«Եկեղեցական ժողովներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Եկեղեցական ժողովներ}} == Եկեղեցական ժողովներ == Հոգեւոր դասի ներկայացուցիչնե...»:
 
Տող 5.
Հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու հաւաքներ եկեղեցական, վարչական-կազմակերպչական, կանոնական, ծիսադաւանական, բարոյական, կարգապահական եւ այլ հարցեր քննելու համար։ Դաւանաստուածաբանական տեսակետէն եկեղեցական ժողովները Սուրբ Հոգու մասն են ', որ կ'ապրի եկեղեցիի մէջ։ Եպիսկոպոսներն ու վարդապետները կը հավաքուին Սուրբ Հոգու թելադրմամբ եւ այն հաւատով, որ որոշումները ընդունուած են Սուրբ Հոգու առաջնորդութեամբ. «...հաճելի թվաց Սուրբ Հոգուն եւ մեզ...» (Գործք 15.28), կ'ըսեն ժողովականները միմեանց՝ հետեւելով առաքեալներու օրինակին։
 
== Եկեղեցական ժողովներու 2 խմբերըխումբերը ==
Եկեղեցական ժողովները բաժանուած են երկու մեծ խմբի՝ կանոնադիր եւ ոչ կանոնադիր։ Կանոնադիր եկեղեցական ժողովներու ընդունած կանոնները ձեւաւորած են կանոնական կամ եկեղեցական իրաւունքը, որու հիման վրայ կազմուած են կանոնական ժողովածուներ: Կանոնները եղած են պարտադիր եւ յատկացուցած են ինչպես եկեղեցիին, այնպէս ալ պետութեան հեղինակութեամբ եւ անունէն։ Ոչ կանոնադիր եկեղեցական ժողովները կը քննարկեն ամէնատարբեր հարցեր՝ կազմական, ծիսական, ազգային, եկեղեցական, միջեկեղեցական փոխհարաբերութիւններուն վերաբերող, ընդունիլ որոշումներ, գրել թղթեր, նամակներ, պաշտոնոնական ուղերձներ, շրջաբերականներ։ Անոնք ունեցած են կարեւոր նշանակութիւն որեւէ եկեղեցիի դիրքորոշման այս կամ այն հարցի վերաբերեալ հստակեցնելու, ծիսադաւանաբանական եւ եկեղեցական խնդիրներու կողմնորոշուելու համար։ Շատ որոշումներ ալ ունեցած են զուտ բարոյական նշանակութիւն։ Հայ եկեղեցին իր դաւանաբանական եւ վարդապետական հիմնական սկզբունքները, ի տարբերութիւն Կաթոլիկ եկեղեցիէ, կանոնի աստիճանի չի բարձրացներ եւ չի պարտադրեր։