բողոքական]] տուներէ, ընդամէնը 10.050 բնակչութեամբ: Ունէր Ս. Յակոբ անուն քարուկիր եկեղեցի մը, մեծցուած եւ վերանորոգուած [[1807]] թուին: Քահանայից թիւը կ’ըլլար 4-6: Հայ ԲողոքականԲողոքականները ուէին ժողովարան մը, որուն վարի յարկը վարժարան էր: Հին ՅաչմաւուրքիՅայսմաւուրքի մը լուռնցքինլուսանցքին վրայ արձանագրուածէն հասկցուած էր որ Եէնիճէի հայութիւնը [[Կարին (արեւմտահայերէն)|Կարնոյ]] կողմերէն գաղթած էր հոս, [[1460|1460-]]ական թուականներուն, ըլլալով նաեւ ամբողջութեամբ հայախօս՝ նկատուած էր որ լեզուի տեբակէտովտեսակէտով աւելի մօտ էր Կարնոյ՝ քան ուրիշ վայրերու հայ բարբառին:
 
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը բարձրանար ընդարձակ եւ երկյարկանի վարժարանը, որ կառուցուած ըլլալով Պրուսայի Տ. Բարթողիմէոս Զամչեանի առաջնորդութեան օրով [[1881|1881-]]ին կը յորջորջուէր անոր անուամբ «Բարթուղիմեան վարժարան», շրջափակէն դուրս՝ կար նաեւ մանկապարտէզի շէնքը՝ շինուած [[1895|1895-]]ին: Երկսեռ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը հասնէր ([[1915|1915-]]ին) 750. Իսկ ուսուցչաց թիւը 8-ի: Եկեղեցապատկան կալուածներու շարքին աչքառու էր Ազգային բաղնիքը, կառուցուած «արգեամք ժողովրդեան»: Եէնիճէի հայութիւնը հողատէր եւ կալուածատէր էր, կը զբաղէր երկրագործութեամբ եւ մեծ չափով չերամաբուժութեամբ: Եէնիճէն մեր օրերուն տուած է երկու աչքառու եկեղեցականներ Արտաւազդ Ծ. վրդ. Գալէնտէրեան, Ստեփան վրդ. Գալփագեան: Ասոնցմէ զատ Տոք. Ռուբէն Օհանեան, Լուտեր Պայտարեան եւ այլք:
 
Եէնիճէի մէջ մետաքսի մանարան գործարանի առաջին հիմնաիկուն եղած է Գառնիկ Պէնտէլեան,40 ճախարակներով (մանճըլըգ) [[1889|1889-]]ին, ատկէ մինչեւ [[1900]] թուականը՝ 40-80 ճախարակնոց խոշոր գործարաններ կանգնած են Ասատուր Սէթտէրեան, Յակոբ Օհանեան, որուն մէկ փեսան Արսէն Թօփճեան՝ այժմ գործարանատէր ի Խասքօվօ ([[Պուլկարիա]]), մհտ. Պետրոս Պուրնազեան եւ մհտ. Գէորգ Թէրզեան:
 
Եէնիճէի ամբողջ հայութիւնը, բացի 40 տուն բողոքականներէն՝ [[6 ՕգոգտոսՕգոստոս]] 1915ին տարագրուած է եւ զինադադրէն վերադարձող վերապրոզներու թիւն է ընդ ամէնը 1250 անձ, որոնց կէսը ներկայիս ([[1938]]) Պուլկարիա՝ իսկ մնացեալ կէսը ապաստանած են [[Յունաստան]] եւ [[Ֆրանսա]]:
 
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, [[Մկրտիչ Պոտուրեան|Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան]], 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 660:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Եէնիճէ» էջէն